Wednesday, July 31, 2013

ԿԱՍԻՈՍ ԼՐԱՏՈՒ Թիւ 14 Յուլիս 2013

1
                             ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
 
Էջ
 2       Խմբագրական -
 3       Տեղական Լուրեր-
 9       Հայկական Մշակութային Լուրեր -

16      Կենսագրական՝ Արտաւազդ Արք. Թրթռեանի -
17        Անթիլիասի Դժուար Օրերու Վերջին Մոհիկանը-
20      Ակնարկ Հայ գրականութեան Պատմութեան վրայ (Ե) -

21      Թեքնոլոճի -
                                    
                                        ՏԽՐՈՒՆԻ
                  Վախճանած Է Արտաւազդ Արք. Թրթռեան

- Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Կիլիկեան ուխտի երիցագոյն միաբանին՝ Արտաւազդ արք. Թրթռեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, Յուլիս 18ին։ Ան կերտած էր աւելի քան 60 տարիներու հարուստ վաստակ՝ իբրեւ մտաւորական, բանասէր եւ մանաւանդ Դպրեվանքի բազմամեայ տեսուչ ու բազմավաստակ դաստիարակ, պատրաստելով միաբաններու եւ ազգային կեանքի ծառայողներու ստուար թիւ մը։
Վերջին օծման ու թաղման կարգը կատարուեցաւ Շաբաթ, Յուլիս 20ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի, նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին։ Ապա, սրբազան հօր մարմինը ամփոփուեցաւ Կիլիկեան ուխտի միաբանական դամբարանին մէջ, Մայրավանքի
շրջափակէն ներս։


2
Խմբագրական

Աշխարհի բոլոր ժողովուրդները կը բաղկանան զանազան խաւերէ, պարզ բանուորներէն մինչեւ մասնագէտներ ու մտաւորականներ .իւրաքանչիւրն ունի իր դիրքն ու իր արժէքը եւ ունի դեր մը խաղալիք ի սպաս իր ընտանիքին , շրջանակին եւ իր ժողովուրդին:
Քեսապն ալ գաղութ մըն է , որ կ'ապրի դարերէ ի վեր , շնորհիւ իր զաւակներուն իւրաքանչիւրին խաղացած դերին ու ներդրած լումային ՝ ի խնդիր գիւղին գոյատեւման:
Աշխարհի երեսին իւրաքանչիւր ժողովուրդ հպարտ կը զգայ իր ազգութեամբ եւ իր կերտած հայրենիքով,տարած յաղթանակներով եւ իր զաւակներուն արձանագրած յաջողութիւններով :
Արդեօ՞ք մենք ունի՞նք պատճառ եւ իրաւունք հպարտանալու : Պատասխանն այո՛ է , որովհետեւ հակառակ կեանքի յաճախ դժնդակ պայմաններուն կարողացած ենք մինչեւ օրս պահել Քեսապը իր Հայկական դիմագիծով եւ հասցուցած զայն զբօսաշրջիկութեան եզակի վայրի մը , դժուար մշակուող հողերը դարձուցած պտղաբեր պարտէզներու:
Քեսապի ծոցէն ծնած են բազմաթիւ մտաւորականներ ու գրագէտներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ , որոնցմէ մէկն էր հոգելոյս Արտաւազդ Արք. Թրթռեանը , որ երկու շաբաթ առաջ բաժնուեցաւ մեզմէ իր ետին թողած մեծ վաստակ ՝ հոգեւոր , վարչական , ուսուցչական եւ գրական :«Կասիոս»լրատուի խմբագրակազմը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ անոր ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն քեսապահայութեան: Արատաւազդ սրբազան անոնցմէ էր ,որուն նմանները յաճախ չէ որ կը ծնին գիւղի մը մէջ . անոնցմէ էր ,որոնց մասին խօսելով հպարտութիւն կը զգայ իւրաքանչիւր Քեսապցի : Սրբազան Հայրը Քեսապի այն զաւակներէն էր, որ իր հետքը թողուց իր գիւղին , իր ծառայած միաբանութեան եւ հայ ժողովուրդին վրայ ընդհանրապէս:
Բնական է որ մեր առաւելութեանց կողքին ունինք նաեւ թերութիւններ , սրբագրելի սխալներ : Սրբազան Հօր պատգամը եղած էր ինքնասրբագրումը, որպէս անհատ եւ որպէս հաւաքականութիւն , քարոզած էր միաբանութիւն եւ միասնականութիւն : Սրբազանին աճիւնները հանգիստ կ'ընեն երբ միասնականութիւնը սովորութիւն դառնայ մեր բոլորին համար : Այդպէս է որ Քեսապը կրնայ աւելի ծաղկիլ ու բարգաւաճիլ , այդպիսով է որ մեր յաջորդ սերունդները իրենք զիրենք հպարտ կրնան զգալ իրենց նախնիներով:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
                                                                                                                     Խմբագրութիւն
Խմբագրական Կազմ
Պրն. Նշան Պասմաճեան- Խմբագրապետ ,Պրն.Րաֆֆի Ճուրեան- Փոխ Խմբագրապետ , Խմբագրութեան անդամներ՝ Տիկ.Նայիրի Կարճիկեան-Մելքոնեան , Տիկ. Յասմիկ Աւագեան-Սաղտըճեան , Օրդ. Վանիկ Գլնճեան , Օրդ. Սօսէ Պետիրեան :

Ձեր գրական ստեղծագործութիւններն ու ձեր նամակները ուղղուած Խմբագրութեան ՝ կրնաք յղել հետեւեալ հասցէին. gasioslradou@gmail.com

3
Տեղական լուրեր - Քէօրքիւնէի Հայ Աւտ. եկեղեցւոյ մէջ միացեալ պաշտամունք մը տեղի ունեցաւ, Կիրակի, 23- Յունիս- 2013 -ին:
Պաշտամունքէն ետք ,Պատ. Սեւակ Թրաշեան բացումը կատարեց Քէօրքիւնէի վերանորոգուած երիցատան:Ան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթաբարոյապէս օժանդակած էին երիցատան նորոգման, ի մասնաւորի Դոկ. Վահէ Աբէլեանին:Վերանորոգուած երիցատան պատերէն մէկուն վրայ զետեղուած էր վաստակաւոր ուսուցչուհի Տիկ. Զուարթ Աբէլեանի նկարը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Ա.ի հետ,երբ կը ստանար Ս.Սահակ-Ս.Մեսրոպ շքանշանը , ինչպէս նաեւ Հայրապետական Կոնդակը՝ առ ի գնահատանք անոր բազում եւ բազմաբարիք ծառայութիւններուն , յատկապէս Հայ նոր սերունդի Հայեցի դաստիարակութեան:

4


 




5

-Ուրբաթ, 5-Յուլիս- 2013- ին տեղի ունեցաւ նախընթրիք մը կազմակերպութեամբ Քէօրքիւնէի Հայ Աւտ. Տիկնանց վարչութեան Քէորքիւնէի վերանորոգուած երիցատան մէջ: Նախընթրիքը սկսաւ պաշտամունքով՝ առաջնորդութեամբ Տիկ- Սիլվա Աբէլեանի: Հոգեւոր խորհրդածութիւնը ներկայացուց Տիկ. Անի Աբէլեան, «Խաղաղութիւն » նիւթին շուրջ: Տիկ. Մարալ Աբէլեան ներկայացուց ցուցակ մը «31 օրուայ աղօթքներ մեր զաւակներուն համար»: Պաշտամունքին յաջորդեց համեղ նախընթրիքը , որու ընթացքին փոխանցուեցան օգտակար գիտելիքներ եւ տեղի ունեցան հաճելի խաղեր:
-Կիրակի 7 Յուլիս 2013-ին ,Քեսապի հայ կաթողիկէ հաւատացեալները տօնեցին Տէր Յիսուսի Այլակերպութեան տօնը (Վարդավառը), երկար տարիներու աւանդոյթ դարձած պատարագով մը , Գարատուրանի՝ Գալենտէրեան –Մանճիկեան թաղի «Կղիցիկին» մէջ: Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցանեց եւ քարոզեց օրուան խորհուրդին շուրջ ,Գամիշլիէն ժամանած հայր Մատթէոս վրդ. Մաթոսեան,որ ժամանակաւոր կերպով Քեսապ կը գտնուէր , մինչեւ ժամանումը Քեսապի նորանշանակ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետին:
Բազմաթիւ ներկաները մասնակցեցան հոգեպարար պատարագին, որուն աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ ,մանաւանդ Գարատուրան գիւղի ննջեցեալներուն հոգիներուն համար,ապա ներկաները ճաշակեցին այս առթիւ պատրաստուած աւանդական եւ համեղ «Կղիցիկ ապուրը»:
-Հովանաւորութեամբ Քեսապի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, աջակցութեամբ Արժանապատիւ Տէր Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեանին , կազմակերպութեամբ Քեսապի Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի Տեսչութեան եւ Ուսուցչական կազմին տեղի ունեցաւ եռօրեայ «Քէրմէս» 7-8-9 Յուլիս 2013 -ին կէսօրէ ետք ժամը 4:00 – 7:00 ը եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս:

6


Քէրմէսին խաղերը յատկացուած էին 1 –էն մինչեւ 12 տարեկան փոքրիկներու: Խաղերու աւարտին մասնակցողները իրենց հաւաքած աստղերուն (կէտերուն) համեմատ կ'ընտրէին իրենց նախասիրած նուէրները,որոնք շատ գեղեցիկ ձեւով տեղադրուած էին սեղաններու վրայ: Ծնողներուն համար յատկացուած էր ընդունելութեան բաժին, իսկ փոքրիկներուն՝ յատուկ խաղավայր:Տեղի ունեցաւ նաեւ ուտեստեղէնի եւ գիրքերու վաճառք,որ մեծապէս գնահատուեցաւ ծնողներուն կողմէ:Եռօրեայ այս «Քէրմէս»ը, մեր երիտասարդներուն ջանքերով, կարողացաւ մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծել եւ զուարճացնել մեր թանկագին փոքրիկները:

7






-Երկուշաբթի 8 Յուլիսին Այլակերպութեան տօնին առիթով Էսքիւրանի Ս.Աստուածածնայ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Եւ Անմահ Պատարագէն ետք, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն բոլոր ննջեցեալներու հոգիներուն:
Ըստ Վարդավառի աւանդութեան՝ երիտասարդներն ու փոքրիկները իրար վրայ ջուր սրսկելով ուրախ մթնոլորտ ստեղծեցին եւ շնորհաւորանքներ փոխանցեցին մաղթելով խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն:

8

-Չորեքշաբթի 10 Յուլիսին Ս.Օ.Խաչի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը Վարդավառի առիթով կազմակերպեց Նախընթրիք «ժագ» ճաշարանին մէջ՝ ուր ընկերուհիները գեղարուեստական յայտագիրով,երգերով եւ խաղերով փորձեցին երկու ժամուայ տեւողութեամբ ժպիտ եւ ցնծութիւն ընդգծել ներկաներուն դէմքերուն վրայ, պահ մը մոռնալով մեզ շրջապատող ծանր կացութիւնը եւ յուսալով որ խաղաղութեան արեւը անպայման պիտի ծագի մեր շատ սիրելի երկրին պայծառ երկինքին վրայ:

-Շաբաթ 27 Յուլիս 2013 – ին երեկոյեան ժամը 8:00 – ին Քեսապի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Լիզպոնի հինգ նահատակներուն հոգիներուն,որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր՝ կազմակերպութեամբ Ս.Ե.Մ –Ի «Շանթ» եւ Պատանեկան միութեան «Քրիստափոր» մասնաճիւղերու վարչութեանց:
Տեսաերիզի ցուցադրութեամբ եւ կենդանի պատկերով հինգ երիտասարդներ ներկայացուցին Լիզպոնի հերոսներուն վճռական ու անվախ որոշումը իրենց կեանքը զոհելու ի սէր հայրենիքին եւ հայութեան:Լիզպոնի 5ը իրենց նահատակութեամբ տուին օրինակ ՝ ազգասիրութեան,անձնազոհութեան, պայքարի եւ յաղթանակի վեհ զգացումի, որ կը դրոշմուի իրերայաջորդ սերունդներու մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ:Մեր պատանիներն ու երիտասարդները արտասանութիւններով, մեներգներով, խմբերգներով,բարձրորակ եւ քաղցրահնչիւն նուագներով ոգեւորեցին ներկաները եւ ուխտեցին անգամ մը եւս,որ իրենք պիտի չմոռնան մեր անվերադարձ հեռացած ընկերները,որոնք պիտի մնան մեր նոր սերունդներուն համար անմար լոյսը, դէպի յաղթանակ տանող իրենց ճանապարհը լուսաւորող կանթեղը:
Արժանապատիւ Տէր Միւռոն Քհնյ.Աւետիսեան իր սրտի խօսքին մէջ բարձր գնահատեց զոյգ վարչութիւններուն տարած լուրջ աշխատանքը :Ան ըսաւ՝ «Այս դժուար եւ տագնապալի օրերուն , հայօրէն ապրելու եւ հայօրէն պայքարելու համար այսպիսի ձեռնարկներու կարօտ ունինք,որպէսզի անգամ մը եւս ուխտենք մնալ հայ , հայաշնորհ կերպով ապրիլ եւ հայու պատիւը միշտ բարձր պահել:Մեր մարտիրոսները անվերադարձ գացին ի սէր գրաւուած մեր հողերուն,ի սէր մեր Արարատին:Անոնք մեզի կը պատգամեն, որ յեղափոխականի վրիժառու բազուկով եւ անխորտակելի

9

կամքով շարունակենք իրենց սուրբ գործը,շարունակենք մեր պայքարի երթը,որպէսզի հայութիւնը պատմութեան էջերուն մէջ չկորսնցնէ իր արժէքը եւ վերադարձնէ իր կորսնցուցած ե՛ւ հողերը ե՛ւ իր բոլոր իրաւունքները»Արժ.Տէր հայրը հրաւիրեց ներկաները միասնաբար երգելու «Վէրքերով Լի» ն եւ ապա պահպանիչով փակեց ձեռնարկը:

Ուրախութեամբ կը յայտարարենք 9-րդ կարգի Պետական Քննութեանց յաջողած աշակերտներու անուանացանկը:
Ազգ.Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան
Նայիրի Արսլանեան,Վազգէն Ապտուլեան,Շուշի Ղազարեան,Ժոզէֆ Պէօճիւքեան, Յուշիկ Փափուճեան, Միրէյ Աշըգեան, Ժանօ Քորթմոսեան,Լուսին Քիւրքճեան, Ռուբինա Սահակեան,Շիրազ Ճղլեան,Նանոր Անտրեան,Մովսէս Պէտրճիքեան, Մարիա Աշըգեան :
Խմբագրութիւնս կը շնորհաւորէ բոլոր յաջող աշակերտները ,անոնց ծնողները,դպրոցի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցիչները եւ կը մաղթէ անոնց նորանոր յաջողութիւններ:
21րդ կարգի քննութիւններուն յաջող աշակերտներու ցանկը կու տանք յաջորդ թիւով , սպասելով երկրորդ հանգրուանի քննութեանց մասնակցող աշակերտներու արդիւնքներուն:


Հայկական Մշակութային Լուրեր
Լոյս տեսաւ «Դարի կողոպուտը. հայերի ունեզրկումը Օսմանեան կայսրութիւնում 1914-1923» գիրքը Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը, Հայաստան համահայկական հիմնադրամի օժանդակութաեամբ հրատարակած է Մատենադարանի արխիւային բաժնի աւագ գիտաշխատող Անահիտ Աստոյեանի "Դարի կողոպուտը. հայերի ունեզրկումը Օսմանեան կայսրութիւնում 1914-1923" գիրքը:
Գիրքին մէջ արխիւային վաւերագրերու, հայկական, թրքական եւ օտար այլ աղբիւրներու հիման վրայ ներկայացուած է Օսմանեան կայսրութեան,

10

երիտթրքական եւ քեմալական իշխանութիւններու կողմէ հայերու ունեզրկման առարկայական պատմութիւնը:
Ներկայացուած պատմական անժխտելի փաստերը կը հաստատեն, որ դարերով կուտակուած հայկական ունեցուածքի ծրագրաւորուած կողոպուտի եւ իւրացման միջոցով թրքական իշխանութիւնները լեցուցած են իրենց պետական գանձանակը, հոգացած են պատերազմական մեծագումար ծախսերը եւ վճարած արտաքին պարտքերու զգալի մասը։

Հայաստանի Մէջ 21 Յուշարձաններ Պիտի Վերականգնուին
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի 2013ի պետական պիւտճէին մէջ գումարներ յատկացուած են 21 յուշարձաններու վերականգնման, նորոգութեան եւ ամրակայման համար: Այդ ցանկին մէջ ներառուած են Աղջոց վանքը, Խոսրովի արգելոցը, Գոշավանքը, Տեղ գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցին, Զովունի բնակատեղին, Արուճի համալիրը, Գեղարդավանքը, Ս. Յովհաննէս եկեղեցին՝ Կամարիս գիւղին մէջ: Բացի ատկէ, Հայաստանի կառավարութիւնը իր 20 Յունիսի նիստին որոշած է 13 յուշարձաններու համար եւս յայտարարել ոչ թէ մրցոյթ, այլ ծրագիրի գործադրողը ընտրել բանակցային գործընթացով: Այս յուշարձաններէն Ոսկեվազ գիւղի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ, Հարթաւան գիւղի Աստուածընկալ վանքի, Իրինդ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Քոբեր կայարանի Քոբայրավանքի, Խաչիկ գիւղի Քարկոփի վանքի, Բջնի գիւղի Բջնոյ ամրոցի վերականգնողական աշխատանքները սկսած են 2005-2006ին, շարունակուած են հետագայ տարիներուն եւ արդէն մօտեցած են աւարտական հանգրուանին: 2009-2011ին սկսած են եւ կը շարունակուին Այգեշատ գիւղի Թարգմանչաց եկեղեցւոյ, Լոռի բերդ գիւղի «Լոռի բերդ» ամրոցի, Ալավերդի քաղաքի Սանահին վանքի, Գօշ գիւղի Մ. Գօշի դամբարանի, իսկ 2012ին սկսած եւ 2013ին աւարտական հանգրուանին թեւակոխած են Վաղատին գիւղի Որոտնավանքի վերականգնման աշխատանքները: 2012 թուականին վերականգնուող յուշարձաններու ցանկին մէջ իր պատմաճարտարապետական արժէքով իւրայատուկ է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած Սանահին վանական համալիրը: Անոր վերականգնողական աշխատանքներուն զուգընթաց, համաձայն նախագիծին, պէտք է մշակուին եւ գործադրուին նաեւ յուշարձաններու տանիքներու բուսածածկի, տեղումներու ջուրերու դէպի յուշարձան ներթափանցումը կանխարգիլող միջոցառումներ:

11

Նոր Գիրք Մը՝ Պատանի Հեղինակներով
 Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը ձեռնարկած է մայրերուն նուիրուած գիրքի մը հրատարակութեան, որ պիտի կայանայ 2014ի ձմրան։ Սոյն գիրքը պիտի պարունակէ բազմաթիւ գրութիւններ՝ պատանիներու հեղինակութեամբ։ Մասնաճիւղին նպատակն է նմանօրինակ գիրք մը հրատարակել ոչ միայն քաջալերելու համար պատանիներուն սէրը հայերէն լեզուին եւ գրականութեան հանդէպ, այլեւ նուիրելու համար զայն բոլոր հայ մայրերուն՝ Հայ Մօր Տարուան առթիւ։
Այս առնչութեամբ, մասնաճիւղը դիմեց Քալիֆորնիոյ հայկական դպրոցներուն։ «Որքան քաջալերելի եւ հպարտանք էր տեսնել նոյնիսկ 18ամեայ երիտասարդներու գրութիւնները։ Ընդհանրապէս, աւելի փոքր տարիքի հեղինակներ կը սպասէինք։ Առաջին ծրարը, զոր ստացանք, լեցուն էր աւարտական դասարանի աշակերտներու գրութիւններով», յայտնեց մասնաճիւղի ատենապետուհի Ալին Պզտիկեան-Շիրաճեան: Գիրքը պիտի պարունակէ նաեւ պատանիներու գծագրութիւններ՝ մայրերու նուիրուած:(Գնահատելի եւ նախանձելի ձեռնարկ:խմբ.) 

Հայերէնը՝Աշխարհի Ամենէն Արտասովոր Լեզուներու Տասնեակին Մէջ Է
 ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայերէնը ներառուած է աշխարհի ամենէն արտասովոր լեզուներու տասնեակին մէջ՝ 239 լեզուներու ուսումնասիրութեան իբրեւ արդիւնք: Այդ ցանկին առաջին դիրքը կը գրաւէ միշտեքեան լեզուն, զոր կը գործածէ 6000 մարդ՝ Մեքսիքայի Օահակա նահանգին մէջ, կը գրէ «Ֆորըն փոլիսի»ն։ Գիտնական Թայլըր Շնէօպելենն ու լեզուաբանական տեղեկատուութեան մշակման «Idibon» ընկերութեան հետազօտողները՝ օգտագործելով լեզուական կառուցուածքներու համաշխարհային քարտէզը, լեզուներուն տուած են քոտեր՝ 21 բնութագրիչներով: Երկրորդ տարօրինակ լեզուն նենեցական լեզուն է, զոր կը գործածուի Սիպիրի մէջ: Բայց եւ այնպէս, արտասովոր լեզուներէն քանի մը հատը լայնօրէն տարածուած են: Արեւելահայերէնը կը գրաւէ 9րդ դիրքը. անոր կը յաջորդէ գերմաներէնը: Անգլերէնը 33րդ դիրքին վրայ է:

12

Վանի 1700ամեայ Սուրբ Բարթողիմէոս Եկեղեցին «Կը Վերաբացուի»
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Վանի Բաշքալէ շրջանին մէջ գտնուող 1700ամեայ Սուրբ Բարթողիմէոս եկեղեցին վերաբացուած է, երբ այդ տարածքէն դուրս բերուած է թրքական զօրամասը. այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, ըստ որուն՝ եկեղեցին ապահովական նկատառումներով փակուած էր, քանի որ կը գտնուէր զօրամասի տարածքին մէջ: Տարածաշրջանին մէջ «ահաբեկչութեան դէմ պայքար»ի համար նախատեսուած զօրամասը կը գտնուէր Իրանի սահմանէն 23 քլմ. հեռաւորութեան վրայ եւ հաստատուած էր 31 տարի առաջ: Սակայն այժմ, քիւրտերու հետ հակամարտութեան կարգաւորման աշխատանքներուն շնորհիւ, զօրամասը գիւղական տարածքներէն դուրս բերուած է: Շրջանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան ղեկավար Մուզաֆեր Աքտուղան «Անատոլու»ին պատմած է, որ 3րդ դարուն կառուցուած եկեղեցին երկար ժամանակ անուշադրութեան մատնուելու պատճառով՝ փլուզման եզրին կը գտնուի: Պաշտօնեան նշած է, որ վերակառուցման աշխատանքները սկսած են, եւ թէ ինք կը ցանկայ շրջանի բոլոր պատմական վայրերը բանալ զբօսաշրջութեան համար:

Համազգայինի 19-րդ Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում) Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն Համազգայինի 19-րդ ուսանողական հաւաքի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ շաբաթ, 13 Յուլիս 2013-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Երեւանի մէջ, ներկայութեամբ` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մասիս Պաղտասարեանի: Բացման հանդիսութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց Հայաստանի Համազգայինի հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Համազգայինի ծագումը, ամբողջ աշխարհի մէջ անոր տարածումն ու գործունէութեան լայնածաւալ դաշտը, ապա` հաւաքի պատմականը. ան շեշտը դրաւ նման հաւաքներ հայրենիքի մէջ կազմակերպելու կարեւորութեան վրայ: 2013-ի ուսանողական հաւաքի ընդհանուր պատասխանատու Նորա Թաշճեան խնդրեց ներկաներէն 1 վայրկեան յոտնկայս յարգել նախորդ

13

տարուան հաւաքի ղեկավար` Սերժ Գալուստեանի մահուան յիշատակը: Ան ամփոփ կերպով խօսեցաւ հաւաքի յաջողութեան գլխաւոր բանալիին` կարգապահութեան ու օրէնքները յարգելուն մասին, ապա բացատրութիւններ տուաւ հաւաքի ծրագիրին գործադրութեան վերաբերեալ: Հաւաքի մասնակիցներուն բարի գալուստ մաղթեց նաեւ հաւաքի դաստիարակչական բաժինի վերահսկող անդամ Կարօ Յովհաննէսեան, որ օրինակներու ճամբով շեշտը դրաւ իւրաքանչիւր գաղութի ներդրումին կարեւորութեան վրայ` աշխատանք մը ամբողջական ձեւով յաջողցնելու համար: 10-է աւելի շրջաններէ` Հայաստանէն, Արցախէն, Ջաւախքէն, Թիֆլիսէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, Անգլիայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Կիպրոսէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եւ Պոլիսէն ժամանած հայ ուսանողները իրենք զիրենք ներկայացուցին: Ծանօթացման առաջին հանգրուանէն ետք բարձրացան փոխադրակառք ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ այցելեցին Երեւանի պատմութեան թանգարան, Սասունցի Դաւիթի արձան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ Մայր Հայաստան յուշարձան: Իւրաքանչիւր վայրի մասին հետաքրքրական եւ օգտակար տեղեկութիւններ փոխանցուեցան: Երկրորդ օրուան ծրագիրը սկսաւ Կարօ Յովհաննէսեանի «Հայ դատ»-ը խորագիրով դասախօսութեամբ, ուր ան սպառիչ կերպով անդրադարձաւ հայութեան ինքնութեան հարցին եւ Հայ դատի հետապնդման ուղղութեամբ տարուած տարբեր գործունէութեան, ինչպէս` տարբեր երկիրներու մէջ Հայ դատի գրասենեակներու աշխատանքներուն: Դասախօսը անդրադարձաւ Հայ դատի անցած հիմնական հանգրուաններուն 1923-էն ի վեր: Յովհաննէսեան ընդգծեց ազգային գաղափարախօսութեան ստեղծման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկայացուց մոլեռանդ հայու հասկացողութիւնը: Դասախօսութենէն ետք, ուսանողական հաւաքի մասնակիցները յաջորդաբար այցելեցին Սաղմոսավանք, Տառերու պուրակ, Արագած լեռ եւ Ամբերդ ամրոց: Ամբողջ ուղեւորութեան ընթացքին Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամի նախագահ Սամուէլ Կարապետեան ընկերակցեցաւ մասնակիցներուն ու մասնագիտական մօտեցումով ներկայացուց` 13-րդ դարու կառուցուած Սաղմոսավանքի արտաքին եւ ներքին ճարտարապետական մանրամասնութիւններ, Արագած լերան կազմութեան եւ դիրքին վերաբերող տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ Ամբերդ ամրոցի կառուցումի ու ապրած հոլովոյթին մասին բացատրութիւններ փոխանցեց: Ուսանողական հաւաքի երրորդ օրը ուսանողները այցելեցին Երեւանի պետական համալսարան, ուր հանդիպում ունեցան համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանի հետ, որ ներկայացուց համալսարանի պատմականը,

14

ընդգրկած մասնագիտութիւնները, արձանագրած յաջողութիւնները եւ ապագայի հեռանկարները: Այնուհետեւ խօսք առաւ Լիլիթ Գալստեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ համալսարանի գրադարանին նուիրեց Համազգայինի հրատարակութիւններէն: Ապա հաւաքի մասնակիցները ուղղուեցան Սերկէյ Փարաջանովի տուն-թանգարան ու ծանօթացան անոր բարձր արուեստին: Ապա անոնք գացին Ճատրակի տուն, ուր մրցեցան անմրցելի պատանիներու դէմ: Հաւաքի իւրաքանչիւր օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ մշակութային կամ ընկերային ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին ճոխ մթնոլորտի մէջ աւելի եւս ամրապնդուեցաւ աշխարհագրականօրէն իրարմէ հեռու երկիրներէ եկած մասնակիցներուն կապը:                (Նշենք որ ֆորումը կ'երկարի մինչեւ Յուլիսի 28:խմբ.)

 «Ոսկէ Ծիրան» 2013ը Աւարտած Է Մրցանակներու Յանձնումով
ԵՐԵՒԱՆ.–24 Յուլիսին աւարտած է «Ոսկէ ծիրան» երեւանեան 10րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնը՝ տարբեր բնագաւառներու մասնակցած ժապաւէններուն յաղթողներուն մրցանակներու յանձնումով։ Ըստ փառատօնի պաշտօնական կայքէջին՝ «Միջազգային խաղարկային մրցոյթ»ի «Ոսկէ ծիրան»ի գլխաւոր մրցանակին արժանացած է սերպ բեմադրիչ Սրճան Կոլուպովիչի «Պարունակներ» ժապաւէնը: «Արծաթէ ծիրանը» ստացած է իրանցի բեմադրիչ Մաճիտ Պարզեկարի «Փարվիզ»ը: Դատական կազմի յատուկ մրցանակը տրուած է «Մէջտեղում ինչ որ տեղ» (Թուրքիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, 2012) ժապաւէնին: «Միջազգային վաւերագրական մրցոյթ»ի գլխաւոր մրցանակի արժանացած է պուլկարացի բեմադրիչ Սվէատոսլաւ Ստոյանովի «Սեւ ծովի վերջին ծովահէնները» ժապաւէնը, իսկ բրիտանացի բեմադրիչ Մահտի Ֆլէյֆըլի «Աշխարհ, որ մերը չէ» ժապաւէնը ստացած է յատուկ մրցանակ: «Հայկական համայնապատկեր»ի «Ոսկէ ծիրան»ը տրուած է Մարիա Սահակեանի «Այդ ես չեմ» ժապաւէնին, իսկ «Արծաթէ ծիրանի»ն արժանացած է Լուսին Տինքի «Սարոյան լենդ»ը: «Կորիզ» կարճ ժապաւէններու մրցումի գլխաւոր մրցանակը տրուած է իսրայէլացի Լէոն Փրուտովսքիի «Բարի գալուստ եւ ցաւակցում ենք» ժապաւէնին: Դատական կազմի յատուկ մրցանակներու արժանացած են Լուքաշ Օստալսքիի «Մայրը», Էլմար Իմանովի «Դագաղագործի ճօճանակը»: Խրախուսական մրցանակ տրուած է նաեւ գերմանացի բեմադրիչ Էրիք Շմիթի «Քառատրոփ սլացող ռնգեղջիւր» ին :

15

ՖԻՊՐԵՍԻ մրցանակին արժանացած է իրանցի բեմադրիչ Սալեմ Սալաւաթի «Վերջին ձմեռը», «Էկումենիկ» մրցանակին՝ վրացի Ռուսուտան Չկոնիայի «Ժպտացէք»ը: Ուքրանացի բեմադրիչ Տարեայ Օնիշչենքոյի «Արեւելաբաղձութիւնը» ստացած է խրախուսական մրցանակ: Թամարա Ստեփանեանի «Անթեղ»ը ստացած է Հայաստանի մէջ Բրիտանական խորհուրդի մրցանակը, իսկ Ջիւան Աւետիսեանի «Ընդհատուած մանկութիւնը»՝ Հրանտ Մաթեւոսեանի անուան մրցանակ: 10րդ «Ոսկէ ծիրան»ի փակման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Երեւանի օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ:Նշենք որ փառատօնը սկիզբ առած էր Յուլիս 7-ին եւ անոր բացման հանդիսութեան ներկայ եղած են հայ մեծահամբաւ արուեստագէտներ, որոնց կարգին երգահան եւ յայտնի երգիչ Շարլ Ազնաւուր, բեմադրիչ Ադոմ Էկոյեան եւ դերասանուհի Արսինէ Խանճեան :

Ծաղկաձորի Մէջ Սկսան Ուսուցիչներու Վերապատրաստութեան Դասընթացքները
ԵՐԵՒԱՆ.– Յուլիս 15ին Ծաղկաձորի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ սկսաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք ամառնային դպրոց-2013» ծրագիրի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքները, որոնց կը մասնակցին Սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ գործող հայկական դպրոցներու շուրջ 40 ուսուցիչներ։ Դասընթացքները պիտի շարունակուին մինչեւ 2 Օգոստոս ։ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Ատոմ Մխիթարեան՝ ողջունելով սփիւռքահայ ուսուցիչները, նշած է, որ մեծ է անոնց դերակատարութիւնը հայապահպանութեան, հայոց լեզուի, մշակոյթի պահպանման իմաստով: Ան յոյս յայտնած է, որ դասընթացքները պիտի օժանդակեն հարստացնելու իրենց գիտելիքները, իսկ փորձառութեան փոխանակումը պիտի օգնէ ծանօթանալու դասաւանդման նոր մօտեցումներուն եւ մեթոտներուն : Ուսուցման գործընթացին զուգահեռ ուսուցիչներուն համար պիտի տրուին ազգային երգի, պարի ուսուցման դասընթացքներ: Պիտի կայանան նաեւ մշակութային, մարզական ձեռնարկներ, պիտի տրուին այցելութիւններ Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրեր, հանդիպումներ պետական, հասարակական, մշակոյթի գործիչներու հետ, քննարկումներ, կլոր սեղաններ եւ այլն:

16





Կենսագրական նօթեր՝Արտաւազդ Արք. Թրթռեանի
  -20 Սեպտեմբեր 1930-ին՝ծնունդ Քեսապի մէջ,Աբրահամ անունով:
-Նախնական կրթութիւն՝ Քեսապի Ուսումնասիրաց վարժարանէն:
-1945-ին՝մեկնում Լիբանան ,Անթիլիասի դպրեվանք:
-1949-ին՝սարկաւագի ձեռնադրութիւն: - 28 Սեպտեմբեր 1952-ին՝ ձեռնադրուած կուսակրօն քահանայ, ձեռամբ՝ Դերենիկ Եպս.Փօլատեանի: -1957-1959 ՝տեսուչ դպրեվանքին:
-1959-1962`Աստուածաբանական ուսումներ Ֆրանսայի մէջ:

17

- 16 Յունիս 1963-ին՝ ստանձնած Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան։ - 1963-ին՝որպէս ներկայացուցիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ մասնակցութիւն Վատիկանի Բ. ժողովին։ -1964 Յունուարին՝ Եպիսկոպոսական օծում:
-1964-1970՝հարաւային Ֆրանսայի առաջնորդ: -1970-1977`տեսուչ դպրեվանքի:Նոյն տարիներու ընթացքին, պարբերաբար նաեւ վարած՝ «Հասկ» Պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնը։ -26 Ապրիլ 1973-ին՝ արժանացած Արքութեան տիտղոսին։ -1974-2013`Կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ: -1974-2010`ուսուցիչ դպրեվանքի աշակերտներուն : -Հինգշաբթի 18 Յուլիս 2013-ի առաւօտուն՝վախճանում, Պիքֆայայի Վանքին մէջ։
 Անթիլիասի Դժուար Օրերու Վերջին Մոհիկանը. (Տ. Արտաւազդ Ս. Արք. Թրթռեանի Վախճանման Տխուր Առիթով) Ռոտենի գլուխ գործոցը մուրճի նրբագոյն մէկ հարուած եւս եթէ ստանար, հաւանաբար դառնար մեր ժամանակներու մտածող ու չափաւոր կեանքով ապրած Արտաւազդ սրբազանին քանդակը: Մէկը, որ կարողացաւ իր մահկանացու կեանքը անօրինակ սրբութեամբ ու ժուժկալութեամբ, իսկ անտեսանելին ու անդենականը` շօշափելի զգացողութեամբ ապրիլ` աւարտելով իրեն համար սահմանուած տարիներու համրիչին 82 հատիկներու համրանքը: Այն ուրիշ աշխարհը, որուն մէջ ապրեցաւ մտածող սրբազանը իր երկրաւոր օրերը, իմաստասիրական հայեցողութեամբ գտնուած կեանքն էր, զոր ան ոչ միայն տեսաւ հայելիի մէջէն հեռաւոր կեանքին իսկութիւնը տեսնելու նման, այլ հայելիէն տեսած այդ կեանքին յատուկ օրէնքներո՛վ ապրեցաւ, խորապէս համոզուած իր եօթներորդ զգայարանքին փոխանցած ճշմարտութեանց ստուգութեան: Իտէալ կեանք, որուն կը ձգտի հասնիլ աստուածավախ ամէն մարդ, մանաւանդ իր վրայ հրաւիրելու համար Աստուծոյ ամենասուրբ հաճութիւնը: Հակառակ մեղմ ձայնին ու մանրակազմ արտաքինին, նկարագիրով ու մարմինով ջղուտ մարդ էր Արտաւազդ սրբազանը, ժամացուցային անյետսկոչելի յառաջընթացով, շիկացած երկաթին վրայ խիզախ դարբինի սեւեռուած հայեացքով ու մուրճի նպատակասլաց անշեղ հարուածով, եւ մանաւանդ փիլիսոփայի չափուած տրամաբանութեամբ:

18

Շնորհներ` կեանքին ու անկէ ծնող բոլոր երեւոյթներուն ուղղամտութեամբ նայելու փորձառութենէն կաթիլ առ կաթիլ շահուած: «Սարի զաւակ, քարի որդի» սրբազանին նկարագրային բնորոշիչ սոյն յատկութիւնները նաեւ ծինային փոխանցմամբ եկած էին իրեն, պատմական Կիլիկիոյ մէկ մասնիկը նկատուող իր հայրենի գիւղէն` Քեսապէն, ուր ծնած ըլլալու երջանիկ հպարտութիւնը տարբեր առիթներով յաճախ կը յիշեցնէր: Գիւղացիութիւնը, որ իր մէջ կ՛արտայայտուէր հաստատակամութեամբ, պատճառ պիտի դառնար, որ հայ եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդի կեանքին բախտորոշ մէկ ժամանակահատուածին, ան կարենար իբրեւ պատնէշ կանգնիլ` պահպանելու համար այն, ինչ որ դարերու ընթացքին շահուած էր նախնիներու քրտինքով, արցունքով ու արիւնով: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ժամանակակից պատմութեան հերոսներէն մէկն էր Արտաւազդ սրբազանը, իր քաջութեամբ, հաւատարմութեամբ, ծառայասիրութեամբ, միաբանական կեանքի հնազանդութեամբ, անզիջող ուղղամտութեամբ եւ կռանուած կամքով: Ու ահա կը մեկնի այս աշխարհէն Անթիլիասի դժուար օրերու վերջին մոհիկանը` իր սենեակի կամարակապ նեղլիկ պատուհանէն հանգիստ մտքով ու խղճով դիտելով Միջերկրականի խաղաղ ալիքները եւ պայծառ երկինքին մաքուր կապոյտը: Ուսման ու բարձրագոյն կրթութեան կարճ տարիներէ, ու վարչական դարձեալ շատ հակիրճ բացակայութենէ ետք, Արտաւազդ սրբազան մի՛շտ մայրավանքին մէջ եղաւ, տեսչական, ուսուցչական, ժողովական, մտաւորական, վարչական ու կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդի տարբեր պաշտօններով: Սակայն, «միշտ վանքին մէջ» եղած ըլլալը, իր պարագային ստանձնած պաշտօններուն չէր վերաբերեր այնքան, ինչքան բառացիօրէն մայրավանքի պատերէն նե՛րս մնալուն, եւ աւելին` իր վանական սենեակին մէ՛ջ ըլլալուն, գլուխը հակած աշխատասեղանին վրայ բացուած գիրքին: Իսկ վերջին շրջանին, երբ տկարացած էր իր տեսողութիւնը, լսողութեամբ Աստուածաշունչի «ընթերցում» կը կատարէր հետեւողականօրէն, ձայնասկաւառակներու վրայէն ունկնդրելով Սուրբ Գիրքերը: Տարիներու վրայ տարածուած ներամփոփ այս կեանքը զինք պիտի վերածէր իսկական վանականի, եւ հակառակ վարչական աշխատանքի ու ընկերային հաւաքականութեան մէջ ըլլալուն, ան պիտի կարենար հետեւիլ ներհայեցողական

19

ինքնազսպումի սրբացնող կենցաղակերպին: Միեւնոյն ժամանակ, ան երբեք իր կապը չկտրեց բնութենէն: Հողը, ծառը, այգին ու անոր բերքը ան դարձուց իր կեանքին մէկ անբաժան մասը` իբրեւ յուշարարը իր ծննդավայրին: Գիտութիւն եւ կրօն համադրութիւնը իր մտածողութեան մէջ, ճամբայ հարթած էր զարգացումի անզսպելի ընթացքի մը, որուն բարձունքը հասած էր մեծ մասամբ ընթերցումով ու ինքնազարգացումով: Գիտնական այս եկեղեցականին հիմնաւորուած պատասխանները եկեղեցւոյ պատմութեան, աստուածաբանութեան, վարչական կառոյցին, կանոնադրութեան, մեր մշակոյթի պատմութեան ու մատենագրութեան տարբեր հարցերուն մասին, միայն յարգանք կը պարտադրէին իր խոհուն անձին ու նոր սերունդին օժանդակելու իր պատրաստակամութեան հանդէպ: Հայ եկեղեցւոյ թագուհի լեզուն` գրաբարը, իր հին թէ նոր դարաշրջաններու լեզուամտածողութեամբ, անհասկնալի բառ ու բան չունէր իրեն համար: Ամէն օր Աստուածաշունչը եւ «Նարեկ» աղօթամատեանը գրաբար լեզուով կը կարդար: Առօրեայ լեզու էր իրեն համար մեր մատենագրութեան ոսկեղնիկը: Ինքնաշխատութեամբ ան կարողացեր էր նաեւ տիրապետել ֆրանսերէնին ու անգլերէնին, կը կարդար նաեւ լատիներէն ու գերմաներէն եւ կը հասկնար Սուրբ Գրային յունարէնը: Միշտ երախտագէտ յարգանքով կը յիշէր իր ուսուցիչները, որոնց շարքին` յատկապէս Շահան Ռ. Պէրպէրեանը, որուն թողած խոր ազդեցութիւնը մինչեւ վերջ ալ զգալի եղաւ իր իւրաքանչիւր խօսքին ու արտայայտութեան մէջ: Իր ուսուցիչներուն օրինակով ուսուցանեց ան երկար տարիներ դպրեվանքին մէջ` ներկայ մեր միաբանութեան գրեթէ մեծամասնութեան ուսուցիչը դառնալով: Գիտելիքներու ու մարդկային արժանիքներու շտեմարանն է, որ կը բաժնուի այսօր մեր միաբանութենէն` աղքատացնելով մեր շրջապատը հաւատացեալ, սրբակենցաղ, պարտաճանաչ, ծառայասէր ու իր կեանքով եւ նուիրումով հերոսացած հոգեւորականի ներկայութենէն: Արտաւազդ սրբազանի շիրիմին վրայ, հակառակ իր կամքին, եթէ պէտք է գրել քանի մը տող, ատոնք կրնան ըլլալ դոյզն բառերս, դողդոջ գրիչովս իր յիշատակին արձանագրուած.

20

Զարգացաւ, բայց` հեզութեան շնորհով, Բարձրացաւ, բայց` խոնարհութեան հոգիով, Հերոսացաւ, բայց` ասպետական ոգիով:
                                                                                        ԳՐԻԳՈՐ Ծ.ՎՐԴ.ՉԻՖԹՃԵԱՆ 
                                    Առաջնորդ Ատրպատականի Հայոց Թեմի 18 Յուլիս, 2013Թաւրիզ

ԱԿՆԱՐԿ՝
ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ (Ե.)
 ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ(Ա.)

Քաղաքական անտանելի պայմաններու տակ գաղթելով հետզհետէ դէպի արեւմուտք,հայերն սկսած էին սերտօրէն շփուիլ եւրոպական քաղաքակրթութեան եւ ժամանակակից մտաւորական շարժման հետ:Անոր առաջին պտուղն եղաւ հայ տպագրութիւնը,որուն շնորհիւ գրական ուսումնական նոր շարժում մը կը սկսի կազմակերպուիլ հայրենիքէն հեռու,օտար կեդրոններու մէջ,որ իր արձագանգը կ՛ունենայ նաեւ հայկական բնակավայրին մէջ ալ:
ԺԷ դարուն,մանաւանդ կէսէն վերջ,արդէն կ՛երեւին այդ շարժման նախանշանները:Հայաստանի մէջ՝ Էջմիածին,Նոր-Ջուղայի Ամենափրկչեան վանքի դպրոցը,Սիւնեաց եւ Բաղէշի Ամրտոլու դպրեվանքները եւ Հայաստանէն դուրս Կոստանդնուպոլիս,Վենետիկ,Լեհաստան եւ այլուր,կեդրոններ կը դառնան այդ շարժման, դպրոցներով եւ տպագրութեամբ:Բայց հայ գրականութեան վերածնունդի այս շրջանը իսկապէս կը սկսի ԺԸ դարուն,որուն շեմին վրայ կ՛երեւի մեծ դէմք մը,Մխիթար Աբբայ,որ եռանդուն եւ հզօր ռահվիրան հանդիսացած է իրմով ստեղծուած ուսումնական եւ գրական նոր շարժումին:
ԺԸ դարու սկիզբները հայ իմացական շարժումը կը գտնենք կեդրոնացած մէկ կողմէ Վենետիկի,միւս կողմէ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ.միւս կեդրոնները հտզհետէ կը կորսնցնեն իրենց կարեւորութիւնը:Բայց հետզհետէ Թուրքիոյ մէջ՝Կոստանդնուպոլսոյ հետ Զմիւռնիա,Ռուսիոյ մէջ՝Մոսկուա եւ Թիֆլիս, Եւրոպայի մէջ՝Վենետիկի հետ Վիեննա,Հնդկաստանի մէջ՝Կալկաթա եւ Մատրաս քաղաքները կը մասնակցին ընդհանուր ուսումնական շարժման եւ միասնաբար կը նախապատրաստեն հայ գրականութեան այն ճոխ փթթումը,որ վերապահուած էր նորագոյն ժամանակներու:
Այս նոր շրջանի մատենագրական շարժման մէջ ազգային ոգին կը սկսի տիրապետող դառնալ: Հին դասական հեթանոս գրականութիւնը եւ օտար դասական գլուխ գործոցները առաջին անգամ ըլլալով ուշադրութեան առարկայ կը դառնան,կը հայացուին եւ անոնց ազդեցութիւնն ու հմայքը խիստ մեծ կ՛ըլլայ հայ միտքերու վրայ:
Լեզուի տեսակէտով այս շրջանը կը յատկանշուի անով,որ հին գրաբարը վերանորոգելու ջանքեր տեղի կ՛ունենան Մխիթարեաններու առաջնորդութեամբ:Կը հրատարակուին կատարելագործեալ բառարաններ եւ քերականութիւններ,ու գրաբար լեզուով կ՛արտագրուի ինքնագիր եւ թարգմանածոյ հսկայ մատենագրութիւն մը: Գրաբարի հմայքն այնքան մեծ էր,որ նոյնիսկ առաջին հայերէն լրագիրներէն մէկ քանիներ գրաբար լեզուով հրատարակուած են:
Մխիթար Աբբայի եւ անոր աշակերտներուն մատենագրական գործունէութիւնը առաւելապէս կրօնական ուղղութիւն ունենալով հանդերձ եղած է նաեւ ազգային:Անոնց

21

գլխաւոր ջանքն եղած է լեզուն մաքրագործել՝ վերականգնելով հին գրաբարը,եւ հայ ազգային անցեալը ծանօթացնել հանրութեան.նախնեաց մատենագրութեան մեծագոյն մասին ՝առաջին անգամ հրատարակութիւնը կը պարտինք Մխիթարեաններու:
Մխիթարեաններու գիրքերուն ամենամեծ մասը գրուած է ընտիր գրաբարով,որ թէեւ ի սկզբան լատինաբանութենէ զերծ չէ,բայց շուտով մաքրուած է այդպիսի խորթութիւններէ:Ասոր հետ մէկտեղ ցանցառօրէն աշխարհաբար հրատարակութիւններ ալ ունեցած են:Նոյնիսկ Մխիթար Աբբան է,որ առաջին անգամ կազմած է աշխարհաբարի քերականութիւն մը,որ ցարդ անտիպ կը մնայ,եւ իրենց առաջին լրագիրը «Դիտակ Բիւզանդեան» հրատարակուած 1812-ին աշխարհաբար լեզուով հրատարակուած է:Այսպէս,հետզհետէ ժամանակի տիրական պահանջքին տակ,աշխարհաբար գրելու միտումը իրենց մէջ ալ ծաւալ գտնելով,վերջին ժամանակներու մէջ բոլորովին վտարած է գրաբարը:Մխիթարեաններու մէկ ուղղութիւնն ալ եղած է օտար դասական հեղինակներու գործերը թարգմանութեամբ ծանօթացնել հայ ազգին, որով թարգմանած են Հոմերոսի , Վերգիլիոսի , Պղատոնի ,Դեմոսթենէսի,Պլուտարքոսի,Սենեկայի,Տանթէի , Ռասինի ,Պայրընի եւ այլոց գործերը:
Մխիթարեան միաբաններէն մաս մը 1773-ին Վենետիկէն բաժնուելով,նախ Թրիէսթէի,ապա Վիեննայի մէջ հիմնած է նոյն միաբանութեան մէկ ճիւղը, անկախ առաջինէն: Մխիթարեանները իրենց ուսումնական հրատարակչական,թարգմանչական,հայագիտական եւ պատմագրական բազմապիսի աշխատութիւններով մեծ ծառայութիւն մատուցած են հայ ազգին եւ գրականութեան եւ իրենց ազդեցութիւնը շատ խոր եղած է մանաւանդ այս շրջանի (մինչեւ 1850) հայ մատենագրութեան եւ ընդհանրապէս հայ մտաւորական կեանքին վրայ:Այս շրջանը Մխիթարեաններու մտաւոր տիրապետութեան շրջանն է:
Միայն Վենետիկի Մխիթարեանները,իրենց երկու դարու գոյութեան մէջ,տուած են շուրջ հարիւր հեղինակ եւ մօտաւորապէս հազար գիրք:Այս շրջանին մէջ (1700-1850) Վենետիկի Մխիթարեաններու մէջ նշանաւոր հանդիսացած դէմքերն են,բացի Մխիթար Աբբայէն,Հ.Միքայէլ Չամչեան,Հ.Ղուկաս Ինճիճեան,Հ.Մկրտիչ Աւգերեան,Հ.Արսէն Բագրատունի,Հ.Եդուարդ Հիւրմիւզ,Հ.Գաբրիէլ Աւետիքեան,Հ.Մանուէլ Ջախջախեան,Հ.Եղիա Թովմաճեան,Հ.Մինաս Բժշկեան եւ վերջապէս անմահն Հ.Ղեւոնդ Ալիշան: Իսկ Վիեննացիներուն մէջ այս շրջանին փայլած են Հ.Յովսէփ Գաթրճեան եւ Հ.Արսէն Այտնեան:(Շարունակելի)
                                                                                               Համադրեց՝ Վանիկ Գլնճեան

ԹԷՔՆՈԼՈՃԻ
Ստորեւ՝ հայկական գրական-մշակութային կայքէջերու ընտրանի մը :
www.granish.org
www.armhistory.ru
www.armtown.com
www.republicofarmenia.com
www.stvartanbookstore.com
www.goodreads.com
www.armeniapedia.org
www.armeniabyphotos.com