Friday, March 1, 2013

ԿԱՍԻՈՍ ԼՐԱՏՈՒ - Թիւ 10 - Մարտ 2013

1
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
Էջ
 2      Խմբագրութեան Խօսքը 
 3      Ս. Զատկուան Պատգամ 
 4      Ֆրանչեսկոս Ա. ՝ Նոր Քահայանապետ Տիեզերական Եկեղեցւոյ
 5      Տեղական Լուրեր 
12      Հայկական Մշակութային Լուրեր 
15      Շնորհաւորագիր 
16       Հայ հին գրականութիւն 
19     Թէքնոլոճի 
20      Մեր Աշակերտական գրիչներէն 
22      Ունենալն Ինչո՞ւ - Զօհրապ Այնթապլեան 
23      Հայերէն ճիշդ գրենք ու խօսինք 
24      Ժամանց – Խաչբառ թիւ 10 եւ թիւ 9ի լուծումը 

2

Խմբագրութեան խօսքը

Միթէ՞ կարելի է հասնիլ գերագոյն նպատակին եթէ մեծ զոհողութիւններ ի գործ չդրուին : Մարդ արարածին համար իր կեանքը իմաստաւորող իրականութիւններ են նպատակն ու զոհողութիւնը , մին միւսը պայմանաւորող : Ընդհանուր իրականութիւն է եւ առածի կարգ անցած է , որ «Մեծ նպատակները մեծ զոհողութիւն կը պահանջեն»: Ա՛յս կը փաստեն պատմական իրողութիւնները , մեծ զոհողութիւններ կատարողներն են միայն որոնք իրենց դրոշմը կրցած են դնել պատմութեան էջերուն մէջ , այդ պատմութիւնը ըլլայ ընտանեկան սեղմ շրջապատի , հասարակական քիչ մը աւելի լայն շրջապատի թէ համամարդկային շրջանակի մէջ:
Այդ չփաստե՞ց արդեօք նոյն Ինքն Յիսուս Քրիստոս ինքզինք զոհելով խաչին վրայ, հասնելու գերագոյն նպատակին , որն էր ՝մարդկութեան փրկութիւնը:
Ճիշտ է , Յիսուս զոհուեցաւ , մահանալով խաչին վրայ սակայն մահուան յաջորդեց իր հրաշալի յարութիւնը : Այդ յաղթանակն էր կեանքին՝մահուան վրայ. յաղթանակը բարիին ՝ չարին վրայ: Գերագոյն նպատակ այսպէս է որ իրականացաւ:
Նոյնը չե՞ն փաստեր մեզի ,իրենց մատուցած ամէնօրեայ զոհողութեամբ ու նուիրումով մեր աննման մայրերը , որոնք գիշերը ցերեկին խառնած ջանք կը թափեն կրթութիւն ջամբելու , դաստիարակութիւն տալու իրենց զաւակներուն , սիրով ու գուրգուրանքով լեցնելու իրենց ընտանիքներն ու շրջապատը :Թող ձեր տօնը շնորհաւոր ըլլայ սիրասուն մայրեր:
Նոյնը չե՞ն փաստեր նաեւ ամէն պահ ու ամէն օր մեր անձնուէր ուսուցիչները, որոնք շունչ կը հատցնեն մօր գործը շարունակելով , դաստիարակելով , ուսում ջամբելով, Աստուծոյ , հայրենիքին , ազգին սէրը դրոշմելով մեր զաւակներուն սրտերուն ու հոգիներուն մէջ , գիտութեամբ սպառազինելով զանոնք ՝ ի գին իրենց հանգիստին ու առողջութեան:
Ձեր տօնը շնորհաւոր սիրելի վարժուհիներ եւ վարժապետներ:
Զատիկ է .ապրինք այս մեծագոյն տօնին խորհուրդը ու յուսադրուինք: Աղօթենք Բարձրեալին , որ Մեր Տիրոջ յարութեան օրինակով մեր Սուրիական հայրենիքն ալ դուրս բերէ տիրող դժուարին կացութենէն ու մութ օրերուն յաջորդեն արշալոյսը , յարութեան նո՛ր լոյսը:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
(Խմբագրութիւն)

Խմբագրական Կազմ
Պրն. Նշան Պասմաճեան- Խմբագրապետ , Տիկ. Անի Չիւրիւքեան- Աբէլեան - Փոխ Խմբագրապետ , Խմբագրութեան անդամներ՝ Տիկ.Նայիրի Կարճիկեան-Մելքոնեան , Տիկ. Յասմիկ Աւագեան-Սաղտըճեան , Օրդ. Վանիկ Գլնճեան , Օրդ. Սօսէ Պետիրեան , Պրն. Րաֆֆի Ճուրեան :
Ձեր գրական ստեղծագործութիւններն ու ձեր նամակները ուղղուած Խմբագրութեան ՝ կրնաք յղել հետեւեալ հասցէին .gasioslradou@gmail.com

3

Ս. Զատկուան Պատգամ

«Հոս չէ′ Ան, Յարութիւն առաւ» ( Ղկ 24.6)
                    Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց
                    Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի

Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին ՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը քրիստոնէական մեր հաւատքի հիմնաքարը կը կազմէ: Առանց յարութեան դատարկ է մեր հաւատքը, աննպատակ է մեր կեանքը, կը խամրի մեր յոյսը, ինչպէս իրաւացիօրէն կը հաստատէ սրբազան Պօղոս առաքեալ, ըսելով. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը: Իսկ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ինքնախաբէութիւն է ձեր հաւատքը. Ինչ որ կը նշանակէ՝ որ տակաւին ձեր մեղքերուն մէջ էք: Ուրեմն ի՞նչ. անոնք որոնք Քրիստոսի հաւատացին եւ մեռան ՝ կորսուա՞ծ են ընդմիշտ: Բայց ո′չ. Քրիստոս արդարեւ մեռելներէն յարութիւն առած է որպէս առաջին օրինակ մեռելներու յարութեան» (Ա. Կր 15.14,17,18,20): Ուրեմն յարուցեալ Քրիստոսի հաւատքով ննջողներու յարութիւնը բացարձակ ճշմարտութիւն է: Արդ, Քրիստոսի յարութիւնը կ'երաշխաւորէ անդենական կեանքի գոյութիւնը, պարգեւելով մեզի հոգեւոր, փառաւորեալ եւ անեղծանելի բնութիւն:

Առաւել քան երկու հազար ամեակներ Եկեղեցին Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ, առաքեալներու, հաւատքի հերոսներու եւ մարտիրոսներու վկայախօսութեամբ ամենադաժան պահերուն իսկ կարողացաւ յաղթահարել ամէն տեսակի սպառնալիք, հալածանք եւ շղթայազերծում. իր Տիրոջ օրինակին հետեւելով մահուամբ մահը ոտնակոխեց եւ հաւատացեալներուն մէջ յարութեան յոյսը միշտ առկայծ պահեց: Անդադար գոչելով. «Մահը կլանուեցաւ յաղթանակը շահուեցաւ»: «Ո՞ւր է, Մա′հ, յաղթանակդ. ո՞ւր է, Մա′հ, քու խայթոցդ» (Ա. Կր 15.54-55)

Այսօրուան տագնապալի օրերուն, Սուրիական մեր հայրենիքը գոյութեան պայքարի մէջ է եւ կը դիմագրաւէ հսկայական մարտահրաւէրներ: Հայ Եկեղեցին եւ ժաղովուրդը, որոնք իրենց պատմական դառն փորձառութեամբ , ալեկոծ անցեալով քալած են Քրիստոսի ոտնահետքերով եւ Գողգոթայի փշոտ ճանապարհներով. յարութեան յոյսով՝ անոնք օրինակ հանդիսացած են եւ կը հանդիսանան աշխարհի ազգերուն, նաեւ Սուրիոյ :

4

Հայութիւնը հաստատ համակեցութեամբ եւ գոյակցութեամբ ասպնջասէր Սուրիացի արաբ եղբայրներուն հետ, կառչած է անոր սուրբ հողին, եւ յարութեան հաւատքով ներշնչուած է յաղթահարելու ամէն խոչընդոտ եւ սատար կը հանդիսանայ երկրի կատարեալ անդորրութեան ու ամբողջական ապահովութեան:

Հուսկ բանի,
Քրիստոսի յարութեամբ, մենք ունինք ճշմարիտ հաւատք:
Քրիստոսի յարութեամբ, մենք ունինք կեանքի յստակ ուղղութիւն:
Քրիստոսի յարութեամբ, մենք ունինք հոգեկան բաւարարուածութիւն:
Քրիստոսի յարութեամբ, մենք ունինք խաղաղութիւն:
Քրիստոսի յարութեամբ, մենք ունինք փրկութիւն:
Քրիստոսի յարութեամբ, մենք ունինք յարութեան եւ յաւիտենական կեանքի յոյս:
Քրիստոսի յարութեամբ, մենք կը յաղթենք այս աշխարհին:
                                              (Քեսապի Հայ երեք Համայնքներու Հոգեւոր Հովիւներ)

ՖՐԱՆՉԵՍԿՈՍ Ա.՝ ՆՈՐ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Անցեալ ամիս Պենետիկտոս ԺԶ.քահանայապետի պատմական հրաժարականէն ետք, Վատիկանի Սիսթինեան տաճարին մէջ գումարուող փակարանը երկու օր եւ հինգ քուէարկութենէ ետք քահանայապետ ընտրեց Արժանթինի Խորխէ Պերկոլիօ Կարտինալը, որ ընտրեց Ֆրանչեսկոս Ա. Անունը:
ֆրանչեսկոս Ա. քահանայապետը՝ ծնած է 17 Դեկտեմբեր 1936-ին, Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ, իտալացի ծնողներէ. հայրը՝ Մարիօ, երկաթուղիի պաշտօնեայ էր, իսկ մայրը Րէճինա Սիվորի՝ տանտիկին։ Նախապէս ան հետեւած է գիտական (քիմիական) ճիւղին, ապա իր մէջ զգալով քահանայական կոչումը 11 մարտ 1958-ին, մտած է Յիսուսեան Միաբանութեան դպրեվանքը։ Փիլիսոբայական եւ աստուածաբանական ուսումները ստացած է «San José di San Miguel» գոլէճին մէջ:22 Ապրիլ 1973-ին կատարած է իր մշտնջենաւոր ուխտերը: 20 Մայիս 1992-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետը զինք Պուէնոս Այրէսի եպիսկոպոս անուանած է, եւ 28 փետրուար 1998-էն կարտինալական դասի մաս կազմելով մասնակցած է 2005-ի՝ 18 եւ 19 Ապրիլի
                                                                                                                                 «քոնքլաւին»։

5
13 մարտ 2013-ին՝ գումարուող պապընտիր ժողովին, կարտինալները զինք ընտրեցին յաջորդը՝ Բենեդիկտոս ԺԶ.ին։
Աւազանի անունով կարտինալ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիօ ըտնրեց ֆրանչեսկոս անունը:
76 տարեկան պապը ծանօթ է իբրեւ համեստ եւ համեստ կեանք մը ապրող կղերական մը: Ան պատմութեան մէջ առաջին լատին ամերիկացի,առաջին Յիսուսեան միաբանութենէն եւ Ֆրանչեսկոս անունը առնող առաջին քահանայապետն է` Ս. Ֆրանչեսկոս Ասիզացիի անունով:
Իր համեստութեամբ ծանօթ նոր պապը իր առաջին ելոյթին ընթացքին Ս. Պետրոս տաճարի հրապարակին վրայ հաւաքուած հարիւր հազարաւոր ժողովուրդին կատակելով յայտնեց, որ փակարանին մասնակից կարտինալները աշխարհի միւս ծայրէն մէկը իբրեւ պապ ընտրեցին: Ան ապա հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու Վաստակաւոր եպիսկոպոս Բենեդիկտոս ԺԶ-ին համար ''Հայր մեր''ը արտասանելով։
Սրբազան Քահանայապետը ապա ըսաւ.«Այժմ կը սկսինք մեր ճանապարհորդութիւնը, միասնաբար եպիսկոպոս եւ ժողովուրդ, թող այս ըլլայ վստահութեան ճանապարհորդութիւն։ Կը յուսամ որ այսօր սկիզբ առած այս ուղեւորութիւնը արդիւնաւէտ ըլլայ աւետարանացումի համար։ Այժմ կը ջամբեմ իմ առաքելական օրհնութիւնս, սակայն առաջ ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք Աստուծոյ որպէսզի Տէրը օրհնէ նախ իր Եպիսկոպոսը։ Ձեր լռելեայն աղօթքը ըլլայ իմ վրաս Աստուծոյ օրհնութիւն»:
Ֆրանչեսկոս Ա. Քահանայապետին գահակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 19 Մարտին,ներկայութեամբ մէկ միլիոնի հասնող հաւատացեալներու եւ աւելի քան երեսուն երկիրներու նախագահներու եւ վարչապետներու , որոնք մասնակցեցան նաեւ քահանայապետին մատուցած անդրանիկ պատարագին:

Տեղական Լուրեր

- Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան «Քրիստափոր» մասնաճիւղին՝ 2 Մարտ 2013-ին, տեղի ունեցաւ Արցախեան Պահանջատիրութեան 25 Ամեակի նուիրուած հսկում, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ: Պատանիները իրենց համեստ ուժերով ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Բացման խօսքին մէջ անոնք

6

անդրադարձան, թէ չեն դադրած մտածելէ գրաւեալ հողերուն մասին եւ տակաւին պահանջատէր եւ պաշտպան կանգնած են իրենց բոլոր ազգային իրաւունքներուն եւ ձեռքբերուած նուաճումներուն, եւ իրենց պատրաստած այս հսկումը ինքնին մեծ փաստ մըն է այս ուղղութեամբ: Բացման խօսքին յաջորդեցին մեներգներ, խմբերգներ, տեսաերիզի ցուցադրութիւն, ասմունք , ինչպէս նաեւ պատանիները խօսքեր ընթերցեցին՝ նուիրուած Արցախին:
Հսկումի աւարտին Տէր Միւռոն Քահանայ Աւետիսեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց, ինչպէս նաեւ քաջալերեց պատանիներուն աշխատանքը, ապա «Պահպանիչ»ով փակեց օրուան հսկումը: Պատանիները երկրորդ տարին ըլլալով կը նշեն Արցախեան Պահանջատիրութիւնը հսկումով մը: Անոնք միշտ կ'ուխտեն՝ բարձր պահել հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան ոգին եւ շունչը, ինչպէս նաեւ շարունակել Արցախի հերոսամարտի պանծալի ու փառահեղ յաղթանակը կերտող բոլոր հզօր ու անձնուէր ազատամարտիկներուն երթը:
Բի՜ւր յարգանք, խունկ ու աղօթք մեր բիւրաւոր հերոսներու անմահ շիրիմներուն:

-6 Մարտ 2013ին ՀԲԸՄ ի կազդուրման կայանին մէջ Քեսապի ՀԲԸՄի տիկնանց յանձնախումբը նշեց հերթական միջոցառումներէն՝ «Միջինք»ը:

-Քեսապի ՀԲԸՄ ի Հայ Երիտասարդական Ընկերակցութեան խորհուրդի կազմակերպած դասախօսական շարքը վերսկսաւ ; Քեսապի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար դաստիարակչական բնոյթ ունեցող այս աշխատանքի նպատակն է միասին լսելով հրամցուած նիւթերը , կարծիքներ , մտքեր եւ տեսակէտներ փոխանակել:7 Մարտ 2013 ին տեղի ունեցաւ «Կրօնք եւ Գիտութիւն» վերնագրով զեկոյց մը, ներկայացուած՝ Տէր Միւռոն քհնյ . Աւետիսեանի կողմէ, որուն վերջաւորութեան՝ իրենց զանազան հարցումներու լուսաբանութիւնները լսելէ ետք , ներկաները հիւրասիրութեան մը ընթացքին առիթ ունեցան շարունակելու կարծիքներու փոխանակումը : Դասախօոսութիւններու շարքը պիտի շարունակուի յառաջիկային:

- Աղօթքի Օր նուիրուած Սուրիոյ խաղաղութեան
Կազմակերպութեամբ ՝ Քեսապի եւ շրջանի Հայ Աւետ. Տիկնանց վարչութեան , Քեսապի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կայացաւ «Աղօթքի Օր » նուիրուած Սուրիոյ խաղաղութեան , Հինգշաբթի 14 Մարտ2013-ին :
Նախ տրուեցաւ բացատրութիւն Սուրիոյ մասին , ցուցադրելով մեծ պաստառին վրայ Սուրիոյ քարտէսը ապա տեսարժան վայրերը :

7

Յիշուեցաւ ինչպէս Տէր Յիսուս Քրիստոս քալեց Սուրիոյ հողին վրայ եւ ինչպէս Պօղոս առաքեալ հանդիպեցաւ Տէր Յիսուսի Դամասկոսի ճամբուն վրայ:
Նշուեցաւ թէ ինչպէս Սուրիոյ ժողովուրդը թէեւ տարբեր ազգերէ կը բաղկանայ , բայց բոլորը միասին կ'ապրէին սիրով եւ խաղաղութեամբ:
Ապա տիկիններ բարձրացուցին աղօթքներ Սուրիոյ համար :

Առաջինը՝իր աղօթքին ընդմէջէն, Աստուծոյ փառք տուաւ Քեսապի համար զոր Աստուած պահեց ու պահպանեց ցարդ , ոչ միայն Քեսապցիները այլ՝ բոլոր անոնք որոնք Սուրիոյ վտանգուած շրջաններէն գաղթած էին ու ապաստանած Քեսապ : Ու խնդրեց Աստուծմէ որ շարունակէ պահպանել զայն իր զօրութեամբ չարէն ու չարիքէն:
Ան աղօթեց նաեւ բոլոր անոնց համար , որոնց տեղը անյայտ է , բայց Աստուծոյ համար անյայտ բան չկայ . ու խնդրեց որ ամէն չար վանէ անոնցմէ եւ ապահով վերադարձնէ զանոնք:

Երկրորդ տիկինը իր աղօթքով Խնդրեց Աստուծմէ իմաստութիւնը՝ գիտնալու շիտակ ճամբան որ կ'առաջնորդէ յոյսի , խաղաղութեան,
ազատութեան եւ սիրոյ:

Երրորդը՝ խնդրեց Աստուծմէ որ սորվեցնէ իրեն սիրել եւ օգնել:
Ապա Կաթողիկէ եկեղեցւոյ դպրաց դասը ներկայացուց երկու շարական «Ճանապարհ եւ ճշմարտութիւն» եւ «Խառնենք գէթ մի կաթիլ տաքուկ» :

Աղօթքները շարունակուեցան.տիկիններ աղօթեցին՝ պատերազմի դադրելուն , ատելութեան , բարկութեան ու նախանձի վերացման մարդոց հոգիներէն ,փոխարէն՝ սիրոյ , եղբայրասիրութեան եւ խաղաղութեան վերադարձին համար :
Աղօթեցին ղեկավարներուն , առաջնորդներուն եւ պատասխանատուներուն համար ,որ իմաստութեամբ աշխատին եւ երկիրը առաջնորդեն դէպի ապահովութիւն : Ինչպէս նաեւ աղօթեցին բանակին համար եւ երգեցին «Յարգանք ձեզ ով հայրենիքի պաշտպաններ» (Սուրիոյ քայլերգին հայերէն թարգմանութիւնը):
Աղօթքներ բարձրացան այն ծնողներուն համար , որոնք կորսնցուցած են իրենց սրտահատորները , թշուարներուն, որբերուն , այրիներուն , գաղթականներուն համար, որոնք իրենց իսկ երկրին մէջ գաղթական դարձած են:
Աղօթեցին բոլոր անոնց համար որոնք տակաւին կը մտածեն քանդել եւ սպաննել ,որ վերադառնան իրենց խղճին եւ մարդկայնութեան , ու Աստուած ամէն չար զգացում ու ատելութիւն վանէ անոնց սրտերէն : Վերջապէս աղօթեցին ապահովութեան եւ խաղաղութեան համար :
8
Առաքելական եկեղեցւոյ դպրաց դասը ներկայացուց երկու շարական «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» եւ «Տէր ողորմեա՛»: Ապա Առաքելական եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցին պատասխանատուն կարդաց Սաղմոս 40:
Տիկիններ եւ պատանիներ ներկայացուցին անձնաւորութիւններ , Սուրիոյ տարբեր քաղաքներէն ինչպէս ՝ Լաթաքիա , Համա , Հալէպ , Հոմս եւ Դամասկոս ու խօսեցան անոնց քաղաքներու վիճակին եւ իրենց տառապանքին մասին :Ապա ցուցադրուեցաւ Հալէպի հայկական գաղութէն նկարներ՝ նախ հանդարտ ու շէն օրերու, ապա նկարներ քանդուած Հալէպէն :
Օրդ . Դալար Մարաշլեան տուաւ օրուան պատգամը հիմնուելով Մատթ.25:31-46 համարներուն վրայ եւ շեշտը դրաւ՝ օգնել օտարականին եւ բարիք ընել , մանաւանդ որ Յիսուսի պահանջածը պզտիկ գործեր ինչպէս ուտելիք , ջուր հագուստ տալ ու մխիթարական այցելութիւններ կատարել :
Պատգամին վերջաւորութեան Մայր Թերեզայի կեանքէն օրինակներ տուաւ եւ «Ֆիլմ»էն բաժիններ ցուցադրեց : Պատգամէն ետք ներկաները միասնաբար ընթերցեցին աղօթք մը որով խնդրեցին Աստուծմէ որ օգնէ իրենց տեսնելու ուրիշներուն պէտքերը , լսելու անոնց աղաղակները , սիրելու , ընդունելու եւ պաշտպանելու զանոնք ,բերելու կորսուածները Աստուծոյ,ուր պիտի գտնեն խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն:
Այս գեղեցիկ աղօթքի պահը վերջացաւ «Հայր մեր» ով եւ Պատուելի Սեւակ Թրաշեանի օրհնութեան աղօթքով:

- Կազմակերպութեամբ Ս.Օ.Խաչի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութեան, Չորեքշաբթի 20 Մարտ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայ Մօր տարուան նուիրուած տօնակատարութիւն, Քեսապի Ս.Աստուածածին Եկեղեցւո՝յ «Սահակեան» սրահին մէջ:
Ս.Օ.Խաչի Քայլերգէն ետք օրուան հանդիսավար՝ ընկհ. Սեւան Մանճիկեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը մեզմէ առյաւէտ բաժնուող ընկերուհիներուն եւ երկրի բոլոր նահատակներուն:
Բացման խօսքը կատարեց վարչութեան Ատենապետուհի՝ընկհ. Սոնա Կիւզէլեան.ան անդրադարձաւ հայ մօր առաքելութեան եւ հայ մանուկը դաստիարակելու, անոր ունեցած կարեւոր դերին:Ան յիշեց թէ սփիւռքի տարածքին հայ մայրը իր տքնաջան աշխատութեամբ եղած է հայ ազգին ողնածուծը,որ կարողացած է կանգուն պահել հայութեան ողնաշարը,որու վկան է այսօր մեր գոյութիւնը որպէս հայ ազգ:Ան աւելցուց ըսելով:«Ըսուած է թէ մի գերբնական ուժ կայ հայ մօր սիրոյ մէջ:Հայ մայրը ուրիշ է:Ան միայն մայր չէ այլ մայրութիւն ընող մայր է,տալով իր զաւկին հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութիւն:»

9

Ընկհ. Ռիթա Քէշիշեան ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանէն «Մայրիկիս», ինչպէս նաեւ hայ մօր նուիրուած քաղցր երգերով բեմ ներկայացաւ երգիչ Սեւակ Պէտուրեանը:
Հայ մօր իսկական արժանիքները,հայ ընտանիք եւ հայ մարդ կերտելու իր լուրջ պատասխանատուութիւնը բաղդատաբար համաշխարհայնացման հոսանքին հետեւող կարգ մը մայրերու սխալ կեցուածքին, երգիծական ոճով պատրաստուած թատրերգութիւնը տպաւորիչ կերպով ներկայացուցին խումբ մը ընկերուհիներ՝ Պեթի Ղազարեան,Թալին Ղազարեան,Ալին Պէտուրեան,Ռիթա Քէշիշեան եւ Անգինէ Քորթմոսեան , հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբ՝ ընկհ.Յասմիկ Սաղտճեանի:
Օրուան բանախօս՝ ընկհ. Յասմիկ Սաղտճեան անդրադարձաւ հայ մօր առաքինութեան եւ վեհութեան,մէջբերումներ կատարելով անոր մասին արտասանուած տողերով, մեր մեծ բանաստեղծներու եւ հոգեւոր հայրերու կողմէ:

Կատարեալ եւ ճշմարիտ մայրութեան որպէս վառ օրինակ ընկերուհին յիշեց թէ Ս.Մարիամ Աստուածածին ինքն է մեր բոլորին մայրը,հովանաւորը եւ խնամողը:Ան պէտք է հանդիսանայ ամէնօրեայ ուղեցոյցը իւրաքանչիւր կնոջ եւ մօր համար: Պատմական ակնարկով ընկերուհին անդրադարձաւ բոլոր այն հայ հերոս մայրերուն,որոնք միշտ այրերուն ետին ու կողքին եղած եւ կրած են հայոց ծանր ճակատագիրը սակայն մնացած աննահանջ ու անկոտրում:

«Տկարութեան եւ կեղծիքի դէմ սկսած պայքարի մէջ մենակ չես դու,հա՛յ երիտասարդ:Դու պիտի ունենաս քո մեծ ու վճռական զինակիցը-հայ մայրը:» «Ազգերու բախտը մայրերու ափին մէջ է:»Գարեգին Նժդեհի այս խօսքերով բանախօսը հարց տուաւ թէ որքանով վտանգուած են մեր լեզուն,մեր գիրերը,մեր ընտանիքներուն սրբութիւնն ու հայեցիութիւնը,մեր երիտասարդութեան արժանիքներն ու պարկեշտութիւնը:Ուստի կոչ ուղղեց բոլոր մայրերուն հայացք մը նետելու մեր ապրած կեանքի տարիներուն,անդրադառնալու թէ արդեօ՞ք միշտ կը գործենք ճշմարիտն ու արդարը ,գեղեցիկն ու բարին ,վեհն ու ազնիւը,որովհետեւ մեր ազգային արժէքները՝ մշակոյթը, եկեղեցին,դպրոցը ու մանաւանդ՝ մայրենի լեզուն պահպանելու սրբազան պարտականութիւնը կ'իյնայ հայ մօր ուսերուն վրայ:Ան իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ տողերով:-«Հայ մայրերն են պատուանդանը մեր գոյութեան,աղբիւրը մեր զօրութեան, միջնաբերդը մեր ինքնութեան, ներշնչարանը մեր պայքարին:Հայ մայրով հայը հայ մնաց,որովհետեւ հայ մայրը եղաւ մեր անցեալը՝ իր երգով ու վէրքով,հայ

10

մայրն է մեր ներկան յաւերժ պայքարով, հայ մայրն է մեր ապագան՝ իր վարդահեղեղ արշալոյսով:»

Ս.Օ.Խաչի Շրջ.վարչութեան խօսքը փոխանցեց ընկհ.Նայիրի Մելքոնեան,ուր յիշեց թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 2013-ը Հայ Մօր Տարի հռչակելով կրկին անգամ կը շեշտէ թէ հայ մայրը տարբեր է աշխարհի բոլոր ազգերու մայրերէն, տարբեր է իր սկզբունքներով,տարբեր է իր հոգիով,իր կենցաղով,իր մշակոյթով,իր պատմութեամբ եւ մանաւանդ՝ իր դատով:Ուստի այս մեծ պատիւը պէտք է արժեւորենք մեր կեցուածքով,մեր իսկական հայու նկարագրով:Ընկերուհին աւելցուց ըսելով:«Որովհետեւ հա՛յ մայրեր ենք, պարտաւոր ենք մեր զաւակները դաստիարակել հայ ապրելու շունչով,պարտաւոր ենք փոխանցել անոնց մեր բարքերն ու աւանդութիւնները,մեր մայրենի լեզուն եւ հայկական արժէքները,պարտաւոր ենք պատմել մեր պապերուն տարագրութիւնն ու ջարդը եւ մանաւանդ պարտաւոր ենք մերժել մեր դարաւոր թշնամիին մշակոյթն ու արտադրութիւնները»: Ընկերուհին անդրադարձաւ Հ.Օ.Մ-ի կատարած մեծ օժանդակութեան մեր բոլոր հայկական վարժարաններուն եւ Ս.Օ.Խաչի Շրջ. Վարչութեան, մասնաճիւղերու վարչութեանց, յանձնախումբերուն եւ անձնուէր անդամուհիներուն ստանձնած դժուարին պատասխանատուութեան եւ հզօր աշխատանքին,մանաւանդ այս ահռելի եւ դժնդակ օրերուն,հաւատարիմ մնալով իրենց երդումին, հասնելով կարիքաւոր ընտանիքներուն, մխիթարելով սգակիր մայրերը ,յոյս եւ կորով ներշնչելով անոնց մինչեւ որ ծագի խաղաղութեան արեւը մեր շատ սիրելի երկրորդ հայրենիքի երկինքին վրայ:

Ընկերուհին եզրափակեց խօսքը հետեւեալ մէջբերումով:«Հայ մայրը պէտք է ունենայ իր ուրոյն կենսաձեւը,իր զաւակը հայ պատրաստելու սեփական քաղաքականութիւն:Այն ատեն քաջաբար կրնայ նայիլ նախ ամբողջ աշխարհի մայրերու աչքերուն, ապա՝ ամենայն գոհունակութեամբ կը դառնայ իր հայրենակից մայրերուն ու կ'ըսէ անոնց լռելեայն...հետեւէ ինծի հա՛յ մայր,եթէ կ'ուզես հա՛յ ապրիլ աշխարհի վրայ:Յաղթեցի աշխարհի փորձութիւններուն,պահեցի կտակը պապերուս,մեծ մայրերուս,ու բաց ճակատով ազգիս կը յանձնեմ զաւակս, որպէսզի ան շարունակէ վառ պահել ջահը հայ ազգին...:»

-Երկուշաբթի 25 Մարտ, առաւօտեան ժամը 11:00-ին «Սարդարապատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Մօր Տարուան նուիրուած աշակերտական ձեռնարկ, կազմակերպութեամբ Ազգ.Ուսումն.Միացեալ Ճեմարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին:

11

Տօնակատարութեան մասնակցեցան մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի բոլոր աշակերտները խմբերգներով,ասմունքներով, երաժշտութեամբ եւ թատրոնով, ուր ազդեցիկ կերպով ներկայացաւ հայ հերոս մայրը, որ պատրաստ է իր բոլոր զաւակները պատերազմի դաշտ ղրկել, որովհետեւ կը հաւատայ որ միայն արիւնով կը փրկուին մեր հողերը: Աշակերտները ,իրենց անկեղծ ապրումներով , գովերգեցին եւ արժեւորեցին մայրերու զոհողութիւնը մաղթելով անոնց առողջութիւն եւ համբերութիւն խոստանալով որ իրենց լաւագոյնը կատարելով պիտի դառնան ապագայ հայ հերոսներ:
Ձեռնարկի աւարտին՝ Արժ.Տէր Միւռոն Քհնյ.Աւետիսեան իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ այս տարին հռչակած է Հայ Մօր Տարի,որովհետեւ հայ մայրը բոլոր մայրերուն մայրն է:Հայ մայրը 4000 տարիներու իր պատմութեամբ, իր դառն ու քաղցր փորձառութեամբ կտակած է մեզի հաւատքը մեր հայրենիքին,փոխանցած է մեզի զօրաւոր կամք կառչած մնալու մեր վեհագոյն գաղափարներուն, մեր ազգային եւ ոգեղէն արժէքներուն,որոնք ոչ ոք կարող է խլել մեզմէ:Հայ մայրը միշտ եղած է կրթական օճախ եւ հոգեւոր տաճար:Մեր գոյութիւնը որպէս հայ ազգ կը պարտինք հայ մայրերուն,որոնք կեանքի ամենէն դառն պայմաններուն մէջ պահած են մեր կրթական օճախները եւ ազգին նուիրած մեծ գրագէտներ, մտաւորականներ, բժիշկներ,հոգեւորականներ ,արուեստագէտներ եւ մենք այսօր հպարտօրէն կը գոյատեւենք որպէս զարգացած ազգ:
Քահանայ հայրը կոչ ուղղեց բոլոր մայրերուն, որ հաստատ կառչին իրենց կոչումին, որովհետեւ մայրութիւնը կոչում է,մայրը կոչումներուն կոչումը ունի :Ուստի, մանաւանդ ներկայ այս դժուար պայմաններուն մէջ, հայ մայրը պէտք է ապրի աւելի նախանձախնդրութեամբ, գիտակցութեամբ, պատասխանատուութեամբ եւ առաւել զգուշութեամբ ,որպէսզի նոր սերունդը մնայ միշտ հայաշունչ եւ առկայծող :

-Հայ մօր տարուան նուիրուած ձեռնարկ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Առաջին Վեհափառ Հայրապետը 2013 թուականը հռչակած է «Հայ Մօր Տարի»: Մեկնելով այս իրողութենէն. հովանաւորութեամբ Քեսապի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի եւ կազմակերպութեամբ Կիրակնօրեայ Դպրոցի տեսչութեան եւ ուսուցչակազմին Կիրակի, 17 Մարտ 2013ին տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը Սահակեան սրահէն ներս, նուիրուած Հայ Մօր Տարուան,

12

մասնակցութեամբ մանկապարտէզէն 7րդ դասարաններու աշակերտութեան:

Բացումը կատարուեցաւ Տէրունական Աղօթքով եւ Կիրակնօրեայի Մաղթերգով, ապա օր. Սոնիա Քորթմոսեան կարդաց բացման խօսքը, ուր անդրադարձաւ թէ փոքրիկները իրենց անմեղ շրթներէն բղխած, Կիրակնօրեայ Դպրոցէն ներս իրենց սորված Աղօթքներով, Սաղմոսներով ու երգերով կու գան ջերմօրէն շնորհակալութիւն յայտնելու իրենց շատ սիրելի մայրերուն:

Յայտագիրը սկսան մանկապարտէզի փոքրիկները «Աստուած ինծի տուած է» աղօթքով, ապա երգեցին Յարութեան Տօնին նուիրուած երգը «Բարի Հրեշտակ», Ա. Կարգի աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին «Ծիածան» երգով, իսկ Բ. կարգի աշակերտները՝ «Ով Տէր դուն Սուրբ ես» աղօթքով, ետքը երգեցին «Աստուած Սէր է» երգը: Եօթներորդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին փունջ մը բանաստեղծութիւններ մօր նուիրուած, ապա խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին «մօր կաթի գինը» թատրոնը:

Աւարտին, Արժ. Տ. Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեան իր սրտի խօսքին մէջ մեծապէս գնահատեց Տեսչութիւնը, ուսուցչակազմը եւ աշակերտութիւնը: Շնորհաւորեց մայրերը իրենց տօնին առիթով, եւ ապա «Պահպանիչ»ով փակեց գեղարուեստական հոգեպարար երեկոն:

Հայկական Մշակութային Լուրեր

«ՀԱՅ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐ» գիրքը վերահրատարակուած -Ահաւասիկ վերջապէս վերահրատարակուած, Վալանսի մէջ(Ֆրանսա)՝հազուագիւտ գիրք մը, զոր կարելի չէր գտնել աշխարհի տարածքին ոեւէ գրատան մէջ,կը հաղորդէ ( armenews.com) կայքէջը: Այս նոր հրատարակութիւնը կը բերէ իր համեստ քարը ,հայոց պատմութեան կառուցման: «Հայ կամաւորներ» խորագրով այս ալպոմը , հրատարակուած առաջին անգամ փոքր տպաքանակով, 1916-ին Պետերսպուրկի մէջ,ֆրանսերէն , ռուսերէն եւ հայերէն լեզուներով , կը պատմէ այդ օրերու արեան եւ արցունքի դիւցազնավէպը:

Երբեմն անշուշտ ուրախ արցունքներով, հայկական յաղթանակներու, թշնամի բանակներուն վրայ: Այդ պատմական էջերէն, զոր գրեցին մեր ֆետայիները , կամաւորներն ու զօրավարները՝ իրենց արիւնով, սակաւ պատկերներ հասած են մեզի:Սարսափի օրեր էին , երբ ամբողջ

13

ժողովուրդի մը ճակատագիրը կ'օրօրուէր կեանքի եւ մահուան միջեւ:Ուստի այս աշխատութիւնը, մեծ թիւով ընթերցողներու տրամադրութեան տակ կը դնէ , այդ փաստանկարները եւ մեկնաբանութիւնները ,որոնք վկայութիւններ են ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն համար: Ալպոմին բազմաթիւ քլիշէները հազուագիւտ են եւ կամ անծանօթ շատերուն: Հրատարակիչ՝Րէօնէ Աճեմեան կ'ըսէ.«Թող այս աշխատութիւնը օգնէ այդ ծանօթ կամ անծանօթ հերոսներուն , որոնք իրենց սուղ կեանքը զոհեցին ազատութեան ճամբուն վրայ, վերապրելու կարճ նայուածքի մը կամ ընթերցումի մը տեւողութեամբ ձեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ:Յաւիտենական պահերու համար»:

Հիլտա Գալֆաեան-Փանոսեանի Քրիստոսի Կեանքի Մասին Նկարազարդ Պատմութիւնը
Բանաստեղծ եւ հայ լեզուի հաւատաւոր պաշտպան Հիլտա Գալֆաեան-Փանոսեան, վերջերս Փարիզի մէջ, նորութիւն մը բերաւ մանուկներու ուղղեալ մեր կրօնական գրականութեան մէջ.ան գծանկարներու շարքով հրատարակեց Յիսուս Քրիստոսի կեանքն ու վարդապետութիւնը ներկայացնող գրքոյկ մը,որ պատկերազարդ պատմութիւնը կը դառնայ մեր կրօնքի հիմնական մէկ հատուածին։ Գունաւոր գիրքը, որ բոլոր մանուկներու հետաքրքրութիւնը կրնայ հրաւիրել, կոչուած է «Ի՞նչպէս Յայտնուեցաւ Որպէս Փրկիչ»։ Գծուած նկարներու ընդմէջէն հեղինակը սահուն եւ մանուկներուն հասկնալի լեզուով կը պատմէ Յիսուսին կեանքը, սկսելով Մարիամ Աստուածածնի փոխանցուած Աւետումէն։ «Գրքոյկը, որ շատ օգնական դասագիրք մը կրնայ նկատուիլ վարժարաններու համար, Փարիզի մէջ ողջունուեցաւ մեծ գոհունակութեամբ։ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորուան արք. Զաքարեան գոհունակութեամբ ողջունեց այս օգտաշատ հրատարակութիւնը, շնորհաւորեց հեղինակը եւ գիրքը յանձնարարեց վարժարաններուն ու ծնողներուն», կը գրէ «Մարմարա» օրաթերթը։ «Ի՞նչպէս Յայտնուեցաւ Որպէս Փրկիչ»ը տպուած է Երեւանի մէջ։ Նկարիչն է Այտա Պօյաճեան։ Հրատարակուած է հովանաւորութեամբ Փարիզի ՄԱՇՏՈՑ Հայ Լեզուի Պաշտպանութեան միութեան եւ Երեւանի ՎԱՆ Հրատարակչութեան:

14

Սուրիահայ Լրագրող Միհրան Եուսէֆ Խաղտըրեան Ոչ Եւս Է
Երկուշաբթի, Փետրուարի 25ի երեկոյեան սրտի կաթուածի հետեւանքով՝ Սուրիոյ մէջ մահացաւ 77ամեայ հայ լրագրող եւ հաղորդավար՝ Միհրան Եուսէֆ Խաղտըրեան: «Բերիոյ լուրեր»ու էջը կը տեղեկացնէ, որ Խաղտըրեան ծնած է Դամասկոս, հայրը հայ է, մայրը՝ արաբ: Այնտեղ կը նշուի, որ ան շատ կը սիրէր իր աշխատանքը եւ միշտ մերժած է իրեն ուղղուած այլ աշխատանքի առաջարկներ՝ ըսելով, որ ձուկը չի կրնար հեռանալ ջուրէն, այսինքն չէր կրնար հեռանալ իր սիրելի Դամասկոսէն: Խաղտըրեանի լրագրական ասպարէզը տեւած է շուրջ 45 տարի: Նախքան լրագրութեամբ զբաղուիլը Խաղտըրեան եղած է Դամասկոսի Բարեգործական միութեան դպրոցի տնօրէն:

Մանաս Պէօճիւքեանի Շքանշանի Տուչութիւն 
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Մարտ 7ի յետմիջօրէին, Առաջնորդ Սրբազան Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ազգ. առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց բարերար եւ Հայ Դատի ծառայող Մանաս Պէօճիւքեանի այցելութիւնը՝ ընկերակցութեամբ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր տնօրէն Աբօ Պօղիկեանի։ Առաջնորդ սրբազանը ազնիւ բարերարին յանձնեց Արամ Ա. կաթողիկոսի Սրբատառ կոնդակը, որով վեհափառ հայրապետը «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով կը պատուէր Մ. Պէօճիւքեանը։

Յարգելի բարերարը այս շքանշանին արժանացած էր 2012ի Մայիսին, Հայ Դատի եւ «Ասպարէզ»ի կողմէ կազմակերպուած հիւրընկալութեան մը ընթացքին: Առաջնորդը, յանուն վեհափառին, «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով պարգեւատրած էր Մանաս Պէօճիւքեանը։Սոյն այցելութեան պահուն, սրբազանը բարձր գնահատեց նուիրեալ հայորդիին բազմամեայ ծառայութիւններն ու նուիրաբերումը՝ միաժամանակ օրհնելով անոր վաստակը, որմէ առատաձեռն նուիրաբերումներ կատարուած են Հայ Դատին եւ մեր ազգային հաստատութեանց։ Առաջնորդ սրբազանը մասնաւորաբար կանգ առաւ ազնիւ բարերարին համեստութեան ու լուսարձակներէ հեռու գործած ըլլալու հանգամանքին առջեւ՝ նշելով, որ այս ընթացքով, ան վարուած է իբրեւ իսկական ու հաւատարիմ հայ քրիստոնեայ :

 Յիշենք նաեւ որ Լոս Անճըլէսի Քեսապցիներու Ուսումնասիրաց միութիւնը պարգեւատրած է Մանաս Պէօճիւքեանը 13 Յունուար 2013ին, Ս. Ծնունդի առթիւ կազմակերպուած հանդէսի մը ընթացքին

15

զայն կոչելով «Տարուան մարդը», man of the year 2012,իր կատարած սխրանքներուն համար:

Մահացած է Արամայիս Սահակեան 14 Մարտին,
երկարատեւ հիւանդութենէն ետք, Երեւանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մահացաւ 77 տարեկան յայտնի գրող, երգիծաբան,բանաստեղծ՛ հրապարակախօս ՝ Արամայիս Սահակեան: Սահակեան շարք մը գիրքերու հեղինակ է եւ 1982 թուականէն ի վեր «Ոզնի» երգիծական հանդէսի գլխաւոր խմբագիրն էր: Տարբեր տարիներու ընթացքին աշխատած է հայաստանեան մամուլին, խորհրդային Հայաստանի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կոմիտէին եւ անկախ Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի ընկերութեան մէջ, ինչպէս նաեւ եղած է նորանկախ Հայաստանի առաջին խորհրդարանի անդամ:




16

ԱԿՆԱՐԿ՝ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ
Բ.- ՀԱՅ ՀԻՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Հայ իսկական գրականութիւնը կը սկսի Ոսկեդարով մը:Այս պարագան կ՛ապացուցանէ,թէ գիրերու գիւտէն առաջ հայ գրականութիւն գրեթէ չկար,բայց կար հայ մտաւորական կեանք,եւ այդ կեանքը ստեղծուած էր նորամուտ քրիստոնէութեան արթնցուցած կրօնական կեանքին շնորհիւ:Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ անկէ յետոյ Ս.Ներսէս Պարթեւ Հայաստանի ամէն կողմերը հարիւրաւոր վանքեր հաստատած էին,ուրկէ դուրս կու գային ժողովուրդին մէջ մտնող անհամար կրօնաւոր քարոզիչ-ուսուցիչներ:

Հայ գրականութիւնը իր այս առաջին շրջանին մէջ(Ե-ԺԱ դար) անցած է զարգացման քանի մը փուլերէ.ան նախ ասորական-քրիստոնէական ազդեցութեան տակ սկսելով,զարգացած է յունական-բիւզանդական դպրոցին ազդեցութեան ներքեւ եւ վերջապէս ջանացած է ստանալ անկախ ուղղութիւն,առանց սակայն զերծ մնալու օտար ազդեցութիւններէ, ինչպէս,օրինակ,արաբական ազդեցութիւնը,որուն հետքերը կ՛երեւին այս շրջանի վերջին դարերու քանի մը մատենագիրներուն գործերուն մէջ:

Այս շրջանի մէջ տիրող մատենագրական լեզուն եղած է բացարձակապէս գրաբարը,որ նոյնպէս անցած է զարգացման քանի մը փուլերէ:Ան,ի սկզբանէ, ազնուական ու ոսկեղնիկ փայլով մը շողալէ յետոյ,հետզհետէ կորսնցուցած է իր փայլը,ենթարկուելով օտարոտի եւ տգեղ խաթարումներու կամ անշնորհ ռամկացումներու:Քաղաքական փոթորկայոյզ վիճակը, զոր ունեցած է Հայաստան (Ե դարէն) յետոյ, ապահովաբար ազդած է նաեւ լեզուին ու գրականութեան վրայ:

Այս շրջանին առհասարակ բոլոր մատենագիրները կրօնաւորներ եղած են, բացառութիւն կը կազմէ Գրիգոր Մագիստրոս(ԺԱ դար),որ առաջին աշխարհական հայ մատենագիրն է:Մշակուած նիւթերն են գլխաւորաբար կրօնական-իմաստասիրական նիւթեր:Իբրեւ զուտ աշխարհիկ գրականութիւն հազիւ կարելի է յիշել քանի մը թարգմանուած վէպեր եւ առակներ, ինչպէս«Մեծն Աղեքսանդրի Վարուց Պատմութիւն»-ը «Բարուախօս» եւ «Առակք Ողիմպիանու»կոչուած աոակաց հաւաքումները,«Խիկարայ Պատմութիւն»-ը,եւ«Պատմութիւն Յովասափու»ն, որ Պուտտայի վարքն է քրիստոնէական գոյնի տակ:Այս գործերը կը համարուին Յունարէնէ թարգմանուած Գրաբարի,(Զ-Ժ դարերու) միջոցին:
(Ե դարէն) առաջ հայ մատենագրութիւն ունեցած չենք,բայց կան (Դ դարէն) համարուած երեք պատմագիրներ,որոնց պատմութիւնները կը

17

կարծուի թէ գրուած են օտար լեզուներով եւ ապա թարգմանուած հայերէնի:Այս պատմագիրներն են Ագաթանգեղոս,Զենոբ Գլակ եւ Փաւստոս Բիւզանդ:

(Դ դարուն) հայ եկեղեցիներու մէջ տիրող դարձած էին ասորի եւ յոյն ծէսն ու լեզուները, Ս.գիրքը իր մայրենի լեզուովը հայ ժողովրդեան մատչելի ընելու եւ միանգամայն հայ ազգն ու եկեղեցին օտարանալու ակներեւ վտանգէն փրկելու նպատակով,Ս.Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետ (Դ դարու) վերջերը յղացաւ հայ գիրեր յօրինելու գաղափարը եւ ձեռնարկեց գործի:

Ս.Մեսրոպ իր այս ձեռնարկին մէջ վայելելով օժանդակութիւնը Ս.Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսին եւ պաշտպանութիւնը ուսումնասէր Վռամշապուհ թագաւորին,շատ ճամբորդութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ ըրաւ,եւ վերջապէս (406) թուականին հնարեց հայ տառերը,որոնց գիւտը աւանդութիւնը կը վերագրէ հրաշալի տեսիլքի մը:
Տառերու գիւտը հայ ազգին համար բացաւ մտաւոր եւ բարոյական զարգացման խիստ փառաւոր եւ արդիւնաշատ շրջան մը:Այս գիւտին անմիջապէս յաջորդեց մատենագրական խիստ բեղուն գործունէութիւն:Մատենագրական այդ գործունէութեան ամէնէն արդիւնաւոր շրջանն եղաւ մանաւանդ Ե դարու առաջին կէսը (400-450),որ է առաջին կամ երէց թարգմանիչներու շրջանը:Թէեւ Ե դարը, ընդհանուր առմամբ, հայ գրականութեան Ոսկեդարը կը համարուի,բայց այդ առաջին յիսնամեայ շրջանն է,որ իսկապէս կը կազմէ այդ Ոսկեդարը:

Ոսկեդարեան շրջանի մատենագրութիւնը ո՛չ միայն նշանաւոր է իր ճոխ արդիւնքով, այլ նաեւ լեզուի տեսակէտով:Այդ շրջանի գրաբարը իր խիստ ընտիր հանգամանքովը դիւրաւ կը տարբերի յաջորդ շրջաններու լեզուէն,որ հետզհետէ խաթարուած է օտար ազդեցութիւններու տակ:Ոսկեդարեան կամ Մեսրոպեան լեզուի յատկանիշներն են ոճի պարզութիւն,բնիկ ասութեանց առատութիւն եւ քերականական միութիւն:Ոսկեդարեան լեզուի ընտրելագոյն տիպար են՝ ինքնուրոյն գրուածներու մէջ Եզնիկի լեզուն,եւ թարգմանութեանց մէջ՝ Աւետարանի լեզուն:Ոսկեդարեան լեզուի հիմը կազմած է Արարատեան բարբառը,որ արքունիքի եւ ազնուականութեան լեզուն էր եւ կը կոչուէր Ոստանիկ բարբառ:

Բուն ոսկեդարեան շրջանի մատենագիրներն եղած են Ս.Սահակ Պարթեւ,Ս.Մեսրոպ Մաշտոց, ինչպէս նաեւ Կորիւն,Եզնիկ Կողբացի եւ իրենց ընկերները, որոնք կը կոչուին առաջին կամ երէց թարգմանիչներ:Ասոնք եղած են Ս.Սահակի եւ Ս.Մեսրոպի անմիջական օգնականներն ու գործակիցները:Բացի ասոնցմէ երիցագոյն

18

աշակերտներուն մէջ նշանակելի են Յովսէփ Պաղնացի,Յովհան Եկեղեցացի,Յովսէփ Վայոց ձորեցի,Ղեւոնդ Երէց,Թադիկ եւ այլն:

Հայ լեզուն եւ գրականութիւնը առաջին օրերէն օտար ազդեցութիւններէ զերծ չեն մնացած:Հնագոյն ազդեցութիւնը,զոր կրած է հայերէնը,պարսկերէնի ազդեցութիւնն է:Հայերը քրիստոնէութիւնն ընդունելէ յետոյ սերտ յարաբերութեան մէջ մտած էին յոյներու եւ ասորիներու հետ:Հայ պատանիներ իրենց ուսումը կատարելագործելու համար կ'երթային Եդեսիա կամ Բիւզանդիոն:Բնական է ուրեմն, որ նորածիլ հայ մատենագրութիւնը զերծ պիտի չմնար ասորի եւ յոյն ազդեցութիւններէ:

Բայց Խնդիրը կը տարբերի երկրորդ կամ կրտսեր Թարգմանիչներու օրով,որոնք բոլորովին հելլէն դպրութեամբ տոգորուած էին:Անկէ յետոյ է որ հայ մատենագրութեան մէջ երեւան կ՛ելլէ օտարամոլ այն ձգտումը, որ հելլենաբանութիւն անունով ծանօթ է եւ ոսկեդարեան ընտիր հայերէնը խաթարած է ա՛յնքան անխղճօրէն:Հայ մատենագրութեան մէջ հելլենաբանութեան առաջին եւ գլխաւոր ներկայացուցիչն է կրտսեր թարգմանիչներէն՝ Դաւիթ Անյաղթ: Ե դարու կէսէն յետոյ՝ առաջին կամ երէց թարգմանիչներուն յաջորդող մատենագիրներն են՝ Դաւիթ Անյաղթ, Եղիշէ, Ղազար Փարպեցի, Մովսէս Խորենացի, Յովհան Մանդակունի Գիւտ Կաթողիկոս եւ Մամբրէ Վերծանող:Ասոնք եղած են առաջին թարգմանիչներուն աշակերտները:

Զ-Է դարերը հայ մատենագրութեան համար գրեթէ ամուլ շրջաններ եղած են:Քաղաքական խռովայոյզ վիճակը որուն ենթարկուած էր Հայաստան պարսիկներուն եւ յոյներուն իրերամարտ կռիւներուն եւ աւելի վերջերը արաբներուն յարատեւ յարձակումներուն տակ,կասեցուցին Ե դարուն սկսուած գրական շքեղ շարժումը: Քաղկեդոնի ժողովին առիթով հայերու ունեցած գժտութիւնը յոյներու հետ եւ կրօնական յամառ վէճերն ալ կերպով մը պատճառ եղան այդ գրական ամլութեան:Զ դարէն ո՛չ մէկ նշանաւոր մատենագիր կը ճանչնանք,եղած են միայն մանր գրողներ,որոնց մէջ յիշատակութեան արժանի է Պետրոս Եպիսկոպոս Սիւնեաց:

Է դարը, համեմատաբար, բեղմնաւոր եղած է:Այդ դարու մատենագիրներուն մէջ նշանակութեան արժանի են՝ Անանիա Շիրակացի,Սեբէոս Եպիսկոպոս,Մովսէս Կաղանկատուացի,Յովհան Մամիկոնեան, Կոմիտաս Կաթողիկոս,Վրթանէս Քերթող,Թէոդորոս Քռթենաւոր,Փիլոն Տիրակացի եւ այլն:Է դարուն սկսած էին արաբական արշաւանքները եւ նոյն դարու վերջերը արդէն Հայաստան ինկած էր արաբական տիրապետութեան տակ,որ տեւեց մօտ երեք դար: Այս դժբախտ

19

շրջանն ալ,որուն յաջորդեցին սելճուքեան եւ ապա թաթարական արշաւանքները,հայ մատենագրութեան համար նուազ աղիտաբեր չեղաւ,մանաւանդ ուրիշ խորթ տարր մըն ալ մտցուց հոն,այն է արաբ լեզուի եւ գրականութեան ազդեցութիւնը:Այս կերպով հելլենաբանութեան վրայ աւելցաւ արաբաբանութիւնը:

Արաբաբանութեան առաջին նշանները կը գտնենք մենք նոյնիսկ Է դարէն Մովսէս Կաղանկատուացիի գործին մէջ:Յաջորդ դարերուն մէջ գլխաւոր արաբական մատենագիրներն եղած են՝ Յովհան Օձնեցի, Յովհան Կաթողիկոս, Թովմա Արծրունի, Գրիգոր Նարեկացի եւ մասամբ ալ Գրիգոր Մագիստրոս:

Ը դարու յիշատակութեան արժանի մատենագիրներն են՝ Ղեւոնդ Երէց,Յովհան Օձնեցի եւ Ստեփանոս Սիւնեցի: Ժ դարէն ունեցած ենք նշանակութեան արժանի երկու կրօնական մատենագիրներ,Խոսրով Անձեւացին եւ Գրիգոր Նարեկացին եւ երեք պատմիչներ, Ստեփանոս Ասողիկ, Ուխտանէս Պատմիչ, եւ Մեսրոպ Երէց: ԺԱ դարու ուշագրաւ մատենագիրներն են՝ Գրիգոր Մագիստրոս, Արիստակէս Լաստիվերտացի,Գրիգոր Վկայասէր եւ Պետրոս Գետադարձ:

-Օգտագործուած աղբիւր՝Պատմութիւն Հայ գրականութեան, Անթիլիաս, 1970, հեղինակ՝ Յովհաննէս Գազանճեան
Պատրաստեց Վանիկ Գլնճեան

Թէքնոլոճի

Կը շարունակենք ծանօթացնել ձեզի համակարգիչի կարեւորագոյն թղթածրարներու տեսակները : (խմբ.)
.doc (microsoft word)  "ուըրտ"ի թղթածրար
.xls (microsoft excel)  "էքսէլ"ի թղթածրար
.mdb (microsoft access)  "աքսէս"ի թղթածրար
.ppt (microsoft power point)  "փաուըրփօյնթ"ի թղթածրար
.htm, .html  համացանցի էջեր եւ թղթածրարներ
.hlp (help)  օգնութեան թղթածրար

20

Ուսուցչաց եւ մայրերու զոյգ տօներուն առթիւ , մեր աշակերտներն ալ շարժած են իրենց գրիչները, արտայայտելու իրենց զգացումներն ու երախտագիտութիւնը անոնց.կը ներկայացնենք այդ շարադրութիւններէն ընտրանի մը ,առ ի քաջալերանք մեր փոքրերուն:(խմբ.)

-Սիրելի՛ ուսուցիչներ եւ ուսուցչուհիներ,
Ես շատ կը սիրեմ եւ կը յարգեմ ձեզ, եւ կը գնահատեմ ձեր յոգնութիւնը, որովհետեւ գիշեր ու ցերեկ կը մտածէք մեր մասին , որպէսզի մենք միշտ լաւ սորվինք մեր դասերը , կիրթ մարդիկ ըլլանք եւ շատ փայլուն ապագայ մը ունենանք , օգտակար դառնալու մեր ընտանիքին , եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին.համբոյրներս ձեր բոլորին:
Նշան Պետրճիքեան Դ. Կարգ

-Սիրելի ուսուցիչներ եւ ուսուցչուհիներ,
Ձեր տօնին առթիւ սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ:Շնորհակալ եմ ձեր տարած աշխատանքին եւ հոգատարութեան համար դպրոցէն ներս , մեզ դաստիարակելու համար:
Ես ալ կը խոստանամ դասերս լաւ սորվիլ , նիշերս աւելի բարձրացնել եւ ազնիւ ու բարի աշակերտ մը ըլլալ, ուրախացնելու ձեզ եւ ծնողքս: Կը մաղթեմ ձեզի առողջ եւ ուրախ օրեր:
Ճորճ Ճուրեան Դ. Կարգ
-Սիրելի ուսուցիչներուս
Բառեր չունիմ ձեզ գնահատելու այն ամէն զոհողութիւններուն համար, որ ըրած էք մեզի համար : Ձեր տօնին առթիւ կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ կը մաղթեմ ձեզի առողջ ու երկար կեանք: Կը խնդրեմ Աստուծմէ որ ես ալ իմ կարգիս կարենամ գնահատել ձեզ, իմ դասերուս մէջ յաջող ըլլալով եւ դուք ալ ուրախանաք տեսնելով ձեր ցանած սերմերուն արդիւնքը:
Դալար Քալլուկեան Ե.Կարգ

21
-Մայրերու օրը
Սիրելի ՛ մայր,

Կը շնորհաւորեմ քեզ , մայրերու տօնին առթիւ: Բայց միայն այս տօնին առիթով չէ որ կը մտածեմ քու մասիդ՝այլ միշտ : Դուն ինծի համար կը զոհուիս ու կը յոգնիս : Երբ որեւէ բանի պէտք ունենամ , վազելով կը հասնիս օգնութեան : Երբ հիւանդանամ , գիշեր ու ցերեկ կը հսկես անկողնիս մօտ , կը գուրգուրաս վրաս որպէսզի կարողանամ յաղթահարել հիւանդութեանս : Հիմա ու միշտ հպարտութեամբ կ'ըսեմ բոլորին , որ իմ յաջողութիւններս քեզի կը պարտիմ :

Սիրելի մայրիկ ,կը մաղթեմ քեզի առողջութիւն եւ երկար կեանք : Միշտ մնաս մեր կողքին , որպէսզի մենք ոյժ ստանանք քեզմէ: Ըլլաս միշտ երջանիկ ,ու ես գիտեմ որ մեր յաջողութիւններն են որ կ'երջանկացնեն քեզ: Ջերմօրէն կը համբուրեմ քեզ , սիրով զաւակդ ՝
Մեղեդի Պետրճիքեան Զ. կարգ-

Մայրս
Սուրբ է մայրս,մեր տան ժպիտն է մայրս...
Աշխարհի լոյսն ու ճրագը:Կ'օրհնենք քեզ դուն մեր հայ լեզուն պահողն ու սորվեցնողը: Ոչ մէկ արժէքաւոր նուէր չի կրնար մօր սիրոյ եւ գուրգուրանքին արժէքին հասնիլ:
Այս տարի հայ մօր տարի է:Մօրս շատ պարզ նուէր մը պիտի նուիրեմ,սէր, հնազանդութիւն եւ աշխատասիրութիւն,որպէսզի իր գեղեցիկ դէմքին վրայ գծուի քաղցրիկ ժպիտ մը:Կը սիրեմ իր մեղմիկ համբոյրը այտերուս ու իր աչքերուն արցունքները ցոյց կու տան իր յուզիչ յիշատակներն ու ցաւերը:Հիւանդութեան ատեն գիշերները անքուն մնացած մեզ կը հսկէ հրեշտակի մը նման:
Կը մաղթեմ աշխարհի բոլոր մայրերուն առողջութիւն,երկար կեանք,համբերութիւն եւ ուրախութիւն:Կը փակեմ գրութիւնս Յովհաննէս Շիրազի հետեւեալ տողերով.
Մայրս
Մեր տան ամրոցն է մայրս,
Մեր տան արքան է մայրս,
Մեր տան աղբիւրն է մայրս:
Մայրս,մեր հացն է մայրս,

Մեր տան Աստուածն է մայրս:
Անթառամ Թրթռեան Է. Կարգ

22

ՈՒՆԵՆԱԼՆ ԻՆՉՈ՞Ւ
Ես տարիք չունիմ ոչ ալ տարեդարձ,
Տարիքը ինչո՞ւ տարեդարձը որո՞ւ,
Տարիքը ծնունդս է աշխարհը սնունդս,
Տարիներս բերանաբաց անդունդս,
Մահս անհետացումս վերջ...

Ես կարիք չունիմ,չունիմ ակնկալութիւն,
Աստուած կը հոգայ զիս,չեմ մտահոգուիր,
Բարեկամ ծանօթ մտերիմ չունիմ,ինչո՞ւ մտերմանալ,
Երբ բարեկամութիւնը մտերմութիւնը բառ մըն է ինքնին,
Բարեկամ...բայց ոչ բարի կամենալ.

Գեղեցկութիւն չունիմ.չէ բաշխուած ինձ...
Գեղեցկութիւնն ինչո՞ւ,չար սրտերու իղձ,
Արեւանգումներ,պղծում նախանձ պիղծ...

Երազ չունիմ,երազն ինչո՞ւ,
Ան քունի խանգարում է,կեանքի դառնութիւն
Ու մարմնի խաչելութիւն...

Գաղտնիք բնաւ գաղտնիքն ունենալն ինչո՞ւ
Ան սրտի ճմլում է հոգիի ճնշում.
Ու լեզուի պապանձում...

Ամէն բան ունիմ բայց ոչ մէկ բան,ունենալն ինչո՞ւ,
Անողոք մահը կը հալածէ զիս,ո՞ւր եմ փախչելու,
Կ՛երթամ ձգած ամէն բան ետիս...
Զօհրապ Այնթապլեան

23

Հայերէն ճիշդ գրենք ու խօսինք

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ----ԸՆԿԵՐԱԿԱՆ
-Ընկերականը կը վերաբերի ընկերոջ , ինչպէս բարեկամականը՝բարեկամին.
-Ընկերական զգացում , ընկերական հանդիպում(ընկերներու հանդիպում):
-Ընկերայինը կը վերաբերի մարդկային ընկերութեան դասակարգի.
-Ընկերային արդարութիւն , ընկերային յանձնախումբ:
-Մարդը ընկերային կը ծնի , սակայն ընկերական չէ միշտ:

ՄԱՐՄԻՆԻ -----ՄԱՐՄՆԻ
Կ'ըսենք մարմնի , երբ իմաստը ֆիզիքական է:
Կ'ըսենք մարմինի , երբ փոխաբերական է:
Այսպէս .-
Մարմնին բոլոր մասերը կը ցաւէին (ֆիզիքական):
Պատասխանատու մարմինի անդամ է (ոչ ֆիզիքակզն):
Հարուածը ճակտէն ստացաւ (ֆիզիքական):
Պատերազմի ճակատէն կու գամ (ոչ ֆիզիքական):
Գլխու ցաւէն կը տառապէր (ֆիզիքական):
Կազմակերպութեան գլուխին անդամ էր (ոչ ֆիզիքական):

ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ----ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ
Ժողովրդային կը նշանակէ ժողովուրդներու յատուկ, դասակարգային է .
-Ժողովրդային կենցաղ , ժողովրդային երգ :
Ժողովրդականը ՝ ժողովուրդին մէջ տարածուած է (նոյնիսկ եթէ ծագումը՝
Ժողովրդային չէ), ժողովուրդէն սիրուած է , որմէ՝«Ժողովրդականութիւն» բառը.-
-ժողովրդական երգիչ, ժողովրդական դերասան :

ԲԱՑՕԴԵԱՅ----ԲԱՑՕԹԵԱՅ
Բացօդեայ կը նշանակէ բաց օդով(խաղ , ժամանց , քուն):
Բացօթեայ կը նշանակէ բաց բնակութիւն, առանց տանիքի :
Ծանօթ.-բացօթեայ բառը առընչութիւն չունի օդի հետ ,
Այլ «օթ»ի հետ , որ կը նշանակէ բնակութիւն .նոյն արմատով
Կազմուած են գիշերօթիկ , ցերեկօթիկ բառերն ալ :

24

Խաչբառ թիւ 9-ի լուծում

Հորիզոնական
1-Թումանեան:2-Թակարդ:3-Ակ,նուրբ,ետ:4-Խիթ,թտ,գահ:5-Նրան,ատակ:6-Ապրէ՛,սանդ: 7-Կամ,ուլ,աստ:8-Ակ,որոշ,ակ:9-Արարիչ:10-Անմխիթար:
Ուղղահայեաց
1-Նախնական:2-Կերպաս::3-Ութ,թարմ,ան:4-Ման,նէ,որմ:5-Ակութ,ուրար:6-Նարտ,Լորի: 7-Երբ,կդ,շիթ:8-Ադ,անագ,նա:9-Տատասկ:10-Լեհաստան:

Խաչբառ թիւ Օ10        Պատրաստեց` Րաֆֆի Ճուրեան



Հորիզոնական
1-Նորընտիր քահանայապետին անունը:2-Շաղկապ մը,թրքական տիտղոս մը:3-Հայ նշանաւոր ծաղրանկարիչ,անձ.դերանուն մը:4-Ճամբայ,տառերը խառնուած՝անպտուղ:5-Անսկիզբ՝տիեզերք,այբուբենի 26րդ տառին անունը:6-Հակ.ծառի բունին վարի մասը,չմշկել:7-Ոչխարներու խումբ:8-Կրկնուող բաղաձայն մը,վերջին տառը զեղչուած՝աշնանային ծաղիկ մը:9-Կողոպուտ,համեմ մը:10-Իջեւան,ընձառիւծ:

ՈՒղղահայեաց
1-Հայ մեծանուն բանաստեղծ:2-Հակ.ջրախառն մածուն:3-Զոհի սեղան:4-Հեղեղ,սադրանք:5-Եւրոպական երկիր մը,դերանուն մը(արեւելահայերէն):6-Մարդկութեան նախամայրը,հակ.նուրբ:7-Հայրենիքին համար զոհուած անձ:8-Հակ.աչք:9-Միջազգային մարզական մրցաշարք:10-Րաֆֆիի վէպերէն,փափաք:
Ծանօթ.-«ու» եւ «իւ» բաղադրեալ ձայնաւորները նկատի առնուած են իբր մէկ տառ:











No comments:

Post a Comment