Thursday, October 31, 2013

ԿԱՍԻՈՍ ԼՐԱՏՈՒ Թիւ 17 Հոկտեմբեր 2013


ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
Էջ
 2   Խմբագրական –  
 3   Տեղական Լուրեր- 
 8   Հայկական Մշակութային Լուրեր - 
13   Մեսրոպ Մաշտոց –
13   Քեսապի Զաւակ՝ Շահէ Եպս. Փանոսեան,Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմի –     16   Ակնարկ՝հայ գրականութեան պատմութեան վրայ Զ. – 
18   Մուշեղ Իշխան – 
20   Քու Լեզուդ - 

Սուրբ Մեսրոպի Ժառանգը

Միթէ՞ առանց այդ ժառանգին կը ճանչնայինք Յիսուսն այնքան,
Որ փարելով լոյսին յաւերժ մենք ժխտէինք մոգ ու խաւար...:
Առանց անոր կը գոյանա՞ր մեծ մշակոյթ ոսկեդարեան,
Կամ կը դիմէ՞ր հայն անվարան դէպի Տէր-Զօր ու Աւարայր...:

Կ'ունենայի՞նք հայոց մտքի տիտանները յաւերժական,
Թէ՞ կը դառնար մեր կեանքն համակ անկերպարան լերկ անապատ.
Կ'երկնուէի՞ն բիւր մագաղաթ ու մատեաններ անզուգական,
Յաղթ խոյանքներ գոյատեւման ու անհնար Սարդարապատ...:

Առանց անոր մենք ազգովին ո՞ր երախին կուլ կ'երթայինք,
Սպանդանոց Տէր –Զօրներէն ինչո՞վ պիտի վերյառնէինք,
Ու անարիւն ջարդերուն դէմ դեռ ժայթքէինք ոգեկան բոց...:

Հայրենական մեր ժառանգին գերագոյն գանձն անտարակո՛յս,
Մեր այբուբենն է աննման ու զայն ձօնեց մեզ ամէնուս,
Հայ դարերու է՛ն մեծ սուրբը՝որ կը կոչուի Մեսրոպ Մաշտոց...:

Վրէժ Գլնճեան-Թուրեան

2

Կոչ՝
Մերօրեայ «Թարգմանիչներուն»

Հոկտեմբերը ՝ Հայ Մշակոյթի ամիս: Պէտք է տօնել , պէտք չէ մոռնալ մեր Թարգմանչաց սերունդը, պէտք է ոգեկոչել անոնց յիշատակը : Շատ բարի: Սեպենք թէ 100% ով կատարեցինք մեզմէ պահանջուածը ՝ հանդէսներ, տօնախմբութիւններ , աշակերտական ու հրապարակային ձեռնարկներ , քարոզներ ու բանախօսութիւններ : Յետո՞յ...
Անցեալը գովաբանելով միայն՝ ներկան ու ապագան չեն կերտուիր : Անցեալը օրինակ ծառայել տալով , մեր նախնեաց առաքելութիւնը մեր աշխատանքով շարունակելու վճռական որոշումով է որ կրնանք նոր «Թարգմանիչ» ներու ծնունդ տալ: Գիրերու նոր գիւտ ընող նոր Մաշտոցներու պահանջք չկայ այսօր , որովհետեւ այժմէական ներկայութիւն է Մեսրոպ Մաշտոց ամէն վայրկեան , իւրաքանչիւր գիտակից Հայու համար: Նոր Խորենացիներու , նոր Փարպեցիներու , նոր Եղիշէներու գոյութիւնը ապահովելը խիստ կարեւոր է. սակայն, խիստ անհրաժեշտ են նոր օրերու Սահակ Կաթողիկոսներն ու Վռամշապուհ Արքաները . այս հեռատես քաջերն են ամենէն շատ պէտք: Պարսից կողմ մնացած Հայաստանը ամենէն տկար տարածաշրջանն էր ոչ քրիստոնեայ Պարսից Արքայից Արքային համար , հետեւաբար եւ բնականաբար այնտեղ իշխող ու իրեն ենթակայ արքան ալ ամենէն տկարն էր բոլոր միւս հարկատու Արքաներուն մէջ: Միւս կողմէն , Բիւզանդական կայսրութեան տարածաշրջանին մէջ ապրող հայը ոչ մէկ վտանգ կը սպառնար կայսրութեան: Եւ այս երկու «խեղճութիւնները» կարողացան համոզել երկու կայսրերը որ արտօնեն Մեսրոպ Մաշտոցին պրպտելու եւ յօրինելու մեր գիրերը : Եւ այդ գիրերը միացուցին մեզ որպէս ազգ իսկ այդ միացումէն ծնաւ Կորիւն, ծնաւ ամբողջ սերունդ մը Հայկական Ոսկեդարը սարքող...
Այսօրուան համար նոր Վռամշապուհներն ու նոր Սահակ Հայրապետներ պէտք են քաղաքական , կրօնական , մշակոյթի ու կրթութեան մարզերէն ներս , հեռատեսութիւնն ու երկարժամկէտ ծրագիրները,զանոնք գործնականացնողներն են , որոնք կը պակսին հայ իրականութեան բեմերէն : Ողջունելի ձեռնարկ եւ յոյս ներշնչող դէպք էր 600 տարի ետք , անցնող Սեպտեմբերին Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Եպիսկոպոսական միացեալ Ժողովը, որուն մասնակից դարձան զոյգ Կաթողիկոսներն ու Եպիսկոպոսական դասը :Հեռատեսութեան ջրաղացին ջուր լեցնող մեծ քայլ է այս ժողովը:
Ազգային միասնականութենէն եւ միասնական ղեկավարութենէն միայն կրնայ ծնունդ առնել «Թարգմանչաց» նոր սերունդը , անյապաղ ամոքելու համար կոտտացող վէրքերը , տիրութիւն ընելու մեր բարքերուն եւ աւանդութեանց, պահպանելու եւ զարգացնելու լեզուն ու մշակոյթը:
ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Խմբագրական Կազմ
Պրն. Նշան Պասմաճեան- Խմբագրապետ ,Պրն.Րաֆֆի Ճուրեան- Փոխ Խմբագրապետ , Խմբագրութեան անդամներ՝` Տիկ.Նայիրի Կարճիկեան-Մելքոնեան , Տիկ. Յասմիկ Աւագեան-Սաղտըճեան , Օրդ. Վանիկ Գլնճեան , Օրդ. Սօսէ Պետիրեան:
Ձեր գրական ստեղծագործութիւններն ու ձեր նամակները ուղղուած Խմբագրութեան ՝ կրնաք յղել հետեւեալ հասցէին. gasioslradou@gmail.com

3

Տեղական Լուրեր

- Կազմակերպութեամբ Քէսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Դպրաց դասի վարչութեան,Կիրակի՝ 6 Հոկտեմբեր 2013 ին, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ «Հայ մօր տարուայ» առթիւ: Հիւր դասախօսն էր տիկին Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան: Տիկին Սեւան , իր խօսքը սկսաւ «Հայ Մօր Տարի» հռչակելու կարեւորութիւնը շեշտելով: Ան շեշտը դրաւ մեր հաւաքական ու ընկերային կեանքէն ներս հայ մօր ներկայութեան եւ դերին վրայ, ըսելով «մայրը հայ տան ճրագն է որ լուսաւոր պահած է հայ ազգի ֆիզիքական ու բարոյական ինքնուրոյն դիմագիծը: Հայ մայրը կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն ու պայմաններուն մէջ գիտցած է կառչած մնալ իր գաղափարներուն: Հայ մայրը իր օրինակելի վարքագիծով ու կեցուածքով անհուն զոհողութեամբ ու քրիստոնէական հաւատքով օրինակ դարձած է իր զաւակներուն»: Դասախօսը անդրադառնալով այսօրուան հայ մօր դաստիարակութեան մասին, մատնանշեց կարգ մը սովորութիններ ու վարքեր որ կը սողան հայ ընտանիքէն ներս ՝ հեռատեսիլի, Համացանցի, Ֆէյսպուքի ընդմէջէն ժխտական ազդեցութիւն թողնելով մեր զաւակներուն դաստիարակութեան վրայ: Դասախօսը իր խօսքին աւարտին շեշտեց հայ մօր հանդէպ մեր ունենալիք սիրոյ, գուրգուրանքին ու յարգանքին կարեւորութեան մասին:
Այս առթիւ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր մը իրագործուեցաւ ու հրամցուեցաւ ներկաներուն.Քոյր Սեւան Թրթռեան երգեց «Հիմա Ով Է» երգը կիթարի ընկերակցութեամբ Ռազմիկ Մելքոնեանի, ապա Քոյր Վանա Դանիէլեան արտասանեց Յովհաննէս Շիրազի «Յուշարձան Մայրիկիս»ը: Դպրաց դասի երգչախումբը ներկայացուց «Աստուածածին երկնային» շարականը եւ Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն» երգը ՝երաժշտութիւն՝ Յովհաննէս Պէրպէրեանի, խմբավարութեամբ Արժանապատիւ Տէր Միւռոն Քահանայ Աւետիսեանի:
Հանդէսը վերջ գտաւ Տէր Հօր «Պահպանիչ»ով:

-Կազմակերպութեամբ Ս.Օ.Խաչի «Մեղրի» մասնաճիւղի եւ Համազգայինի Համօ Օհանջանեան մասնաճիւղի զոյգ վարչութիւններուն ,Կիրակի 13 Հոկտեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00 –ին, տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն Քեսապի Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ «Սահակեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Քեսապի երեք համայնքներու հոգեւոր հայրերուն, թաղականութեան, միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ քեսապահայ հոծ բազմութեան:
Օրուան հանդիսավար՝ ընկհ.Ալին Պետուրեան ներկայացուց Թարգմանչաց տօնին խորհուրդը, որպէս ազգային ու եկեղեցական ամենէն կարեւոր տօներէն մէկը, տալով ամփոփ տեղեկութիւններ մեր թարգմանիչներուն եւ անոնց կատարած հսկայական գործերուն մասին:
Բացման խօսքը կատարեց ընկհ.Անի Աբէլեան,ուր ի միջի այլոց նշեց թէ Հոկտեմբեր ամիսը կը նկատուի Մշակոյթի Ամիս,որովհետեւ անոր մէջ է որ

4

հայ ժողովուրդը,գրեթէ ամէնուրեք,կը նշէ մեր սուրբ թարգմանիչներուն տօնը,յիշատակելու համար այն փառաւոր կտակը , զոր անոնք թողուցին հայ ազգին:Ընկերուհին անդրադարձաւ նաեւՄեսրոպ Մաշտոցի կատարած Գիրերու Գիւտին անհրաժեշտութեան եւ արժէքին ամբողջ քրիստոնէական մշակոյթ մը կերտելու,հայ ազգին ինքնութիւնն ու գոյութիւնը պահելու երկու հազարամեակի ընթացքին:



Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցեցան Քեսապի երեք վարժարաններէն խումբ մը աշակերտներ,որոնք իրենց երգերով եւ ասմունքներով արտայայտեցին իրենց սէրն ու բծախնդրութիւնը միշտ բարձր եւ մաքուր պահելու մեր ոսկեղնիկ լեզուն:Տեսաերիզի ցուցադրութեամբ 8-րդ կարգէն աշակերտներ պատմական ակնարկ կատարեցին Գիրերու Գիւտին եւ թարգմանական աշխատանքներուն:Անոնք եզրափակեցին ըսելով:«Հազար ու մէկ փոթորիկներ անցան հայ ժողովրդի վրայով,բայց ոչ մէկ արհաւիրք չկրցաւ հայ ժողովուրդի հոգիէն խլել իր սեփական մայրենի լեզուն եւ իր արիւնով գնուած քրիստոնէական հաւատքը,որ մեր պապերը կտակեցին մեզի:Անոնք կտակեցին չհեռանալ մեր Հայ եկեղեցիէն,որ ծննդավայրն է հայ լեզուին եւ հայ մշակոյթին:Այսօր մեզի կը մնայ կառչիլ մեր հոգեւոր արժէքներուն ,եւ աշխատիլ այնպէս,որ Թարգմանչաց ոգին եւ շնորհները մնան հայ ազգի իւրաքանչիւր անհատի հետ»:

5



Օրուան դասախօս՝ Տիկ.Ռիթա Կաղեան Տիքպիքեան անդրադարձաւ Գիրերու Գիւտին հիմնական շարժառիթին ,որ միակ միջոցն էր մեծ պետութիւններու ծրագրած ձուլման քաղաքականութեան դէմ դնելու եւ քրիստոնէական կրօնքի հիմնական սկզբունքները հասկնալի դարձնելու հայ ժողովուրդի զաւակներուն:Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց Ս.Մեսրոպ Մաշտոցի անձնական եւ գործնական կեանքը,հայերէն

6

տառերուն փնտռտուքի աշխատանքները Ս.Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսին եւ Վռամշապուհ Թագաւորին աջակցութեամբ հասնելով Աստուածաշունչի թարգմանութեան, որ կոչուեցաւ ԹԱԳՈՒՀԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆՑ: Ան նաեւ անդրադարձաւ այն յատուկ հանդիսութիւններուն, ուր մեծ շուքով տօնուեցաւ Գիրերու Գիւտին 1500 ամեակը եւ Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600 ամեակը:Ան եզրափակեց ըսելով.«Երանի Մեսրոպ Մաշտոցի եւ թարգմանիչներու ոգին մնայ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ,որպէսզի մենք որպէս ազգ գոյատեւենք,սիրենք եւ սիրցնենք մեր գեղեցիկ մայրենի լեզուն,որ անփոխարինելի է ինչպէս հայրենիքը եւ ծնողքը անփոխարինելի են:»
Արժանապատիւ Տէր Միւռոն Քհնյ.Աւետիսեան իր սրտի խօսքին մէջ գնահատեց զոյգ վարչութիւններու աշխատանքը այս եզակի տօնը բարձրորակ կերպով հրամցնելու հանրութեան: Ան շնորհաւորեց Տիկ.Ռիթա Կաղեան Տիքպիքեանի տարած աշխատանքները ըսելով:- «Նման աշխատունակ դէմքեր, ինչպէս նաեւ մայրեր կարեւոր են մեր կեանքին մէջ,որովհետեւ ընտանիքին յենարանը եւ ողնահարը հայ մայրն է,մանուկին առաջին ուսուցիչը,առաջին դաստիարակը հայ մայրն է».Քահանայ հայրը եզրափակեց ըսելով՝«Հայ լեզուն մեր աւանդը եւ սրբութիւնն է, հայերէն գիրերը մեր ազգային գոյութեան առաջին շարքի զինուորներն են,անոնց պահպանումն ու գոյատեւումը մեր գոյատեւումն է»:
Տէր հօր պահպանիչով եւ օրհնութեամբ վերջ գտաւ այս հանդիսութիւնը:



7

-Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2013-ին, Քեսապի Հ.Բ.Ը.Մ.ի կազդուրման կայանին մէջ տեղի ունեցաւ դաստիարակչական եւ ընկերային բնոյթ ունեցող դասախօսական շարքէն ՝«Մեր վարքագիծը» նիւթով դասախօսութիւնը:



Դասախօսն էր Տիկին Մարալ Մալաթչալեան- Չափարեան :Ան սկսաւ «Լաոթսո»յի խօսքով թէ՝« Ան որ մարդոց կը հասկնայ իմաստուն է.իսկ ան որ ինքզինք կը հասկնայ լայնամիտ է» : Ապա անմիջապէս իրական դէպքեր օրինակ բերելով բացատրեց թէ ամէն մարդ ծնած վայրկեանէն սկսեալ նախագծուած կ'ըլլայ ուրիշներու կողմէ եւ իր վարուելակերպը , ընթացքը, խօսելակերպը կը մնան անոնց պէս.առանց հարց տալու թէ այս նախագծուածքը օգտակար է կամ ոչ:Ետքը մանրամասն բացատրեց թէ ի՞նչ է վարքագիծը ,ուրկէ կու գայ եւ արդեօք կրնանք փոխել զայն թէ ոչ: Վերջաւորութեան, տիկին Չափարեան ի յայտ բերաւ թէ ամէն մարդ կարող է նոր վարք ունենալ՝ճանչնալով իր վարքի ժխտական կէտերը եւ փոխելով զանոնք դրականի.կարող է նաեւ ըլլալ այ՛ն անձը որ կ'ուզէր միշտ ըլլալ,միշտ միտքը ունենալով թէ «Կեանքը միայն մէկ առիթ չէ փորձելու, այլ ունինք մէկէ աւելի առիթներ փոխելու մեր վարքի ժխտական կողմերը»:

Դասախօսուհին փակեց իր խօսքը, պատգամելով ներկայ երիտասարդներուն՝«Ամէն մէկ վայրկեանդ ապրիր այնպէս որ կարծես կեանքիդ վերջինն է:Ապրիր հաւատքովդ,յոյսով , սիրով,պայքարով եւ միշտ արժեւորէ եւ իմաստաւորէ կեանքդ»:

8

Ինչպէս ամէն անգամ ,դասախօսական ձեռնարկը վերջ գտաւ կոկիկ հիւրասիրութեամբ մը, որուն ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան իրենց կարծիքները փոխանակելու օրուան նիւթին շուրջ:

-«Կասիոս»ի խմբագրութիւնը ստացած է հետեւեալ խրախուսիչ տողերը.

Բարեշնորհ Նշան սարկաւագ Պասմաճեան,
Շնորհակալութեամբ ստացայ ձեր ուղարկած Կասիոսի հին էջերը.
Պէտք է ըսել որ բաւական հետաքրքրական գրութիւններ են եւ մեր սրտերուն մէջ հին յիշատակներ արթնցնող նիւթեր կան.մեծապէս կը գնահատենք ձեր ազգօգուտ աշխատանքը.
Սիրոյ ջերմ ողջունիւ՝
Նորայր աւագ քահանայ Բաթանեան
Հովիւ Սիտնիի Ս.Յարութիւն Եկեղեցւոյ
Աւստրալիա 

Հայկական Մշակութային Լուրեր 

Եպիսկոպոսաց Ժողովը Եզրափակեց Իր Աշխատանքները
24-27 Սեպտեմբերին Մայր աթոռ Ս. Էջիմածինի մէջ գումարուած Եպիսկոպոսաց ժողովի դիւանը տարածած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը ժողովի աշխատանքներուն մասին .
«24 Սեպտեմբերի նիստերուն եպիսկոպոսաց դասը քննարկեց Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ մէջ սրբադասման աւանդութեան վերականգնման հարցը եւ այդ շրջագիծին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման խնդիրը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Զեկուցումներու քննարկման իբրեւ արդիւնք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման հոլովոյթին առնչութեամբ Եպիսկոպոսաց ժողովը որոշած է. ա) որդեգրել Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու հաւաքական սրբադասման սկզբունքը, բ) յանձնարարել Սրբադասման յանձնախումբին` շարունակել նահատակներու անհատական եւ խմբային սրբադասման ուսումնասիրութիւնը` Եպիսկոպոսաց յառաջիկայ ժողովներուն ներկայացնելու համար, գ)) յանձնարարել Սրբադասման յանձնախումբին մշակել սրբադասման կանոնակարգը եւ արարողակարգը` Եպիսկոպոսաց յառաջիկայ ժողովին ներկայացնելու համար:
25-26 Սեպտեմբերի նիստերուն Եպիսկոպոսաց ժողովի մասնակիցները քննութեան առին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ առաջին երկու խորհուրդներու` Ս. Մկրտութեան եւ Դրոշմի առնչութեամբ Ծիսական

9

յանձնախումբին կողմէ կատարուած աշխատանքները: Իսկ 27 Սեպտեմբերի նիստերը նուիրուած էին հայ եկեղեցւոյ այժմէական մարտահրաւէրներուն:
Եպիսկոպոսաց ժողովը որոշեց հաստատել հիմնադրամ մը` Հայաստանի ու Արցախի եւ սուրիահայութեան կարիքաւոր զաւակներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Հիմնադրամի գործունէութեան համար հաստատուեցաւ սկզբնական երկու միլիոն տոլարի նախնական դրամագլուխ, իսկ հիմնադրամի ընթացիկ աշխատանքներուն կազմակերպման համար ստեղծուեցաւ յատուկ յանձնախումբ:
Ժողովականները կարեւոր նկատեցին Եպիսկոպոսաց ժողովներու պարբերական գումարումը` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած զանազան մարտահրաւէրներուն ու հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն անդրադառնալու նպատակով:
Եպիսկոպոսաց յաջորդ ժողովը որոշուեցաւ գումարել 2014 թուականի աշնան:

Կառավարութիւնն Ու Բարեսիրական Կազմակերպութիւնները Պիտի Հոգան Սուրիահայ Ուսանողներու Կրթաթոշակը 
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ըստ Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան ՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը եւ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի հոգան սուրիահայ ուսանողներուն 2013-2014 տարեշրջանի ուսման թոշակները՝ իւրաքանչիւրը մինչեւ 1/3ի չափով:
Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմական իրադարձութիւններուն պատճառով Հայաստան եկած սուրիահայերուն աջակցութեան ծրագիրներու ծիրին մէջ Սփիւռքի նախարարութիւնը, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, ՀԲԸՄը եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը միացեալ յայտարարութիւն մը տարածած են այս մասին՝ նշելով, «Հայաստանի բարձրագոյն եւ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններում սովորող սիրիահայ ուսանողների 2013-2014 ուսումնական տարուայ վարձավճարների փոխհատուցման ծրագրի մեկնարկը»:
Ծրագիրի գործադրութեան նպատակով կազմուած է միացեալ յանձնախումբ՝ սփիւռքի նախարարութեան, ՀԲԸՄի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ու «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն»ի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: Յանձնախումբը արդէն սկսած է սուրիահայ ուսանողներուն

10

դիմումնագրերու ուսումնասիրման աշխատանքներուն: Յանձնախումբը պիտի գործէ ՀԲԸՄի Հայաստանի կեդրոնին մէջ:

«Կոմիտաս Վարդապետ» Համահայկական Փառատօնը Վերջ Գտաւ 3 հոկտեմբերին Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Կոմիտաս Վարդապետ» համահայկական փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան, Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, պետական-հասարակական գործիչներ, Կոմիտասի արուեստի երկրպագուներ:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ «Կոմիտաս Վարդապետ» փառատօնին կայացումը նպաստեց հայկական սփիւռքի մշակութային եւ հոգեւոր համախմբման Կոմիտասի արուեստին շուրջ: Յակոբեան նշեց, որ այս օրերուն նոյնիսկ ճափոնցիի, գերմանացիի եւ թուրքի շուրթերէն հնչեցին Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:
26 Սեպտեմբերէն սկսած «Կոմիտաս Վարդապետ» փառատօնի մասնակից երգչախումբերն ու անհատ կատարողները, որոնք Երեւանի, Գիւմրիի, Վանաձորի եւ Էջմիածինի մէջ ելոյթներ ունեցած են բազմաթիւ բեմերու վրայ, փակման հանդիսաւոր ձեռնարկին ժամանակ հանդէս եկան կոմիտասեան կատարումներով:
Աշխարհի 9 երկիրներէ եւ Արցախէն ժամանած մասնակիցները հիացուցին հանդիսատեսը կոմիտասեան ինքնատիպ կատարումներով: Տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ Ասուքա Եոշիզաք` Ճափոնէն, որ հազարամեայ պատմութիւն ունեցող ճափոնական քոթօ նուագարանով կը նուագէր Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները: Աւստրիոյ ներկայացուցիչ Եուհէի Ծուչիտա կատարեց «Հով արէք սարեր ջան» երգը: Կատարումներով հանդէս եկան նաեւ Աննա Մայիլեան, Շահէ Քէշիշեան Սուրիայէն, Գէորգ Հաճեան Լիբանանէն, «Արարատ» երգչախումբը Իրանէն, «Օվսաննա» եւ «Նորահրաշ» երգչախումբերը Ռուսիայէն: Ձեռնարկին ելոյթ ունեցան նաեւ Հայաստանի պետական ազգային ակադեմական երգչախումբը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան հովանիին ներքեւ գործող Համահայկական պատանեկան սիմֆոնիք նուագախումբը:
Ձեռնարկին ժամանակ ներկայացուեցաւ Հայկ Սայատեանի` Կոմիտասին նուիրուած այլաբանական ժապաւէնը:
Հայ երգարուեստի խումբ մը նուիրեալներ իրենց վաստակին, ինչպէս նաեւ «Կոմիտաս Վարդապետ» համահայկական փառատօնի կայացման

11

նպաստելու համար Սփիւռքի նախարարութեան ոսկիէ մետալով պարգեւատրուեցան: Անոնց շարքին էր Հայաստանի պետական ազգային ակադեմական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեան: «Կոմիտաս» մետալով պարգեւատրուեցան Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեան, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Սարգիս Նաճարեան, «Կոմիտաս Վարդապետ» համահայկական փառատօնի ղեկավար Սամուէլ Հարոյեան, Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի դասախօս Կարինէ Բրուտեան: Սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիրներով պարգեւատրուեցան երաժշտանոցի նախագահ Շահէն Շահինեան, համահայկական պատանեկան սիմֆոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Եսայեանց:
Փառատօնի մասնակից երգչախումբերուն եւ անհատ կատարողներուն տրուեցան մասնակցութեան հաւաստագիրներ եւ յուշանուէրներ:

Էդուարդ Միլիտոնեան` Հայաստանի Գրողներու Միութեան Նախագահ
20 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան արտակարգ համագումարը, որուն միակ օրակարգն էր միութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը` նախկին նախագահ Լեւոն Անանեանի մահուան պատկառով թափուր մնացած պաշտօնը լրացնելու համար:
Համագումարի մասնակիցներու քուէներու մեծամասնութեամբ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ ընտրուեցաւ Էդուարդ Միլիտոնեան:
«Երկիր»-ին համաձայն, համագումարին ընթացքին տեղի ունեցան սուր քննարկումներ: Էդուարդ Միլիտոնեան ստացաւ 199 քուէ, Յովիկ Յովէեան` 100, Դաւիթ Սարգսեան` 24, իսկ Ռոմիկ Խաչատրեան` 4: Անվաւեր նկատուեցան 7 քուէներ:

Հայաստան – Սփիւռք Հրատարակչական Աննախընթաց Գործակցութեամբ. Հանդիսաւոր Բացում` Հայրենի Եւ Համազգայինի Հրատարակչատուներու Գիրքերու Ցուցահանդէսին
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի ու ներկայութեամբ միութենական, կրթական ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու եւ գրասէր ու մշակութասէր ազգայիններու, երեքշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ գիրքերու աննախընթաց ցուցահանդէսի, որուն ընթացքին զեղչ-վաճառք յայտարարուած է Համազգայինի հրատարակութիւններու:

12

Հայրենի եւ Համազգայինի հրատարակչատուներու գիրքերու այս ցուցահանդէս-վաճառքի ձեռնարկին բացումը կատարեց Մարալ Ղարիպեան-Գալեմքէրեան, որ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` թուելով ցուցահանդէսի մասնակից հրատարակչատուներու եւ անոնց տնօրէններու անունները: Դեսպան Աշոտ Քոչարեանի կողքին, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկի, Ազգային երաժշտութեան գրադարանի, «Էտիթ Բրինթ», «Զանգակ» «Արթ Պրիտճ» հրատարակչատուներու եւ անհատ հրատարակիչներու մասնակցութեամբ իրագործուած այս ցուցահանդէսը աննախընթաց է Հայաստան – սփիւռք յարաբերութեան մէջ, ուր մշակութային գործօնը շատ մեծ դեր ունի:

Ապա հերթաբար խօսք առին հիւր հրատարակչատուներու ներկայացուցիչները ,որոնք իրենց խօսքերուն մէջ յոյս յայտնեցին որ այս ցուցահանդէսը առիթ ըլլայ նորանոր գործակցութիւններու , Հայաստանի եւ Համազգայինի հրատարկչատուներու միջեւ:
Համազգայինի «Վ. Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան իր կարգին ողջունեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնելով այս ձեռնարկի իրագործման նպաստած բոլոր կողմերուն, յատկապէս` դեսպան Ա. Քոչարեանին եւ հայկական պատուիրակութեան նախագահ՝Մկրտիչ Կարապետեանին: Հաւաթեան յոյս յայտնեց, որ առիթ կ՛ընծայուի հայրենի պատուիրակութեան հետ ընդարձակելու գործակցութեան դաշտը: «Մենք կոչուած ենք հոսանքն ի վեր թիավարելու», ընդգծեց Հաւաթեան` կոչ ուղղելով այս առիթը վերածելու պատգամի, ուր հայ գիրքը ըլլայ ջահակիրը:

Ձեռնարկին իր խօսքը ուղղեց նաեւ դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի իրագործման նպաստողներուն, յատկապէս` Համազգայինին: Ան յիշեց, թէ ինչպիսի զրկանքներով ու դժուարութեամբ կարելի եղած է սփիւռքի զանազան օճախներու մէջ գիրք հրատարակել:

Ան անդրադարձաւ Պէյրութի եւ Երեւանի դերակատարութեան` հայ գիրքին հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը խորացնելու իմաստով:
Նշենք, որ այս ցուցահանդէս-զեղչ վաճառքը կը շարունակուի «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ մինչեւ 2 նոյեմբեր 2013, առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

13

Մեսրոպ Մաշտոց

Հայոց պատմութեան մէջ ,Մեսրոպ Մաշտոց շատ մեծ անձնաւորութիւն մըն է,որովհետեւ ինքը գտաւ մեր հայերէն գիրերը 406 թուականին:Եթէ ան չըլլար ,մենք ասորերէն եւ յունարէն պիտի գրէինք ու կամաց –կամաց ձուլուէինք այդ ժողովուրդներուն հետ :



Գիրերու գիւտէն ետք ,առաջին թարգմանութիւնը եղաւ Աստուածաշունչէն՝«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ».ապա թարգմանուեցաւ ամբողջ Աստուածաշունչը,որ իր գեղեցկութեան համար կոչուեցաւ «Թագուհի Թարգմանութեանց»:
Մենք երախտապարտ ենք Ս. Մեսրոպի եւ իր ընկերներուն ու անոնց շնորհակալութիւն յայտնելու լաւագոյն ձեւը կ'ըլլայ մեր հայերէնը լաւ սորվելով ու անսխալ գործածելով:
Ժոզէֆ Քէշիշեան –Զ.կարգ


Քեսապի Զաւակ՝ Շահէ Եպս. Փանոսեան,
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմի

Գեղամ Արք. Խաչերեանի հրաժարականէն ետք, Լիբանանի թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Պէյրութի ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ` միակ օրակարգ ունենալով թեմի նոր առաջնորդի ընտրութիւնը:
Լիբանանի թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Տիգրան Ճինպաշեան ներկաներուն ընթերցեց առաջնորդի ընտրութեան օրէնքները, նաեւ Ազգային երեսփոխանական ժողովին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին միջեւ փոխանակուած նամակները, ինչպէս նաեւ

14

Կաթողիկոսին կողմէ փոխանցուած ընտրելի միաբաններու հնգանուն ցանկը եւ անոնց կենսագրական տուեալները (Կոմիտաս արք. Օհանեան, Շահէ եպս. Փանոսեան, Փառէն Ծ. վրդ. Վարդանեան, Մասիս Ծ. վրդ. Զոպուեան, Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեան): Տիգրան Ճինպաշեան կարդաց նաեւ Լիբանանի թեմի առաջնորդական տեղապահ Յարութիւն Ա. քհնյ. Կոստանեանի նամակը, ուր նշուած է Լիբանանի թեմի Ազգային իշխանութեան խառն ժողովին կողմէ հնգանուն ցանկէն ընտրուած եռանուն նախընտրական ցանկը` Կոմիտաս արք. Օհանեան, Շահէ եպս. Փանոսեան, Մասիս Ծ. վրդ. Զոպուեան
:



15

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն. ընտրողներու 34 ձայներէն Շահէ եպս. Փանոսեան ստացաւ 29 ձայն, Մասիս Ծ. վրդ. Զոպուեան 1 ձայն. կային 3 հատ ճերմակ քուէներ եւ 1 անվաւեր քուէաթերթիկ:
Աւարտին Տիգրան Ճինպաշեան յայտարարեց, որ Շահէ եպս. Փանոսեան ստացած ըլլալով Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամներուն աւելի քան երկու երրորդին ձայները` կ՛ընտրուի Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ:
Արդիւնքին մասին տեղեակ պահուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որուն վաւերացումէն ետք նորընտիր առաջնորդը պիտի ստանձնէ իր պաշտօնը: Շահէ Եպս. Փանոսեանի Կենսագրական Գիծեր
Ծնած է 1958-ին Քեսապ (Սուրիա): Նախնական ուսումը ստացած է Քեսապի Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանին մէջ:
1971-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, որուն Ժառանգաւորաց բաժինը աւարտելով` 1976-ին սարկաւագ ձեռնադրուած է:
1978-ին աւարտելով Դպրեվանքը, անդամ դարձած է անոր տեսչութեան կազմին` հսկիչի հանգամանքով, միաժամանակ հետեւելով բարձրագոյն ուսման, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանին մէջ:
1980-ին ձեռնադրուած է աբեղայ: Մինչեւ 1982, վանական պաշտօններու առընթեր, դպրեվանքին մէջ շարունակած է դասաւանդել հայագիտական նիւթեր:
1982-1986 ծառայած է Յունաստանի թեմին մէջ` Թեսաղոնիկէի համայնքին իբրեւ հոգեւոր հովիւ:
1987-1989 ծառայած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին մէջ, որպէս Ֆլորիտայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ:
1990-1994 եղած է հոգեւոր հովիւ Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ:
1993-ին ստացած է Ծայրագոյն վարդապետութեան կարգը:
1995-2002 հովուական պաշտօնով մեկնած է Քանատայի թեմ, ուր որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած է Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
2002-ին վերադարձած է Մայրավանք եւ մէկ տարուան համար ստանձնած «Թռչնոց Բոյն»-ի տեսչութեան պաշտօնը:
2004-2006 դարձեալ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին մէջ ծառայած է հովուական պաշտօնով` հոգեւոր հովիւ նշանակուելով Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ:
2006-2011 ստանձնած է Անթիլիասի դպրեվանքի տեսչութեան պաշտօնը:
2008-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է:
2011-էն ի վեր Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու Կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի կողմէ:
www.aztagdaily.com

16

«Կասիոս» լրատուի թիւերու մէջ լոյս տեսած հայ գրականութեան շրջաններուն վրայ ակնարկը , ընդհատուած էր թիւ11ին եւ 16ին մէջ.այս թիւով կը շարունանենք Նոր Շրջանի երկրորդ մասով , իսկ յաջորդիւ պիտի ներկայացնենք հայ գրականութեան արդի շրջանը:                                                                                                                        (խմբ.)

ԱԿՆԱՐԿ՝ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ Զ. ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ(Բ.)

ԺԸ դարուն սկիզբները Մխիթարեաններու ստեղծած ուսումնական եւ գրական շարժումին հետ գրեթէ համընթաց՝ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ալ ծայր տուաւ կրթական ու մատենագրական գործունէութիւն մը,որուն առաջին քաջալերողներն ու մղիչներն եղան (1715-1764) իրարու յաջորդող Յովհաննէս Կոլոտ եւ Յակոբ Նալեան ուսումնասէր եւ գրասէր պատրիարքները:Ասոնց օրով Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հաստատուած են տպարաններ եւ տպագրուած բազմաթիւ գիրքեր:Կոլոտ պատրիարք հաստատեց Սկիւտարի մէջ Կոստանդնուպոլսոյ առաջին հայ դպրատունը եւ Նալեան պատրիարք Գում-Գափուի մայր դպրատունը,որոնք մեծ արդիւնք տուին՝ հասցնելով ուսումնականներու ամբողջ սերունդ մը:

Մատենագրական այս շրջանին Կոստանդնուպոլսոյ հայոց մէջ յիշատակելի են Պաղտասար Դպիր,Գէորգ Դպիր Պալաթեցի,Գրիգոր Պատուելի Փէշտիմալճեան,Յովհան Միրզա Վանանդեցի,Աւետիս Պատուելի Պէրպէրեան,Յովհաննէս Պատուելի Չամուրճեան,Տերոյենց եւ Սրապիոն Հէքիմեան:

Մատենագրական այս շրջանին մէջ,Վենետիկէն ու Կոստանդնուպոլիսէն դուրս ալ,մասնաւորապէս Կովկաս, ծաղկած են քանի մը նշանակելի գրագէտներ,որոնց մէջ յիշատակելի են Սերովբէ Պատկանեան,Յարութիւն վարդապետ Ալամտարեան եւ Մեսրոպ Թաղիադեանց:

Այս շրջանին մէջ կը սկսին երեւան գալ առաջին հայերէն լրագիրները,թէեւ ի սկզբան անկատար փորձեր են, բայց հետզհետէ կը կատարելագործուին:Հայ լրագրութեան առաջին կեդրոններ եղած են Հնդկաստան (Կալկաթա-Մատրաս,ուր կար ծաղկեալ հայ գաղթականութիւն մը),Վենետիկ,Զմիւռնիա եւ Կոստանդնուպոլիս:

Առաջին հայ լրագիրներն եղած են
«Ազդարար»՝հրատարակուած Մատրաս 1794-ին,որուն խմբագրողն էր Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեան,
«Դիտակ Բիւզանդեան»՝ երկշաբաթաթերթ,հրատարակուածՎենետիկ 1812-ին, խմբագրութեամբ Մխիթարեան հայրերու,
«Լրոյ Գիր»՝շաբաթաթերթ,հրատարակուած Կոստանդնուպոլիս 1830-ին,
«Շտեմարան Պիտանի Գիտելեաց»՝ ամսաթերթ,հրատարակուած Իզմիր 1839-ին,խմբագրութեամբ բողոքական միսիոնարներու,որուն շարունակութիւնն է
«Աւետաբերը»-ը՝ երկշաբաթաթերթ,հրատարակուած Իզմիր 1840-ին , խմբագրութեամբ Ղուկաս Պալթազարեանի, որ հայոց լաւ խմբագրուած առաջին թերթն է եւ ունեցած է 45 տարուան կեանք,
«Բազմավէպ»՝ ամսաթերթ,հրատարակուած Վենետիկ 1843-ին,խմբագրութեամբ Մխիթարեան հայրերու,
«Ազգասէր»՝շաբաթաթերթ,հրատարակուած Կալկաթա 1845-ին,խմբագրութեամբ Մեսրոպ Թաղիադեանցի,
«Կովկաս»՝շաբաթաթերթ,հրատարակուած Տփղիս 1846-ին,խմբագրութեամբ Յակոբ Կարինեանի եւ Միքայէլ Պատկանեանի, որ Ռուսաստանի հայոց առաջին լրագիրն է,

17

 «Հայաստան»՝ շաբաթաթերթ, հրատարակուած Կոստանդնուպոլիս,1846-ին,խմբագրութեամբ Յովհաննէս Տերոյենցի, որ Կոստանդնուպոլսոյ առաջին կանոնաւոր հայ թերթն է,
«Եւրոպա»՝շաբաթաթերթ,հրատարակուած Վիեննա 1847-ին,խմբագրութեամբ Մխիթարեան հայրերու եւ այլն:Բացի Հնդկաստանի հայ լրագիրներէն եւ Ռուսաստանի հայոց «Կովկաս»-էն,որոնք գրաբար կը հրատարակուէին,միւս բոլոր թերթերուն լեզուն եղած է աշխարհաբար:

Լրագրութեան ծաղկելուն հետ, նոր աշխարհաբարն ալ կը սկսի ծաղկիլ եւ Կոստանդնուպոլսոյ բարբառին վրայ կը սկսի ձեւակերպուիլ արեւմտահայ աշխարհաբարը,իսկ Ռուսաստանի հայոց մէջ, Երեւանի բարբառին վրայ արեւելահայ աշխարհաբարը:Գրաբարը,որ Մխիթարեաններու շնորհիւ նոր կենդանութիւն,փայլ եւ հրապոյր ստացած էր,կը կորսնցնէ հետզհետէ իր հմայքը եւ եւրոպական կրթութեան,նոր գաղափարներու ու նոր պահանջներու տիրական ազդեցութեան տակ,կը բացուի հայ լեզուի ու գրականութեան արդի կամ ժամանակակից շրջանը,որուն նախակարապետները կ՛ըլլան Նահապետ Ռուսինեան,իր ընկերներով Թուրքիոյ հայոց մէջ եւ Խաչատուր Աբովեան ու իր հետեւորդները՝ Ռուսաստանի հայոց մէջ:
Յակոբ Գազանճեան Համադրեց՝ Վանիկ Գլնճեան

18

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ (1913-1990)




Մուշեղ Իշխանի գրականութեան մէջ մարդկային հոգիի ամէնէն հարազատ եւ բիւրեղ ապրումները, տառապած, բայց տառապանքէն չնուաճուած հոգիի մը հայանուագ երգով առաւել եւս կը մարդկայնացնեն եւ կը հայացնեն հոգիները անոնց, որոնք կը հանդիպին այդ նուագին եւ կը ներդաշնակուին անով։ 
(ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ)

Մուշեղ Իշխան (Ճէնտէրէճեան) ծնած է 1913-ին, Սիվրի Հիսար, Անգարայի նահանգին մէջ։ Թուրք դահիճին եաթաղանը խլած է կեանքը նաեւ նորածին մանուկին ծնողքին, անոր վիճակելով Ցեղասպանութենէն վերապրողներու կեանքի դաժան պայմանները։

Մանկութեան առաջին 4-5 տարիները անցուցած է աքսորի սարսափներուն մէջ, նոր աչք բացող երեխայի անգիտակցութեամբ։ Դամասկոսի մէջ ան յաճախած է կաթողիկէ, աւետարանական եւ առաքելական վարժարաններ։ 1928-ին վկայական ստացած է Հայոց Ազգային վարժարանէն։ Այնուհետեւ, արհեստ սորվելու ձախող փորձերէ ետք, Մ. Իշխան յաջողած է ինքզինք «նետել» Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը, ուր մնացած է դպրոցական երկու տարեշրջան` աշակերտելով Յակոբ Օշականի։ Մելգոնեանի ընթացքը առանց աւարտելու, 1930-ին, երբ ան արձակուրդի կու գայ Պէյրութ, կը դառնայ գիշերօթիկ սան՝ Շանթի եւ Աղբալեանի նոր բացած Հայ Ճեմարանին։ Հինգ տարուան ուսանողական շրջանէ մը ետք, ան կը դառնայ ուսուցիչ՝ նոյն հաստատութեան մէջ։

Բարձրագոյն ուսման երազը 1938-ին զինք կը տանի Պելճիքա, ուր ան երկու տարի կը հետեւի Պրիւքսէլի համալսարանի մանկավարժական եւ գրականութեան ճիւղերուն։ 1940-ին, փախուստ տալով Համաշխարհային Բ. պատերազմի արհաւիրքներէն, Իշխան կը վերադառնայ Պէյրութ եւ իր կեանքը բոլորանուէր կերպով կը մատուցէ հայ նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան աշխատանքին՝ իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարելով Ն. Փալանճեան ճեմարանին մէջ, որուն փոխ տնօրէնի պաշտօնը կը վարէ հիմնադիրներուն մահէն ետք։ Մուշեղ Իշխան եղաւ հայ ուսուցիչի եւ հայ մանկավարժ-դաստիարակի այն ոգեղինացած տիպարը, որմէ իրենց ազգային տոհմիկ դաստիարակութիւնը ստացան հայ սերունդներ: Ուսուցիչ մը, որ ներշնչման աղբիւր հանդիսացաւ ազգային եւ մարդկային ձգտումներու, որոնց նրբացման, յղկման եւ զարգացման նուիրուեցաւ ան կէս դար շարունակ: Եղաւ սպասարկուն տոհմային արժէքներու պահպանման եւ փոխանցողը՝ մարդկային գիտութեանց: Սովորական իմաստով հայ ուսուցիչ մը չէր ան, այլ դաստիարակ մը, որ յիսուն

19

տարիներու ընթացքին հասնող սերունդներու հոգիներուն մէջ ցանեց առողջ մտածումի, ազնիւ զգացումի եւ գեղեցիկ հոգիի սերմեր: Բազմավաստակ դաստիարակ, գրագէտ, գրականագէտ, մանկավարժ–դասախօս եւ հայ մշակոյթի սպասարկու Մ. Իշխան գրել սկսած է 16-17 տարեկանին։ Առաջին բանաստեղծութիւնը տպուած է «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ:

1932-էն անդին, ուսուցչական պաշտօնին կողքին, հաւատարիմ իր գրողի կոչումին, ան քանի մը տարին անգամ մը հրատարակած է բանաստեղծութեան եւ արձակ գործերու նուիրուած հատորներ, հետեւեալ յաջորդականութեամբ. «Տուներու երգը» (1936), «Կրակը» (1938), «Հայաստան» (1946), «Կեանք ու երազ» (1949), «Երեք մեծ հայեր» (1952), «Հացի եւ լոյսի համար» (1956), «Ողջո՜յն քեզ, կեանք» (1958), «Ոսկի աշուն» (1963), «Տառապանք» (1968), «Մեռնիլը որքան դժուար է» (1971), «Արդի հայ գրականութիւն» Ա. Բ. եւ Գ. հատորներ (յաջորդաբար՝ 1973, 1974 եւ 1974), «Մնաս բարով մանկութիւն» (1974), «Սպասում» (1977), «Սառնարանէն ելած մարդը» (1979), «Թատերախաղեր» (1980), «Իմ ուսուցիչներս» (1984) եւ «Արեւամար» (1986):

Միաժամանակ, ան ունեցած է հրապարակագրական վաստակաշատ գործունէութիւն: 1941-1951 եղած է խմբագիր «Ազդակ» օրաթերթին եւ Շաբաթօրեակին։ Ժամանակ մը մաս կազմած է «Բագին»ի խմբագրութեան: 1988ին Մ. Իշխանի ծննդեան 75 ամեակին առիթով, Ամերիկահայոց Միջազգային քոլեճը մեծարանքի հանդիսութեամբ մը, հայ մշակոյթի բազմամեայ նուիրեալին շնորհած է Պատուոյ դոկտորայի տիտղոս: 1988էն ասդին հեղինակին խոր գոհունակութիւն առթող իրողութեամբ մը, Մ. Իշխանի գործերը տեղ գտան նաեւ հայրենի մամուլին մէջ, իսկ թատերական գործերէն քանի մը հատը բեմադրուեցան հայրենի բեմերուն վրայ։
Մ. Իշխան առ յաւէտ իր աչքերը կը փակէ 12 Յունիս 1990-ին, արեւմտեան Պէյրութի իր բնակարանին մէջ, սիրտի տագնապի մը իբրեւ հետեւանք:
Այսօր, իր ծննդեան հարիւրամեակին առիթով, տարիներու մշուշին մէջէն կը շողայ դէմքը ուսուցիչ, մանկավարժ, դաստիարակ եւ հանրային գործիչ Մուշեղ Իշխանի, որ ամբողջ կէս դար խնկարկեց հայ գրականութեան, բերելով իր արժէքաւոր նպաստը հայ բանաստեղծութեան, խնկարկեց հայ մանկավարժութեան, բերելով իր կարեւոր ներդրումը հայ սերունդներու ազգային ու մարդկային դաստիարակութեան գործին:
Համադրեց՝ Յասմիկ Աւագեան

20

ՔՈՒ ԼԵԶՈՒԴ 
Ե՞րբ բխեցաւ աղբիւրն առատ իր ակէն.- 
Խօսքիդ առուն կը թաւալի օրն ի բուն, 
Լեզուիդ անկապ վանկերը բառ են արդէն, 
Բառերը պերճ՝ յաղթանակի ղօղանջիւն: 

Քու շուրթներով՝ մերթ անսայթաք, մերթ թոթով, 
Կը բարբառի մեծախորհուրդ հայ ոգին.- 
Ո՛չ մէկ նուագ եւ ո՛չ մէկ տաղ հոգեթով 
Ունի արուեստն արեւաշող քու խօսքին: 

Քեզմէ առաջ հնչա՞ծ է մէկն այսքա'ն ջինջ, 
Այսքա'ն քնքուշ՝ մեսրոպաշունչ հայ լեզուն… 
Մեր գանձերուն, մեր դարերուն խռովիչ 
Դուն նորաստեղծ քնարահարն ես բեղուն: 

Երբ հայերէն կը ճռուողես դուն անփոյթ, 
Ես կը փակեմ իմաստութեան ամէն գիրք, 
Կ'ուզէ Հանին ուտել անո՜ւշ այդ լեզուդ 
Ու կը յորդի՜ լոյսերով տունըս փոքրիկ: 

Ո՞վ է վարպետն ու ո՞վ աշկերտը խոնարհ 
Պապենական մեր մեծասքանչ բարբառին. 
Բառերն ամէն զոր դուն ինձմէ սորվեցար՝ 
Քու շուրթներէդ ես կարծես նո՛ր կ'ուսանիմ: 

Խօսէ՛, տղա՛ս, խօսէ՜ անվերջ մեր լեզուն, 
Այսպէս հպարտ եւ երկիւղով սրբազան, 
Եթէ յանկարծ զիս չգտնես օր մը դուն 
Եւ մինչեւ իսկ շուրջդ ո՛չ ոք խօսի զայն... 
Մուշեղ Իշխան

No comments:

Post a Comment