Thursday, October 31, 2013

ԿԱՍԻՈՍ ԼՐԱՏՈՒ Թիւ 17 Հոկտեմբեր 2013


ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
Էջ
 2   Խմբագրական –  
 3   Տեղական Լուրեր- 
 8   Հայկական Մշակութային Լուրեր - 
13   Մեսրոպ Մաշտոց –
13   Քեսապի Զաւակ՝ Շահէ Եպս. Փանոսեան,Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմի –     16   Ակնարկ՝հայ գրականութեան պատմութեան վրայ Զ. – 
18   Մուշեղ Իշխան – 
20   Քու Լեզուդ - 

Սուրբ Մեսրոպի Ժառանգը

Միթէ՞ առանց այդ ժառանգին կը ճանչնայինք Յիսուսն այնքան,
Որ փարելով լոյսին յաւերժ մենք ժխտէինք մոգ ու խաւար...:
Առանց անոր կը գոյանա՞ր մեծ մշակոյթ ոսկեդարեան,
Կամ կը դիմէ՞ր հայն անվարան դէպի Տէր-Զօր ու Աւարայր...:

Կ'ունենայի՞նք հայոց մտքի տիտանները յաւերժական,
Թէ՞ կը դառնար մեր կեանքն համակ անկերպարան լերկ անապատ.
Կ'երկնուէի՞ն բիւր մագաղաթ ու մատեաններ անզուգական,
Յաղթ խոյանքներ գոյատեւման ու անհնար Սարդարապատ...:

Առանց անոր մենք ազգովին ո՞ր երախին կուլ կ'երթայինք,
Սպանդանոց Տէր –Զօրներէն ինչո՞վ պիտի վերյառնէինք,
Ու անարիւն ջարդերուն դէմ դեռ ժայթքէինք ոգեկան բոց...:

Հայրենական մեր ժառանգին գերագոյն գանձն անտարակո՛յս,
Մեր այբուբենն է աննման ու զայն ձօնեց մեզ ամէնուս,
Հայ դարերու է՛ն մեծ սուրբը՝որ կը կոչուի Մեսրոպ Մաշտոց...:

Վրէժ Գլնճեան-Թուրեան

2

Կոչ՝
Մերօրեայ «Թարգմանիչներուն»

Հոկտեմբերը ՝ Հայ Մշակոյթի ամիս: Պէտք է տօնել , պէտք չէ մոռնալ մեր Թարգմանչաց սերունդը, պէտք է ոգեկոչել անոնց յիշատակը : Շատ բարի: Սեպենք թէ 100% ով կատարեցինք մեզմէ պահանջուածը ՝ հանդէսներ, տօնախմբութիւններ , աշակերտական ու հրապարակային ձեռնարկներ , քարոզներ ու բանախօսութիւններ : Յետո՞յ...
Անցեալը գովաբանելով միայն՝ ներկան ու ապագան չեն կերտուիր : Անցեալը օրինակ ծառայել տալով , մեր նախնեաց առաքելութիւնը մեր աշխատանքով շարունակելու վճռական որոշումով է որ կրնանք նոր «Թարգմանիչ» ներու ծնունդ տալ: Գիրերու նոր գիւտ ընող նոր Մաշտոցներու պահանջք չկայ այսօր , որովհետեւ այժմէական ներկայութիւն է Մեսրոպ Մաշտոց ամէն վայրկեան , իւրաքանչիւր գիտակից Հայու համար: Նոր Խորենացիներու , նոր Փարպեցիներու , նոր Եղիշէներու գոյութիւնը ապահովելը խիստ կարեւոր է. սակայն, խիստ անհրաժեշտ են նոր օրերու Սահակ Կաթողիկոսներն ու Վռամշապուհ Արքաները . այս հեռատես քաջերն են ամենէն շատ պէտք: Պարսից կողմ մնացած Հայաստանը ամենէն տկար տարածաշրջանն էր ոչ քրիստոնեայ Պարսից Արքայից Արքային համար , հետեւաբար եւ բնականաբար այնտեղ իշխող ու իրեն ենթակայ արքան ալ ամենէն տկարն էր բոլոր միւս հարկատու Արքաներուն մէջ: Միւս կողմէն , Բիւզանդական կայսրութեան տարածաշրջանին մէջ ապրող հայը ոչ մէկ վտանգ կը սպառնար կայսրութեան: Եւ այս երկու «խեղճութիւնները» կարողացան համոզել երկու կայսրերը որ արտօնեն Մեսրոպ Մաշտոցին պրպտելու եւ յօրինելու մեր գիրերը : Եւ այդ գիրերը միացուցին մեզ որպէս ազգ իսկ այդ միացումէն ծնաւ Կորիւն, ծնաւ ամբողջ սերունդ մը Հայկական Ոսկեդարը սարքող...
Այսօրուան համար նոր Վռամշապուհներն ու նոր Սահակ Հայրապետներ պէտք են քաղաքական , կրօնական , մշակոյթի ու կրթութեան մարզերէն ներս , հեռատեսութիւնն ու երկարժամկէտ ծրագիրները,զանոնք գործնականացնողներն են , որոնք կը պակսին հայ իրականութեան բեմերէն : Ողջունելի ձեռնարկ եւ յոյս ներշնչող դէպք էր 600 տարի ետք , անցնող Սեպտեմբերին Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Եպիսկոպոսական միացեալ Ժողովը, որուն մասնակից դարձան զոյգ Կաթողիկոսներն ու Եպիսկոպոսական դասը :Հեռատեսութեան ջրաղացին ջուր լեցնող մեծ քայլ է այս ժողովը:
Ազգային միասնականութենէն եւ միասնական ղեկավարութենէն միայն կրնայ ծնունդ առնել «Թարգմանչաց» նոր սերունդը , անյապաղ ամոքելու համար կոտտացող վէրքերը , տիրութիւն ընելու մեր բարքերուն եւ աւանդութեանց, պահպանելու եւ զարգացնելու լեզուն ու մշակոյթը:
ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Խմբագրական Կազմ
Պրն. Նշան Պասմաճեան- Խմբագրապետ ,Պրն.Րաֆֆի Ճուրեան- Փոխ Խմբագրապետ , Խմբագրութեան անդամներ՝` Տիկ.Նայիրի Կարճիկեան-Մելքոնեան , Տիկ. Յասմիկ Աւագեան-Սաղտըճեան , Օրդ. Վանիկ Գլնճեան , Օրդ. Սօսէ Պետիրեան:
Ձեր գրական ստեղծագործութիւններն ու ձեր նամակները ուղղուած Խմբագրութեան ՝ կրնաք յղել հետեւեալ հասցէին. gasioslradou@gmail.com

3

Տեղական Լուրեր

- Կազմակերպութեամբ Քէսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Դպրաց դասի վարչութեան,Կիրակի՝ 6 Հոկտեմբեր 2013 ին, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ «Հայ մօր տարուայ» առթիւ: Հիւր դասախօսն էր տիկին Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան: Տիկին Սեւան , իր խօսքը սկսաւ «Հայ Մօր Տարի» հռչակելու կարեւորութիւնը շեշտելով: Ան շեշտը դրաւ մեր հաւաքական ու ընկերային կեանքէն ներս հայ մօր ներկայութեան եւ դերին վրայ, ըսելով «մայրը հայ տան ճրագն է որ լուսաւոր պահած է հայ ազգի ֆիզիքական ու բարոյական ինքնուրոյն դիմագիծը: Հայ մայրը կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն ու պայմաններուն մէջ գիտցած է կառչած մնալ իր գաղափարներուն: Հայ մայրը իր օրինակելի վարքագիծով ու կեցուածքով անհուն զոհողութեամբ ու քրիստոնէական հաւատքով օրինակ դարձած է իր զաւակներուն»: Դասախօսը անդրադառնալով այսօրուան հայ մօր դաստիարակութեան մասին, մատնանշեց կարգ մը սովորութիններ ու վարքեր որ կը սողան հայ ընտանիքէն ներս ՝ հեռատեսիլի, Համացանցի, Ֆէյսպուքի ընդմէջէն ժխտական ազդեցութիւն թողնելով մեր զաւակներուն դաստիարակութեան վրայ: Դասախօսը իր խօսքին աւարտին շեշտեց հայ մօր հանդէպ մեր ունենալիք սիրոյ, գուրգուրանքին ու յարգանքին կարեւորութեան մասին:
Այս առթիւ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր մը իրագործուեցաւ ու հրամցուեցաւ ներկաներուն.Քոյր Սեւան Թրթռեան երգեց «Հիմա Ով Է» երգը կիթարի ընկերակցութեամբ Ռազմիկ Մելքոնեանի, ապա Քոյր Վանա Դանիէլեան արտասանեց Յովհաննէս Շիրազի «Յուշարձան Մայրիկիս»ը: Դպրաց դասի երգչախումբը ներկայացուց «Աստուածածին երկնային» շարականը եւ Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն» երգը ՝երաժշտութիւն՝ Յովհաննէս Պէրպէրեանի, խմբավարութեամբ Արժանապատիւ Տէր Միւռոն Քահանայ Աւետիսեանի:
Հանդէսը վերջ գտաւ Տէր Հօր «Պահպանիչ»ով:

-Կազմակերպութեամբ Ս.Օ.Խաչի «Մեղրի» մասնաճիւղի եւ Համազգայինի Համօ Օհանջանեան մասնաճիւղի զոյգ վարչութիւններուն ,Կիրակի 13 Հոկտեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00 –ին, տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն Քեսապի Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ «Սահակեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Քեսապի երեք համայնքներու հոգեւոր հայրերուն, թաղականութեան, միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ քեսապահայ հոծ բազմութեան:
Օրուան հանդիսավար՝ ընկհ.Ալին Պետուրեան ներկայացուց Թարգմանչաց տօնին խորհուրդը, որպէս ազգային ու եկեղեցական ամենէն կարեւոր տօներէն մէկը, տալով ամփոփ տեղեկութիւններ մեր թարգմանիչներուն եւ անոնց կատարած հսկայական գործերուն մասին:
Բացման խօսքը կատարեց ընկհ.Անի Աբէլեան,ուր ի միջի այլոց նշեց թէ Հոկտեմբեր ամիսը կը նկատուի Մշակոյթի Ամիս,որովհետեւ անոր մէջ է որ

4

հայ ժողովուրդը,գրեթէ ամէնուրեք,կը նշէ մեր սուրբ թարգմանիչներուն տօնը,յիշատակելու համար այն փառաւոր կտակը , զոր անոնք թողուցին հայ ազգին:Ընկերուհին անդրադարձաւ նաեւՄեսրոպ Մաշտոցի կատարած Գիրերու Գիւտին անհրաժեշտութեան եւ արժէքին ամբողջ քրիստոնէական մշակոյթ մը կերտելու,հայ ազգին ինքնութիւնն ու գոյութիւնը պահելու երկու հազարամեակի ընթացքին:



Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցեցան Քեսապի երեք վարժարաններէն խումբ մը աշակերտներ,որոնք իրենց երգերով եւ ասմունքներով արտայայտեցին իրենց սէրն ու բծախնդրութիւնը միշտ բարձր եւ մաքուր պահելու մեր ոսկեղնիկ լեզուն:Տեսաերիզի ցուցադրութեամբ 8-րդ կարգէն աշակերտներ պատմական ակնարկ կատարեցին Գիրերու Գիւտին եւ թարգմանական աշխատանքներուն:Անոնք եզրափակեցին ըսելով:«Հազար ու մէկ փոթորիկներ անցան հայ ժողովրդի վրայով,բայց ոչ մէկ արհաւիրք չկրցաւ հայ ժողովուրդի հոգիէն խլել իր սեփական մայրենի լեզուն եւ իր արիւնով գնուած քրիստոնէական հաւատքը,որ մեր պապերը կտակեցին մեզի:Անոնք կտակեցին չհեռանալ մեր Հայ եկեղեցիէն,որ ծննդավայրն է հայ լեզուին եւ հայ մշակոյթին:Այսօր մեզի կը մնայ կառչիլ մեր հոգեւոր արժէքներուն ,եւ աշխատիլ այնպէս,որ Թարգմանչաց ոգին եւ շնորհները մնան հայ ազգի իւրաքանչիւր անհատի հետ»:

5



Օրուան դասախօս՝ Տիկ.Ռիթա Կաղեան Տիքպիքեան անդրադարձաւ Գիրերու Գիւտին հիմնական շարժառիթին ,որ միակ միջոցն էր մեծ պետութիւններու ծրագրած ձուլման քաղաքականութեան դէմ դնելու եւ քրիստոնէական կրօնքի հիմնական սկզբունքները հասկնալի դարձնելու հայ ժողովուրդի զաւակներուն:Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց Ս.Մեսրոպ Մաշտոցի անձնական եւ գործնական կեանքը,հայերէն

6

տառերուն փնտռտուքի աշխատանքները Ս.Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսին եւ Վռամշապուհ Թագաւորին աջակցութեամբ հասնելով Աստուածաշունչի թարգմանութեան, որ կոչուեցաւ ԹԱԳՈՒՀԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆՑ: Ան նաեւ անդրադարձաւ այն յատուկ հանդիսութիւններուն, ուր մեծ շուքով տօնուեցաւ Գիրերու Գիւտին 1500 ամեակը եւ Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600 ամեակը:Ան եզրափակեց ըսելով.«Երանի Մեսրոպ Մաշտոցի եւ թարգմանիչներու ոգին մնայ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ,որպէսզի մենք որպէս ազգ գոյատեւենք,սիրենք եւ սիրցնենք մեր գեղեցիկ մայրենի լեզուն,որ անփոխարինելի է ինչպէս հայրենիքը եւ ծնողքը անփոխարինելի են:»
Արժանապատիւ Տէր Միւռոն Քհնյ.Աւետիսեան իր սրտի խօսքին մէջ գնահատեց զոյգ վարչութիւններու աշխատանքը այս եզակի տօնը բարձրորակ կերպով հրամցնելու հանրութեան: Ան շնորհաւորեց Տիկ.Ռիթա Կաղեան Տիքպիքեանի տարած աշխատանքները ըսելով:- «Նման աշխատունակ դէմքեր, ինչպէս նաեւ մայրեր կարեւոր են մեր կեանքին մէջ,որովհետեւ ընտանիքին յենարանը եւ ողնահարը հայ մայրն է,մանուկին առաջին ուսուցիչը,առաջին դաստիարակը հայ մայրն է».Քահանայ հայրը եզրափակեց ըսելով՝«Հայ լեզուն մեր աւանդը եւ սրբութիւնն է, հայերէն գիրերը մեր ազգային գոյութեան առաջին շարքի զինուորներն են,անոնց պահպանումն ու գոյատեւումը մեր գոյատեւումն է»:
Տէր հօր պահպանիչով եւ օրհնութեամբ վերջ գտաւ այս հանդիսութիւնը:



7

-Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2013-ին, Քեսապի Հ.Բ.Ը.Մ.ի կազդուրման կայանին մէջ տեղի ունեցաւ դաստիարակչական եւ ընկերային բնոյթ ունեցող դասախօսական շարքէն ՝«Մեր վարքագիծը» նիւթով դասախօսութիւնը:



Դասախօսն էր Տիկին Մարալ Մալաթչալեան- Չափարեան :Ան սկսաւ «Լաոթսո»յի խօսքով թէ՝« Ան որ մարդոց կը հասկնայ իմաստուն է.իսկ ան որ ինքզինք կը հասկնայ լայնամիտ է» : Ապա անմիջապէս իրական դէպքեր օրինակ բերելով բացատրեց թէ ամէն մարդ ծնած վայրկեանէն սկսեալ նախագծուած կ'ըլլայ ուրիշներու կողմէ եւ իր վարուելակերպը , ընթացքը, խօսելակերպը կը մնան անոնց պէս.առանց հարց տալու թէ այս նախագծուածքը օգտակար է կամ ոչ:Ետքը մանրամասն բացատրեց թէ ի՞նչ է վարքագիծը ,ուրկէ կու գայ եւ արդեօք կրնանք փոխել զայն թէ ոչ: Վերջաւորութեան, տիկին Չափարեան ի յայտ բերաւ թէ ամէն մարդ կարող է նոր վարք ունենալ՝ճանչնալով իր վարքի ժխտական կէտերը եւ փոխելով զանոնք դրականի.կարող է նաեւ ըլլալ այ՛ն անձը որ կ'ուզէր միշտ ըլլալ,միշտ միտքը ունենալով թէ «Կեանքը միայն մէկ առիթ չէ փորձելու, այլ ունինք մէկէ աւելի առիթներ փոխելու մեր վարքի ժխտական կողմերը»:

Դասախօսուհին փակեց իր խօսքը, պատգամելով ներկայ երիտասարդներուն՝«Ամէն մէկ վայրկեանդ ապրիր այնպէս որ կարծես կեանքիդ վերջինն է:Ապրիր հաւատքովդ,յոյսով , սիրով,պայքարով եւ միշտ արժեւորէ եւ իմաստաւորէ կեանքդ»:

8

Ինչպէս ամէն անգամ ,դասախօսական ձեռնարկը վերջ գտաւ կոկիկ հիւրասիրութեամբ մը, որուն ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան իրենց կարծիքները փոխանակելու օրուան նիւթին շուրջ:

-«Կասիոս»ի խմբագրութիւնը ստացած է հետեւեալ խրախուսիչ տողերը.

Բարեշնորհ Նշան սարկաւագ Պասմաճեան,
Շնորհակալութեամբ ստացայ ձեր ուղարկած Կասիոսի հին էջերը.
Պէտք է ըսել որ բաւական հետաքրքրական գրութիւններ են եւ մեր սրտերուն մէջ հին յիշատակներ արթնցնող նիւթեր կան.մեծապէս կը գնահատենք ձեր ազգօգուտ աշխատանքը.
Սիրոյ ջերմ ողջունիւ՝
Նորայր աւագ քահանայ Բաթանեան
Հովիւ Սիտնիի Ս.Յարութիւն Եկեղեցւոյ
Աւստրալիա 

Հայկական Մշակութային Լուրեր 

Եպիսկոպոսաց Ժողովը Եզրափակեց Իր Աշխատանքները
24-27 Սեպտեմբերին Մայր աթոռ Ս. Էջիմածինի մէջ գումարուած Եպիսկոպոսաց ժողովի դիւանը տարածած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը ժողովի աշխատանքներուն մասին .
«24 Սեպտեմբերի նիստերուն եպիսկոպոսաց դասը քննարկեց Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ մէջ սրբադասման աւանդութեան վերականգնման հարցը եւ այդ շրջագիծին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման խնդիրը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Զեկուցումներու քննարկման իբրեւ արդիւնք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման հոլովոյթին առնչութեամբ Եպիսկոպոսաց ժողովը որոշած է. ա) որդեգրել Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու հաւաքական սրբադասման սկզբունքը, բ) յանձնարարել Սրբադասման յանձնախումբին` շարունակել նահատակներու անհատական եւ խմբային սրբադասման ուսումնասիրութիւնը` Եպիսկոպոսաց յառաջիկայ ժողովներուն ներկայացնելու համար, գ)) յանձնարարել Սրբադասման յանձնախումբին մշակել սրբադասման կանոնակարգը եւ արարողակարգը` Եպիսկոպոսաց յառաջիկայ ժողովին ներկայացնելու համար:
25-26 Սեպտեմբերի նիստերուն Եպիսկոպոսաց ժողովի մասնակիցները քննութեան առին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ առաջին երկու խորհուրդներու` Ս. Մկրտութեան եւ Դրոշմի առնչութեամբ Ծիսական

9

յանձնախումբին կողմէ կատարուած աշխատանքները: Իսկ 27 Սեպտեմբերի նիստերը նուիրուած էին հայ եկեղեցւոյ այժմէական մարտահրաւէրներուն:
Եպիսկոպոսաց ժողովը որոշեց հաստատել հիմնադրամ մը` Հայաստանի ու Արցախի եւ սուրիահայութեան կարիքաւոր զաւակներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Հիմնադրամի գործունէութեան համար հաստատուեցաւ սկզբնական երկու միլիոն տոլարի նախնական դրամագլուխ, իսկ հիմնադրամի ընթացիկ աշխատանքներուն կազմակերպման համար ստեղծուեցաւ յատուկ յանձնախումբ:
Ժողովականները կարեւոր նկատեցին Եպիսկոպոսաց ժողովներու պարբերական գումարումը` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած զանազան մարտահրաւէրներուն ու հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն անդրադառնալու նպատակով:
Եպիսկոպոսաց յաջորդ ժողովը որոշուեցաւ գումարել 2014 թուականի աշնան:

Կառավարութիւնն Ու Բարեսիրական Կազմակերպութիւնները Պիտի Հոգան Սուրիահայ Ուսանողներու Կրթաթոշակը 
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ըստ Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան ՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը եւ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի հոգան սուրիահայ ուսանողներուն 2013-2014 տարեշրջանի ուսման թոշակները՝ իւրաքանչիւրը մինչեւ 1/3ի չափով:
Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմական իրադարձութիւններուն պատճառով Հայաստան եկած սուրիահայերուն աջակցութեան ծրագիրներու ծիրին մէջ Սփիւռքի նախարարութիւնը, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, ՀԲԸՄը եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը միացեալ յայտարարութիւն մը տարածած են այս մասին՝ նշելով, «Հայաստանի բարձրագոյն եւ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններում սովորող սիրիահայ ուսանողների 2013-2014 ուսումնական տարուայ վարձավճարների փոխհատուցման ծրագրի մեկնարկը»:
Ծրագիրի գործադրութեան նպատակով կազմուած է միացեալ յանձնախումբ՝ սփիւռքի նախարարութեան, ՀԲԸՄի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ու «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն»ի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: Յանձնախումբը արդէն սկսած է սուրիահայ ուսանողներուն

10

դիմումնագրերու ուսումնասիրման աշխատանքներուն: Յանձնախումբը պիտի գործէ ՀԲԸՄի Հայաստանի կեդրոնին մէջ:

«Կոմիտաս Վարդապետ» Համահայկական Փառատօնը Վերջ Գտաւ 3 հոկտեմբերին Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Կոմիտաս Վարդապետ» համահայկական փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան, Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, պետական-հասարակական գործիչներ, Կոմիտասի արուեստի երկրպագուներ:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ «Կոմիտաս Վարդապետ» փառատօնին կայացումը նպաստեց հայկական սփիւռքի մշակութային եւ հոգեւոր համախմբման Կոմիտասի արուեստին շուրջ: Յակոբեան նշեց, որ այս օրերուն նոյնիսկ ճափոնցիի, գերմանացիի եւ թուրքի շուրթերէն հնչեցին Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:
26 Սեպտեմբերէն սկսած «Կոմիտաս Վարդապետ» փառատօնի մասնակից երգչախումբերն ու անհատ կատարողները, որոնք Երեւանի, Գիւմրիի, Վանաձորի եւ Էջմիածինի մէջ ելոյթներ ունեցած են բազմաթիւ բեմերու վրայ, փակման հանդիսաւոր ձեռնարկին ժամանակ հանդէս եկան կոմիտասեան կատարումներով:
Աշխարհի 9 երկիրներէ եւ Արցախէն ժամանած մասնակիցները հիացուցին հանդիսատեսը կոմիտասեան ինքնատիպ կատարումներով: Տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ Ասուքա Եոշիզաք` Ճափոնէն, որ հազարամեայ պատմութիւն ունեցող ճափոնական քոթօ նուագարանով կը նուագէր Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները: Աւստրիոյ ներկայացուցիչ Եուհէի Ծուչիտա կատարեց «Հով արէք սարեր ջան» երգը: Կատարումներով հանդէս եկան նաեւ Աննա Մայիլեան, Շահէ Քէշիշեան Սուրիայէն, Գէորգ Հաճեան Լիբանանէն, «Արարատ» երգչախումբը Իրանէն, «Օվսաննա» եւ «Նորահրաշ» երգչախումբերը Ռուսիայէն: Ձեռնարկին ելոյթ ունեցան նաեւ Հայաստանի պետական ազգային ակադեմական երգչախումբը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան հովանիին ներքեւ գործող Համահայկական պատանեկան սիմֆոնիք նուագախումբը:
Ձեռնարկին ժամանակ ներկայացուեցաւ Հայկ Սայատեանի` Կոմիտասին նուիրուած այլաբանական ժապաւէնը:
Հայ երգարուեստի խումբ մը նուիրեալներ իրենց վաստակին, ինչպէս նաեւ «Կոմիտաս Վարդապետ» համահայկական փառատօնի կայացման

11

նպաստելու համար Սփիւռքի նախարարութեան ոսկիէ մետալով պարգեւատրուեցան: Անոնց շարքին էր Հայաստանի պետական ազգային ակադեմական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեան: «Կոմիտաս» մետալով պարգեւատրուեցան Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեան, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Սարգիս Նաճարեան, «Կոմիտաս Վարդապետ» համահայկական փառատօնի ղեկավար Սամուէլ Հարոյեան, Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի դասախօս Կարինէ Բրուտեան: Սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիրներով պարգեւատրուեցան երաժշտանոցի նախագահ Շահէն Շահինեան, համահայկական պատանեկան սիմֆոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Եսայեանց:
Փառատօնի մասնակից երգչախումբերուն եւ անհատ կատարողներուն տրուեցան մասնակցութեան հաւաստագիրներ եւ յուշանուէրներ:

Էդուարդ Միլիտոնեան` Հայաստանի Գրողներու Միութեան Նախագահ
20 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան արտակարգ համագումարը, որուն միակ օրակարգն էր միութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը` նախկին նախագահ Լեւոն Անանեանի մահուան պատկառով թափուր մնացած պաշտօնը լրացնելու համար:
Համագումարի մասնակիցներու քուէներու մեծամասնութեամբ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ ընտրուեցաւ Էդուարդ Միլիտոնեան:
«Երկիր»-ին համաձայն, համագումարին ընթացքին տեղի ունեցան սուր քննարկումներ: Էդուարդ Միլիտոնեան ստացաւ 199 քուէ, Յովիկ Յովէեան` 100, Դաւիթ Սարգսեան` 24, իսկ Ռոմիկ Խաչատրեան` 4: Անվաւեր նկատուեցան 7 քուէներ:

Հայաստան – Սփիւռք Հրատարակչական Աննախընթաց Գործակցութեամբ. Հանդիսաւոր Բացում` Հայրենի Եւ Համազգայինի Հրատարակչատուներու Գիրքերու Ցուցահանդէսին
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի ու ներկայութեամբ միութենական, կրթական ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու եւ գրասէր ու մշակութասէր ազգայիններու, երեքշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ գիրքերու աննախընթաց ցուցահանդէսի, որուն ընթացքին զեղչ-վաճառք յայտարարուած է Համազգայինի հրատարակութիւններու:

12

Հայրենի եւ Համազգայինի հրատարակչատուներու գիրքերու այս ցուցահանդէս-վաճառքի ձեռնարկին բացումը կատարեց Մարալ Ղարիպեան-Գալեմքէրեան, որ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` թուելով ցուցահանդէսի մասնակից հրատարակչատուներու եւ անոնց տնօրէններու անունները: Դեսպան Աշոտ Քոչարեանի կողքին, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկի, Ազգային երաժշտութեան գրադարանի, «Էտիթ Բրինթ», «Զանգակ» «Արթ Պրիտճ» հրատարակչատուներու եւ անհատ հրատարակիչներու մասնակցութեամբ իրագործուած այս ցուցահանդէսը աննախընթաց է Հայաստան – սփիւռք յարաբերութեան մէջ, ուր մշակութային գործօնը շատ մեծ դեր ունի:

Ապա հերթաբար խօսք առին հիւր հրատարակչատուներու ներկայացուցիչները ,որոնք իրենց խօսքերուն մէջ յոյս յայտնեցին որ այս ցուցահանդէսը առիթ ըլլայ նորանոր գործակցութիւններու , Հայաստանի եւ Համազգայինի հրատարկչատուներու միջեւ:
Համազգայինի «Վ. Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան իր կարգին ողջունեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնելով այս ձեռնարկի իրագործման նպաստած բոլոր կողմերուն, յատկապէս` դեսպան Ա. Քոչարեանին եւ հայկական պատուիրակութեան նախագահ՝Մկրտիչ Կարապետեանին: Հաւաթեան յոյս յայտնեց, որ առիթ կ՛ընծայուի հայրենի պատուիրակութեան հետ ընդարձակելու գործակցութեան դաշտը: «Մենք կոչուած ենք հոսանքն ի վեր թիավարելու», ընդգծեց Հաւաթեան` կոչ ուղղելով այս առիթը վերածելու պատգամի, ուր հայ գիրքը ըլլայ ջահակիրը:

Ձեռնարկին իր խօսքը ուղղեց նաեւ դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի իրագործման նպաստողներուն, յատկապէս` Համազգայինին: Ան յիշեց, թէ ինչպիսի զրկանքներով ու դժուարութեամբ կարելի եղած է սփիւռքի զանազան օճախներու մէջ գիրք հրատարակել:

Ան անդրադարձաւ Պէյրութի եւ Երեւանի դերակատարութեան` հայ գիրքին հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը խորացնելու իմաստով:
Նշենք, որ այս ցուցահանդէս-զեղչ վաճառքը կը շարունակուի «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ մինչեւ 2 նոյեմբեր 2013, առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

13

Մեսրոպ Մաշտոց

Հայոց պատմութեան մէջ ,Մեսրոպ Մաշտոց շատ մեծ անձնաւորութիւն մըն է,որովհետեւ ինքը գտաւ մեր հայերէն գիրերը 406 թուականին:Եթէ ան չըլլար ,մենք ասորերէն եւ յունարէն պիտի գրէինք ու կամաց –կամաց ձուլուէինք այդ ժողովուրդներուն հետ :



Գիրերու գիւտէն ետք ,առաջին թարգմանութիւնը եղաւ Աստուածաշունչէն՝«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ».ապա թարգմանուեցաւ ամբողջ Աստուածաշունչը,որ իր գեղեցկութեան համար կոչուեցաւ «Թագուհի Թարգմանութեանց»:
Մենք երախտապարտ ենք Ս. Մեսրոպի եւ իր ընկերներուն ու անոնց շնորհակալութիւն յայտնելու լաւագոյն ձեւը կ'ըլլայ մեր հայերէնը լաւ սորվելով ու անսխալ գործածելով:
Ժոզէֆ Քէշիշեան –Զ.կարգ


Քեսապի Զաւակ՝ Շահէ Եպս. Փանոսեան,
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմի

Գեղամ Արք. Խաչերեանի հրաժարականէն ետք, Լիբանանի թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Պէյրութի ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ` միակ օրակարգ ունենալով թեմի նոր առաջնորդի ընտրութիւնը:
Լիբանանի թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Տիգրան Ճինպաշեան ներկաներուն ընթերցեց առաջնորդի ընտրութեան օրէնքները, նաեւ Ազգային երեսփոխանական ժողովին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին միջեւ փոխանակուած նամակները, ինչպէս նաեւ

14

Կաթողիկոսին կողմէ փոխանցուած ընտրելի միաբաններու հնգանուն ցանկը եւ անոնց կենսագրական տուեալները (Կոմիտաս արք. Օհանեան, Շահէ եպս. Փանոսեան, Փառէն Ծ. վրդ. Վարդանեան, Մասիս Ծ. վրդ. Զոպուեան, Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեան): Տիգրան Ճինպաշեան կարդաց նաեւ Լիբանանի թեմի առաջնորդական տեղապահ Յարութիւն Ա. քհնյ. Կոստանեանի նամակը, ուր նշուած է Լիբանանի թեմի Ազգային իշխանութեան խառն ժողովին կողմէ հնգանուն ցանկէն ընտրուած եռանուն նախընտրական ցանկը` Կոմիտաս արք. Օհանեան, Շահէ եպս. Փանոսեան, Մասիս Ծ. վրդ. Զոպուեան
:



15

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն. ընտրողներու 34 ձայներէն Շահէ եպս. Փանոսեան ստացաւ 29 ձայն, Մասիս Ծ. վրդ. Զոպուեան 1 ձայն. կային 3 հատ ճերմակ քուէներ եւ 1 անվաւեր քուէաթերթիկ:
Աւարտին Տիգրան Ճինպաշեան յայտարարեց, որ Շահէ եպս. Փանոսեան ստացած ըլլալով Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամներուն աւելի քան երկու երրորդին ձայները` կ՛ընտրուի Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ:
Արդիւնքին մասին տեղեակ պահուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որուն վաւերացումէն ետք նորընտիր առաջնորդը պիտի ստանձնէ իր պաշտօնը: Շահէ Եպս. Փանոսեանի Կենսագրական Գիծեր
Ծնած է 1958-ին Քեսապ (Սուրիա): Նախնական ուսումը ստացած է Քեսապի Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանին մէջ:
1971-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, որուն Ժառանգաւորաց բաժինը աւարտելով` 1976-ին սարկաւագ ձեռնադրուած է:
1978-ին աւարտելով Դպրեվանքը, անդամ դարձած է անոր տեսչութեան կազմին` հսկիչի հանգամանքով, միաժամանակ հետեւելով բարձրագոյն ուսման, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանին մէջ:
1980-ին ձեռնադրուած է աբեղայ: Մինչեւ 1982, վանական պաշտօններու առընթեր, դպրեվանքին մէջ շարունակած է դասաւանդել հայագիտական նիւթեր:
1982-1986 ծառայած է Յունաստանի թեմին մէջ` Թեսաղոնիկէի համայնքին իբրեւ հոգեւոր հովիւ:
1987-1989 ծառայած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին մէջ, որպէս Ֆլորիտայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ:
1990-1994 եղած է հոգեւոր հովիւ Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ:
1993-ին ստացած է Ծայրագոյն վարդապետութեան կարգը:
1995-2002 հովուական պաշտօնով մեկնած է Քանատայի թեմ, ուր որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած է Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
2002-ին վերադարձած է Մայրավանք եւ մէկ տարուան համար ստանձնած «Թռչնոց Բոյն»-ի տեսչութեան պաշտօնը:
2004-2006 դարձեալ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին մէջ ծառայած է հովուական պաշտօնով` հոգեւոր հովիւ նշանակուելով Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ:
2006-2011 ստանձնած է Անթիլիասի դպրեվանքի տեսչութեան պաշտօնը:
2008-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է:
2011-էն ի վեր Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու Կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի կողմէ:
www.aztagdaily.com

16

«Կասիոս» լրատուի թիւերու մէջ լոյս տեսած հայ գրականութեան շրջաններուն վրայ ակնարկը , ընդհատուած էր թիւ11ին եւ 16ին մէջ.այս թիւով կը շարունանենք Նոր Շրջանի երկրորդ մասով , իսկ յաջորդիւ պիտի ներկայացնենք հայ գրականութեան արդի շրջանը:                                                                                                                        (խմբ.)

ԱԿՆԱՐԿ՝ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ Զ. ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ(Բ.)

ԺԸ դարուն սկիզբները Մխիթարեաններու ստեղծած ուսումնական եւ գրական շարժումին հետ գրեթէ համընթաց՝ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ալ ծայր տուաւ կրթական ու մատենագրական գործունէութիւն մը,որուն առաջին քաջալերողներն ու մղիչներն եղան (1715-1764) իրարու յաջորդող Յովհաննէս Կոլոտ եւ Յակոբ Նալեան ուսումնասէր եւ գրասէր պատրիարքները:Ասոնց օրով Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հաստատուած են տպարաններ եւ տպագրուած բազմաթիւ գիրքեր:Կոլոտ պատրիարք հաստատեց Սկիւտարի մէջ Կոստանդնուպոլսոյ առաջին հայ դպրատունը եւ Նալեան պատրիարք Գում-Գափուի մայր դպրատունը,որոնք մեծ արդիւնք տուին՝ հասցնելով ուսումնականներու ամբողջ սերունդ մը:

Մատենագրական այս շրջանին Կոստանդնուպոլսոյ հայոց մէջ յիշատակելի են Պաղտասար Դպիր,Գէորգ Դպիր Պալաթեցի,Գրիգոր Պատուելի Փէշտիմալճեան,Յովհան Միրզա Վանանդեցի,Աւետիս Պատուելի Պէրպէրեան,Յովհաննէս Պատուելի Չամուրճեան,Տերոյենց եւ Սրապիոն Հէքիմեան:

Մատենագրական այս շրջանին մէջ,Վենետիկէն ու Կոստանդնուպոլիսէն դուրս ալ,մասնաւորապէս Կովկաս, ծաղկած են քանի մը նշանակելի գրագէտներ,որոնց մէջ յիշատակելի են Սերովբէ Պատկանեան,Յարութիւն վարդապետ Ալամտարեան եւ Մեսրոպ Թաղիադեանց:

Այս շրջանին մէջ կը սկսին երեւան գալ առաջին հայերէն լրագիրները,թէեւ ի սկզբան անկատար փորձեր են, բայց հետզհետէ կը կատարելագործուին:Հայ լրագրութեան առաջին կեդրոններ եղած են Հնդկաստան (Կալկաթա-Մատրաս,ուր կար ծաղկեալ հայ գաղթականութիւն մը),Վենետիկ,Զմիւռնիա եւ Կոստանդնուպոլիս:

Առաջին հայ լրագիրներն եղած են
«Ազդարար»՝հրատարակուած Մատրաս 1794-ին,որուն խմբագրողն էր Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեան,
«Դիտակ Բիւզանդեան»՝ երկշաբաթաթերթ,հրատարակուածՎենետիկ 1812-ին, խմբագրութեամբ Մխիթարեան հայրերու,
«Լրոյ Գիր»՝շաբաթաթերթ,հրատարակուած Կոստանդնուպոլիս 1830-ին,
«Շտեմարան Պիտանի Գիտելեաց»՝ ամսաթերթ,հրատարակուած Իզմիր 1839-ին,խմբագրութեամբ բողոքական միսիոնարներու,որուն շարունակութիւնն է
«Աւետաբերը»-ը՝ երկշաբաթաթերթ,հրատարակուած Իզմիր 1840-ին , խմբագրութեամբ Ղուկաս Պալթազարեանի, որ հայոց լաւ խմբագրուած առաջին թերթն է եւ ունեցած է 45 տարուան կեանք,
«Բազմավէպ»՝ ամսաթերթ,հրատարակուած Վենետիկ 1843-ին,խմբագրութեամբ Մխիթարեան հայրերու,
«Ազգասէր»՝շաբաթաթերթ,հրատարակուած Կալկաթա 1845-ին,խմբագրութեամբ Մեսրոպ Թաղիադեանցի,
«Կովկաս»՝շաբաթաթերթ,հրատարակուած Տփղիս 1846-ին,խմբագրութեամբ Յակոբ Կարինեանի եւ Միքայէլ Պատկանեանի, որ Ռուսաստանի հայոց առաջին լրագիրն է,

17

 «Հայաստան»՝ շաբաթաթերթ, հրատարակուած Կոստանդնուպոլիս,1846-ին,խմբագրութեամբ Յովհաննէս Տերոյենցի, որ Կոստանդնուպոլսոյ առաջին կանոնաւոր հայ թերթն է,
«Եւրոպա»՝շաբաթաթերթ,հրատարակուած Վիեննա 1847-ին,խմբագրութեամբ Մխիթարեան հայրերու եւ այլն:Բացի Հնդկաստանի հայ լրագիրներէն եւ Ռուսաստանի հայոց «Կովկաս»-էն,որոնք գրաբար կը հրատարակուէին,միւս բոլոր թերթերուն լեզուն եղած է աշխարհաբար:

Լրագրութեան ծաղկելուն հետ, նոր աշխարհաբարն ալ կը սկսի ծաղկիլ եւ Կոստանդնուպոլսոյ բարբառին վրայ կը սկսի ձեւակերպուիլ արեւմտահայ աշխարհաբարը,իսկ Ռուսաստանի հայոց մէջ, Երեւանի բարբառին վրայ արեւելահայ աշխարհաբարը:Գրաբարը,որ Մխիթարեաններու շնորհիւ նոր կենդանութիւն,փայլ եւ հրապոյր ստացած էր,կը կորսնցնէ հետզհետէ իր հմայքը եւ եւրոպական կրթութեան,նոր գաղափարներու ու նոր պահանջներու տիրական ազդեցութեան տակ,կը բացուի հայ լեզուի ու գրականութեան արդի կամ ժամանակակից շրջանը,որուն նախակարապետները կ՛ըլլան Նահապետ Ռուսինեան,իր ընկերներով Թուրքիոյ հայոց մէջ եւ Խաչատուր Աբովեան ու իր հետեւորդները՝ Ռուսաստանի հայոց մէջ:
Յակոբ Գազանճեան Համադրեց՝ Վանիկ Գլնճեան

18

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ (1913-1990)




Մուշեղ Իշխանի գրականութեան մէջ մարդկային հոգիի ամէնէն հարազատ եւ բիւրեղ ապրումները, տառապած, բայց տառապանքէն չնուաճուած հոգիի մը հայանուագ երգով առաւել եւս կը մարդկայնացնեն եւ կը հայացնեն հոգիները անոնց, որոնք կը հանդիպին այդ նուագին եւ կը ներդաշնակուին անով։ 
(ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ)

Մուշեղ Իշխան (Ճէնտէրէճեան) ծնած է 1913-ին, Սիվրի Հիսար, Անգարայի նահանգին մէջ։ Թուրք դահիճին եաթաղանը խլած է կեանքը նաեւ նորածին մանուկին ծնողքին, անոր վիճակելով Ցեղասպանութենէն վերապրողներու կեանքի դաժան պայմանները։

Մանկութեան առաջին 4-5 տարիները անցուցած է աքսորի սարսափներուն մէջ, նոր աչք բացող երեխայի անգիտակցութեամբ։ Դամասկոսի մէջ ան յաճախած է կաթողիկէ, աւետարանական եւ առաքելական վարժարաններ։ 1928-ին վկայական ստացած է Հայոց Ազգային վարժարանէն։ Այնուհետեւ, արհեստ սորվելու ձախող փորձերէ ետք, Մ. Իշխան յաջողած է ինքզինք «նետել» Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը, ուր մնացած է դպրոցական երկու տարեշրջան` աշակերտելով Յակոբ Օշականի։ Մելգոնեանի ընթացքը առանց աւարտելու, 1930-ին, երբ ան արձակուրդի կու գայ Պէյրութ, կը դառնայ գիշերօթիկ սան՝ Շանթի եւ Աղբալեանի նոր բացած Հայ Ճեմարանին։ Հինգ տարուան ուսանողական շրջանէ մը ետք, ան կը դառնայ ուսուցիչ՝ նոյն հաստատութեան մէջ։

Բարձրագոյն ուսման երազը 1938-ին զինք կը տանի Պելճիքա, ուր ան երկու տարի կը հետեւի Պրիւքսէլի համալսարանի մանկավարժական եւ գրականութեան ճիւղերուն։ 1940-ին, փախուստ տալով Համաշխարհային Բ. պատերազմի արհաւիրքներէն, Իշխան կը վերադառնայ Պէյրութ եւ իր կեանքը բոլորանուէր կերպով կը մատուցէ հայ նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան աշխատանքին՝ իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարելով Ն. Փալանճեան ճեմարանին մէջ, որուն փոխ տնօրէնի պաշտօնը կը վարէ հիմնադիրներուն մահէն ետք։ Մուշեղ Իշխան եղաւ հայ ուսուցիչի եւ հայ մանկավարժ-դաստիարակի այն ոգեղինացած տիպարը, որմէ իրենց ազգային տոհմիկ դաստիարակութիւնը ստացան հայ սերունդներ: Ուսուցիչ մը, որ ներշնչման աղբիւր հանդիսացաւ ազգային եւ մարդկային ձգտումներու, որոնց նրբացման, յղկման եւ զարգացման նուիրուեցաւ ան կէս դար շարունակ: Եղաւ սպասարկուն տոհմային արժէքներու պահպանման եւ փոխանցողը՝ մարդկային գիտութեանց: Սովորական իմաստով հայ ուսուցիչ մը չէր ան, այլ դաստիարակ մը, որ յիսուն

19

տարիներու ընթացքին հասնող սերունդներու հոգիներուն մէջ ցանեց առողջ մտածումի, ազնիւ զգացումի եւ գեղեցիկ հոգիի սերմեր: Բազմավաստակ դաստիարակ, գրագէտ, գրականագէտ, մանկավարժ–դասախօս եւ հայ մշակոյթի սպասարկու Մ. Իշխան գրել սկսած է 16-17 տարեկանին։ Առաջին բանաստեղծութիւնը տպուած է «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ:

1932-էն անդին, ուսուցչական պաշտօնին կողքին, հաւատարիմ իր գրողի կոչումին, ան քանի մը տարին անգամ մը հրատարակած է բանաստեղծութեան եւ արձակ գործերու նուիրուած հատորներ, հետեւեալ յաջորդականութեամբ. «Տուներու երգը» (1936), «Կրակը» (1938), «Հայաստան» (1946), «Կեանք ու երազ» (1949), «Երեք մեծ հայեր» (1952), «Հացի եւ լոյսի համար» (1956), «Ողջո՜յն քեզ, կեանք» (1958), «Ոսկի աշուն» (1963), «Տառապանք» (1968), «Մեռնիլը որքան դժուար է» (1971), «Արդի հայ գրականութիւն» Ա. Բ. եւ Գ. հատորներ (յաջորդաբար՝ 1973, 1974 եւ 1974), «Մնաս բարով մանկութիւն» (1974), «Սպասում» (1977), «Սառնարանէն ելած մարդը» (1979), «Թատերախաղեր» (1980), «Իմ ուսուցիչներս» (1984) եւ «Արեւամար» (1986):

Միաժամանակ, ան ունեցած է հրապարակագրական վաստակաշատ գործունէութիւն: 1941-1951 եղած է խմբագիր «Ազդակ» օրաթերթին եւ Շաբաթօրեակին։ Ժամանակ մը մաս կազմած է «Բագին»ի խմբագրութեան: 1988ին Մ. Իշխանի ծննդեան 75 ամեակին առիթով, Ամերիկահայոց Միջազգային քոլեճը մեծարանքի հանդիսութեամբ մը, հայ մշակոյթի բազմամեայ նուիրեալին շնորհած է Պատուոյ դոկտորայի տիտղոս: 1988էն ասդին հեղինակին խոր գոհունակութիւն առթող իրողութեամբ մը, Մ. Իշխանի գործերը տեղ գտան նաեւ հայրենի մամուլին մէջ, իսկ թատերական գործերէն քանի մը հատը բեմադրուեցան հայրենի բեմերուն վրայ։
Մ. Իշխան առ յաւէտ իր աչքերը կը փակէ 12 Յունիս 1990-ին, արեւմտեան Պէյրութի իր բնակարանին մէջ, սիրտի տագնապի մը իբրեւ հետեւանք:
Այսօր, իր ծննդեան հարիւրամեակին առիթով, տարիներու մշուշին մէջէն կը շողայ դէմքը ուսուցիչ, մանկավարժ, դաստիարակ եւ հանրային գործիչ Մուշեղ Իշխանի, որ ամբողջ կէս դար խնկարկեց հայ գրականութեան, բերելով իր արժէքաւոր նպաստը հայ բանաստեղծութեան, խնկարկեց հայ մանկավարժութեան, բերելով իր կարեւոր ներդրումը հայ սերունդներու ազգային ու մարդկային դաստիարակութեան գործին:
Համադրեց՝ Յասմիկ Աւագեան

20

ՔՈՒ ԼԵԶՈՒԴ 
Ե՞րբ բխեցաւ աղբիւրն առատ իր ակէն.- 
Խօսքիդ առուն կը թաւալի օրն ի բուն, 
Լեզուիդ անկապ վանկերը բառ են արդէն, 
Բառերը պերճ՝ յաղթանակի ղօղանջիւն: 

Քու շուրթներով՝ մերթ անսայթաք, մերթ թոթով, 
Կը բարբառի մեծախորհուրդ հայ ոգին.- 
Ո՛չ մէկ նուագ եւ ո՛չ մէկ տաղ հոգեթով 
Ունի արուեստն արեւաշող քու խօսքին: 

Քեզմէ առաջ հնչա՞ծ է մէկն այսքա'ն ջինջ, 
Այսքա'ն քնքուշ՝ մեսրոպաշունչ հայ լեզուն… 
Մեր գանձերուն, մեր դարերուն խռովիչ 
Դուն նորաստեղծ քնարահարն ես բեղուն: 

Երբ հայերէն կը ճռուողես դուն անփոյթ, 
Ես կը փակեմ իմաստութեան ամէն գիրք, 
Կ'ուզէ Հանին ուտել անո՜ւշ այդ լեզուդ 
Ու կը յորդի՜ լոյսերով տունըս փոքրիկ: 

Ո՞վ է վարպետն ու ո՞վ աշկերտը խոնարհ 
Պապենական մեր մեծասքանչ բարբառին. 
Բառերն ամէն զոր դուն ինձմէ սորվեցար՝ 
Քու շուրթներէդ ես կարծես նո՛ր կ'ուսանիմ: 

Խօսէ՛, տղա՛ս, խօսէ՜ անվերջ մեր լեզուն, 
Այսպէս հպարտ եւ երկիւղով սրբազան, 
Եթէ յանկարծ զիս չգտնես օր մը դուն 
Եւ մինչեւ իսկ շուրջդ ո՛չ ոք խօսի զայն... 
Մուշեղ Իշխան

Monday, September 30, 2013

ԿԱՍԻՈՍ ԼՐԱՏՈՒ ԹԻՒ 16 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2013

1
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

Էջ
2       Խմբագրական – 
3       Տեղական Լուրեր- 
4       Հայկական Մշակութային Լուրեր - 
8       Խաչվերաց – 
10     Եպիսկոպոսաց ժողով Ս. Էջմիածնի մէջ – 
12     Հաղորդագրութիւն – 
13     Աւետիս Ահարոնեան – 
15     Անդրանիկին Սուրը – 


«Աշխարհի վրայ չկայ ոյժ , որ կարենայ աւերել այս ազգը...
Ան իր մղած պատերազմներուն մէջ յաղթեր է ու յաղթուեր. 
Անոր գրականութիւնը դեռ չէ կարդացուած, երաժշտութիւնը չէ ունկնդրուած,
իսկ աղօթքները մնացած են անարձագանգ:
Շարունակեցէ՛ք աւերել այս ազգը: 
Աւերեցէ՛ք Հայաստանը, անապատները քշեցէ՛ք հայերը, 
ձգեցէ՛ք զանոնք առանց հացի ու ջուրի, 
այրեցէ՛ք անոնց տուներն ու եկեղեցիները եւ ապա տեսէ՛ք...
Անոնք չե՞ն ծիծաղիր նորէն...
Չե՞ն երգեր ու աղօթեր նորէն...
Որովհետեւ երբ երկու հայ հողագունդի վրայ որեւէ տեղ իրարու հանդիպին, 
տեսէ՛ք թէ անոնք չե՞ն կերտեր նոր ՀԱՅԱՍՏԱՆ»:
Ուիլիէմ Սարոյեան
2

Խմբագրական

Սեպտեմբեր 1991-Սեպտեմբեր 2013: Քսաներկու տարիէ ի վեր մեր հայրենիք Հայաստանը վերագտած է իր անկախութիւնը: Պետականութեան հաստատումը կատարուած է եւ ամրապնդման գործընթացը կը շարունակուի համահայկական ճիգով , որ ցնծութեամբ կը լեցնէ վերանկախացած միջին հայուն սիրտը:
Ակներեւ է ,մանաւանդ վերջին երկու տարիներուն , այն դերը որ խաղաց եւ կը խաղայ Հայաստանը , Սուրիա հայրենիքի անապահով օրերուն , խաղաղ ապաստան հանդիսանալով Սուրիոյ զանազան շրջաններէն Հայաստան ժամանած ընտանիքներուն ու անհատներուն, տրամադրելով գուրգուրանք , գործ , տուն ու դպրոց , մերթ ձրի , մերթ յատուկ զեղչով ու դիւրութիւններով:
Հայաստան- Արցախ – Սփիւռք յարաբերութեանց առաւել սերտացումը հրամայական է ի սէր համահայկական կազմակերպուած աշխատանքի : Թող անկախութեան 22րդ տարեդարձը նոր էջ բանայ վերոնշեալ յարաբերութեանց ամրապնդման:
Քեսապն ալ , նման Հայաստանի , իր հիւրընկալի դերը կը խաղայ այսօր սուրիացի իր եղբայրներուն ու քոյրերուն ի նպաստ, անոնք ըլլան հայ թէ ոչ հայ : Այս հայաւանը եղաւ պատսպարան ու ապահով բոյն բազմաթիւ ընտանիքներու , աշակերտներու , որոնք Սուրիոյ զանազան անկիւններէն խուժեցին Քեսապ :Հայկական երեք վարժարանները իրենց դռները լայն բացած են բոլոր դպրոցականներուն առաջ , որպէսզի անոնք կարենան շարունակել իրենց ուսումը հնարաւորին չափ բնական պայմաններու մէջ:
Այս առթիւ կը շնորհաւորենք մեր գիւղի ղեկավարութիւնը , խնամակալ ու խնամատար մարմինները , տնօրէնները , ուսուցչական կազմերն ու աշակերտները իրենց տածած գուրգուրանքին համար զոր կը կատարեն իբր առաքելութիւն :Բարի վերամուտ եւ արդիւնաւոր տարեշրջան կը մաղթենք մեր աշակերտներուն : 
                                                                                                                            Խմբագրութիւն

Խմբագրական Կազմ
Պրն. Նշան Պասմաճեան- Խմբագրապետ ,Պրն.Րաֆֆի Ճուրեան- Փոխ Խմբագրապետ , Խմբագրութեան անդամներ՝ Տիկ.Նայիրի Կարճիկեան-Մելքոնեան , Տիկ. Յասմիկ Աւագեան-Սաղտըճեան , Օրդ. Վանիկ Գլնճեան , Օրդ. Սօսէ Պետիրեան:
Ձեր գրական ստեղծագործութիւններն ու ձեր նամակները ուղղուած Խմբագրութեան ՝ կրնաք յղել հետեւեալ հասցէին. gasioslradou@gmail.com

3

ՏԵՂԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Տօն Խաչվերացի
-Կազմակերպութեամբ Ս.Օ.Խաչի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութեան Կիրակի 15 Սեպտեմբեր 2013-ին տեղի ունեցաւ «Բերքօրհնէք» Քեսապի Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Ս.եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին:

Խաչվերացի տօնին առիթով մասնաճիւղիս ընկերուհիները իրենց պարտէզներու տեսակաւոր պտուղներէն բերին եկեղեցի խնդրելով Աստուծոյ օրհնութիւնը, մաղթելով բարեբեր եւ խաղաղ տարի համայն աշխարհին, մասնաւորաբար մեր երկրին եւ մեր թանկագին Քեսապ աւանին:Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ բակին մէջ, օրհնուած պտուղները հրամցուեցան բոլոր հաւատացեալներուն,որոնք բարեմաղթութիւններ փոխանակելով խնդրեցին Աստուծմէ,որ պահէ պահպանէ Քեսապն ու քեսապահայութիւնը,խաղաղութիւն պարգեւէ ու փրկէ Սուրիոյ բոլոր քաղաքներն ու անոր արիասիրտ ժողովուրդը:

Հանդիսաւոր Ս. Եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ նաեւ, Խաչվերացի առթիւ,Քեսապի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագիչն էր Ս. Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորանշանակ ժողովրդապետ՝ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան : Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ անդաստանի օրհնութիւն,որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Բարձր Ճէզիրէի առաջնորդական փոխանորդ տէր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Այվազեան:Հոգեպարար արարողութիւնը վերջ գտաւ «Խաչի Քո Քրիստոս»աղօթքով:



4

-«Կասիոս» Գրական Լրատուի խմբագրակազմը , բարի գալուստ կը մաղթէ Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ նորանշանակ ժողովրդապետ Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանին,որ Օգոստոսէն ի վեր ստանձնած է իր նոր պաշտօնը:
Հայր Նարեկ վարած է Լիբանանի զանազան եկեղեցիներու մէջ ժողովրդապետի պաշտօններ, ինչպէս նաեւ Զմմառու միաբանութեան վարչութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը : Ան քանիցս այցելած է Քեսապ եւ մասնակցած Քեսապի Հայ Կաթողիկէ համայնքին հոգեւոր կեանքին: Կը մաղթենք հայր սուրբին յաջողութիւն իր աստուածահաճոյ առաքելութեան մէջ :

Հայկական Մշակութային Լուրեր

Մահացած Է Աշխարհահռչակ Ֆրանսահայ Գեղանկարիչ Ժանսեմ
27 օգոստոսին 93 տարեկան հասակին մահացած է աշխարհահռչակ ֆրանսահայ գեղանկարիչ Ժանսեմը:
Ժան (Յովհաննէս) Սեմերճեան ծնած է 9 մարտ 1920-ին` Արեւմտեան Հայաստան, մանկութիւնը անցուցած է Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ, ապա տեղափոխուած է Ֆրանսա:
Ժանսեմի անուան երկու թանգարաններ կան Ճափոնի մէջ: Անոր ստեղծագործութիւնները կը պահուին աշխարհի նշանաւոր թանգարաններուն մէջ:
Ժանսեմը 2000-2001-ին Հայաստան երկրորդ այցելութեան ընթացքին իր 34 կտաւներէ բաղկացած «Եղեռն» շարքը նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին, ուր յատուկ բաժինի մը մէջ միշտ կը ցուցադրուի այցելուներուն: Յատկանշական է, որ անոր այս շարքին կրկնօրինակները խորհրդանշական կերպով իրենց տեղը գտած էին Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ներքեւ գտնուող Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան հայ մեծանուն գեղանկարիչ Ժանսեմի` Յովհաննէս

5

Սեմերճեանի մահուան առիթով ցաւակցական հեռագիր յղեց անոր ընտանիքին, հարազատներուն եւ անոր բարձր արուեստի բազմահազար երկրպագուներուն:
«Ան իր խորունկ, մարդասիրական ստեղծագործութիւններով վաղուց դասուած է 20-րդ դարու հայ կերպարուեստի ամենէն ինքնատիպ ներկայացուցիչներու շարքին: Իբրեւ ճշմարիտ արուեստագէտ եւ հայրենասէր` Ժանսեմ տասնամեակներ շարունակ իւրօրինակ հոգեւոր կամուրջ եղաւ նաեւ հայրենիքին եւ սփիւռքին միջեւ», ըսուած է Հայաստանի նախագահի ցաւակցական հեռագիրին մէջ: Ժանսեմի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 3 Սեպտեմբերին՝ Փարիզի Հայ առաքելական Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ։

Հայաստանի Համալսարաններուն Մէջ Սուրիահայերուն Յատուկ Զեղչեր Պիտի Տրուին 
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան սուրիահայ ուսանողներուն համար կրթաթոշակի զեղչ կատարելու վերաբերեալ շրջաբերական նամակով դիմած է Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու նախագահներուն: Նամակին մէջ նշուած է. «Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնների նախապատրաստական բաժիններում սովորող սիրիահայ ուսանողների համար սահմանել ուսման վարձավճարի 50 տոկոս զեղչ, իսկ բուհում սովորողների համար՝ ուսման վարձավճարի չափը սահմանել 2012-2013 ուստարուայ(ուսումնական տարի) համար Հայաստանի քաղաքացիների համար սահմանուած վարձավճարի չափով: Սիրիայի բուհերից Հայաստանի բուհեր տեղափոխուել ցանկացող սիրիահայ ուսանողների համար, եթէ առարկայական տարբերութիւնները գերազանցում են 20 կրեդիտը, սահմանել առարկայական տարբերութիւնների յանձնման ժամկէտ եւ նրանց հնարաւորութիւն տալ ուսումնառութիւնը շարունակել այն կուրսից, որից նրանք տեղափոխուել են»:

6

Հայաստանի Գրողներու Միութեան Նախագահ Լեւոն Անանեան Ոչ Եւս Է
ԵՐԵՒԱՆ.- Մահացած է Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Լեւոն Անանեան: Ըստ տեղեկութիւններուն՝ մահուան պատճառը քաղցկեղն է:
Լեւոն Անանեան ծնած է 13 Հոկտեմբեր 1946ին՝ Տաւուշի մարզի Կողբ գիւղը: 1964ին աւարտած է Կողբի միջնակարգ դպրոցը, 1968ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը:
1990ին ընտրուած է «Գարուն» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր:
2001ին ընտրուած է Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ եւ կը պաշտօնավարէր մինչեւ մահուան օրը:
Լեւոն Անանեան գրած, կազմած եւ խմբագրած է բազմաթիւ գիրքեր, հարիւրաւոր հրապարակախօսական յօդուածներ, յառաջաբաններ:
26 Մայիս 2008ին անոր շնորհուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի պատուաւոր կոչումը: 5 Սեպտեմբերին Երեւանէն, մարզերէն ու Սփիւռքէն գրողներ ու մտաւորականներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ հաւաքուեցան Գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ՝ վերջին հրաժեշտ տալու մշակոյթի վաստակաւոր գործիչին: Յուղարկաւորութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ վարչապետ ՏիգրանՍարգսեանը: Հանգուցեալին մարմինը ամփոփուեցաւ Երեւանի քաղաքային գերեզմանատան պանթէոնին մէջ:

Ռուբէն Սեւակի Անուան Թանգարանի Բացում
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ բանաստեղծ, արձակագիր Ռուբէն Սեւակի անուան թանգարանի բացման արարողութիւնը:

7


Թանգարանը տեղակայուած է Ղազարապատ պատմական շէնքին մէջ : Շէնքի նորոգութեան բարերարն է Ռուբէն Սեւակի եղբօրորդիին ֆրանսահայ Յովհաննէս Չիլինգիրեան: Այնտեղ պիտի ցուցադրուին Չիլինգիրեանի կողմէ Մայր աթոռին տրամադրուած բացառիկ եւ արժէքաւոր շուրջ 200 կտաւներ, ինչպէս նաեւ՝ նահատակ բանաստեղծ, արձակագիր եւ բժիշկ Ռուբէն Սեւակին պատկանող ածխանկարներ, անձնական իրեր ու փաստաթուղթեր, պատմական ցուցանմոյշներ եւ հայ արուեստի արժէքաւոր գործեր:
Օրհնութեան արարողութենէն ետք խօսք առաւ բարերարը եւ թանգարանի բացումը նմանցուց հրաշքի, որ իրականութիւն դարձաւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին օգնութեամբ: «Սուրբ Էջմիածնի այս հողի վրայ նոր հրաշք կատարուեց, 1915 թուականին իր սուրբ հաւատքին հաւատարիմ մնալու համար Ռուբէն Սեւակը գերադասեց մահանալ, քան իսլամն ընդունել եւ Սուրբ Էջմիածնում այս թանգարանով նա վերակենդանացաւ եւ անմահացաւ: Այս հրաշքը կատարուեց Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օգնութեամբ», նշեց բարերարը: Արարողութեան աւարտին իր խօսքը փոխանցեց Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը: «Այսօր յիշարժան օր է մեր կեանքում: Մխիթարութիւն է բոլորիս համար, որ մշակութային այս օճախը կրելու է հայ եկեղեցու հաւատաւոր զաւակի՝ բանաստեղծ,

8

արձակագիր, բժիշկ եւ անուանի մտաւորական Ռուբէն Սեւակի նուիրական անունը, ով եղաւ վասն հաւատոյ նահատակ Հայոց Ցեղասպանութեան», նշեց Գարեգին Բ. հաստատելով թէ «այս թանգարանի հիմնումը յարգանքի տուրք է ինչպէս Ռուբէն Սեւակի, այնպէս ալ Գրիգոր Զօհրապի, Սիամանթոյի, Դանիէլ Վարուժանի, Կոմիտասի, մեր միւս մեծերու եւ մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն յիշատակին, որոնք չուրացան իրենց հաւատքն ու հայրենիքը եւ նահատակուեցին: Թանգարանը նուիրւում է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցի ոգեկոչմանը եւ ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն. այն այցելուների միջոցով վերածուելու է ղօղանջող անլռելի զանգակատան, որի ձայնը լսելի պէտք է լինի աշխարհում՝ սատարելով Ցեղասպանութեան ճանաչմանն ուղղուած ջանքերին: Թանգարանը դառնում է անցեալի, ներկայի եւ գալիքի մէջ անմահութեան ձայն, մահուանից վերածնուելու, նորից յառնելու եւ կեանքով յաղթելու ուղի: Այսօր մենք ոճրագործութեանը պատասխանում ենք մեր ժողովրդի ազնիւ զաւակի ու նահատակի յիշատակը յաւերժացնելով, կործանմանը պատասխանում ենք կառուցումով, աւերմանը՝ վերաշինութեամբ, մահուանը՝ կեանքով: Չարին բարիով պատասխանելու քրիստոնէական այս ոգին դարձել է մեր ժողովրդի նկարագիրն ու էութիւնը, որը միշտ զօրացնելու է մեզ՝ ապրելու եւ արարելու», նշեց կաթողիկոսը։

Մահացաւ Վաստակաւոր Եւ Սիրուած Դերասան Սօս Սարգսեանը
«Ապրող առասպել» կոչումով նշանաւոր, հայկական թատերական արուեստի ամենէն հեղինակաւոր եւ վաստակաշատ դէմքերէն Սօս Սարգսեան մահացաւ 26 Սեպտեմբերին՝ հայ ժողովուրդի յատկապէս մշակութային–թատերական կեանքին մէջ մեծ դատարկութիւն մը ձգելով։ «Հոգիս չառած՝ միտքս չառնես, Աստուա՛ծ» աղօթք–մաղթանքը Սօս Սարգսեան կատարած էր նախորդ տարի, երբ անհանգստացած ու հիւանդանոց փոխադրուած էր։ Անոր աղօթքը լսուած է…

9


Սօս Սարգսեան ծնած է 24 Հոկտեմբեր 1929ին, Ստեփանաւան քաղաքը: 1948ին տեղափոխուած է Երեւան եւ աշխատած Երեւանի պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ՝ որպէս դերասան: 1954ին աւարտած է Երեւանի գեղարուեստական–թատերական հիմնարկի դերասանական բաժանմունքը: 1954-1991 եղած է Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ակադեմական թատրոնի դերասան: 1991ին հիմնադրած է Համազգային թատրոնը, որուն համար մեծ ու անփոխարինելի աշխատանք տարած է: 1997-2006 Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկի ղեկավար եղած է, 2006էն՝ հիմնարկի կառավարման խորհուրդի նախագահ էր: 2009ին ընտրուած է Հայաստանի Հանրային խորհուրդի անդամ: Դերեր ստանձնած է աւելի քան 41 գեղարուեստական ժապաւէններու մէջ, ինչպէս՝ «Նուագախմբի տղաները», «Եռանկիւն» «Մենք ենք, մեր սարերը», «Նահապետ», «Խաթաբալա», «Ձորի Միրօ», «Սօլեարիս»։ Ս. Սարգսեան արժանացած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ կոչումին , պարգեւատրուած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան շքանշանով եւ պետական մրցանակի եռակի դափնեկիր է:

Խաչվերաց
Խաչը քրիստոնեայ եկեղեցւոյ ամենանուիրական եւ սուրբ նշանն է,
գործիքն է փրկագործութեան, որով քրիստոնեայ հաւատացեալը հաղորդութեան մէջ կը մտնէ Խաչով արտայայտուած խորհուրդին եւ Խաչեալ Քրիստոսին հետ: Քրիստոնէական եկեղեցին կը պատուէ

10

խաչը, որովհետեւ իր վրայ թափուած Յիսուս Քրիստոսի սուրբ
արիւնով սրբացած խորհուրդ մը ունի իր մէջ, խորհուրդ մը , որով հաւատացեալին կեանքը անքակտելիօրէն կը կապուի Խաչեալին՝ մեր փրկչին Յիսուս Քրիստոսին:



Հայ Եկեղեցին Խաչին նուիրուած չորս տօներ ունի: Ա- Խաչվերաց .
Բ- Գիւտ Ս. Խաչի.
Գ- Երեւման Ս. Խաչի.
Դ- Վարագայ Ս. Խաչի
Խաչվերացի տօնը՝ Խաչի տօներէն ամենէն հինն ու գլխաւորն է, զոր բոլոր քրիստոնեաները կը տօնեն Սեպտեմբեր 14ին,իսկ Հայ եկեղեցին անոր մերձաւոր Կիրակին, որովհետեւ տաղաւար հինգ տօներէն
մին է, որուն տօնախմբութիւնը եօթը օրերու վրայ տարածուած՝
խաչին ու Խաչեալին փառաբանութիւնն է, որ կը յատկանշուի
մեծահանդէս թափօրով , խաչին վերացմամբ եւ անդաստանի օրհնութեամբ:
Խաչվերացի թափօր անդաստանը կը կատարուի Խաչվերացի
երեկոյեան ժամերգութենէն առաջ կամ ետք, եկեղեցւոյ կամ բակին
մէջ , իսկ յաջորդ օրը Երկուշաբթին՝ օր Մեռելոց է:

11

Խաչվերացը՝ խաչի տօներէն ամենէն նշանաւորն ու հինն է, որուն
պատմական սկզբնաւորութիւնը Երուսաղէմի քրիստոնեայ առաջին
համայնքին հետ կը կապուի: Ըստ աւանդութեան Երուսաղէմի առաջին Եպիսկոպոս, եւ Յովհաննէս առաքեալի եղբայրը՝ նախանձայոյզ Յակոբոս Զեբեթեան առաքեալը,
հաւատացեալ բազմութեան ներկայութեան Խաչը առաջին անգամ
ըլլալով հանդիսաւորապէս բարձրացուցած է եւ անով օրհնած է
քրիստոնեայ ժողովուրդը: Այդ առթիւ Յակոբոս առաքեալը՝ «Խաչի քո, Քրիստոս, երկիր պագանեմք» օրհնութիւն ու փառաբանքի աղօթքը արտասանած է:
Խաչվերացի տօնը հայերուս համար ունի թէ կրօնական եւ թէ ազգային կրկնակի իմաստ եւ արժէք:
Ը. դարու առաջին տասնամեակին Պարսից Խոսրով թագաւորը յարձակելով Բիւզանդական կայսրութեան վրայ,պարտութեան կը մատնէ օրուան Հերակլ կայսրը, կը հասնի մինչեւ Պաղեստին, կը գրաւէ Երուսաղէմն ու Քրիստոսի Խաչափայտը, 614 թուին: Հերակլ կայսրը շուտով կը վերակազմէ իր բանակը եւ հսկայ ուժով
կը յարձակի Պարսիկներու վրայ:Խոսրով թագաւորը կը պարտուի
եւ կը սպաննուի: Պարսիկները ստիպուած դաշինք կը կնքեն: Դաշինքին գլխաւոր կէտերէն մէկն էր Խաչափայտին վերադարձը: Բիւզանդական բանակին մաս կը կազմէր նաեւ հայկական գունդ մը, որուն զօրավարն էր Մժէժ Գնունի:629 թուականին Խաչափայտը
ազատագրուած իր վերադարձի ընթացքին դէպի Երուսաղէմ, ժողովրդային շքեղ հանդէսներով եւ կայսերական թափօրներով
կ՛անցնի նաեւ մեր երկրէն՝ Հայաստանէն:
Կարնոյ դաշտին հարաւ արեւելեան կողմերը գտնուող լեռներուն
մեծ գագաթը մինչեւ այսօր Խաչափայտ կը կոչուի: Այդ լերան
սարահարթին վրայ կը բխի սառնորակ ջուրով աղբիւր մը, որ միեւնոյն ժամանակ ուխտավայր է:
Ըստ տեղական աւանդութեան Պարսիկները Խաչափայտը յանձնելէ
ետք, զղջացած՝ կը յարձակին բիւզանդացիներուն վրայ: Հայերը հոն
կը պահեն Խաչափայտը եւ կ՛անցնին հակայարձակումի , ետ կը մղեն
Պարսիկները:Վերադարձին կը տեսնեն որ Խաչին հանգչեցուցած
տեղէն այդ վճիտ ջուրը կը բխի: Նոյն լեռներուն ստորոտը կար
նաեւ Խաչկայ վանք մը որ միեւնոյն ժամանակ մեծ ուխտավայր էր,
մասնաւորապէս խաչվերացի տօնին: Քրիստոնեաններուս համար Խաչը՝ մահուան, տառապանքի, նեղութեան, պատիժի գործիք մը ըլլալէ այլեւս դադրած՝ դարձած է սիրոյ, հաւատարմութեան, յաղթութեան, կեանքի եւ փրկագործութեան խորհրդանիշ,

12

մանաւանդ Քրիստոսի մշտական ներկայութեան երկրի վրայ: Խաչը դարձաւ խորհրդանիշը նոր, աստուածահաճոյ կեանքի, եղաւ փառքն ու պարծանքը քրիստոնեային, անոր համար է , որ Պօղոս Առաքեալ գաղատացիներուն գրած իր նամակին մէջ կ՛ըսէ. «Գալով ինծի,քա՛ւ լիցի որ մեր տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ: Այդ Խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար»(Գաղ. 6-14): Խաչվերացի տօնին առիթով, եկէք վերանորոգենք մեր մէջ նախնեաց սուրբ հաւատքը, ու այսօրուան Սուրիոյ պատերազմը ու Սուրիահայութեան վախն ու տառապանքները խաչին ու յարուցեալ Քրիստոսին նուիրելով, բազկատարած աղօթենք կրկնելով Հայ եկեղեցւոյ մաղթանքը. «Պահպանէ մեզ քրիստոս Աստուած մեր, սուրբ եւ պատուական Խաչիդ հովանիին տակ, խաղաղութեան մէջ. Փրկէ՛ տեսանելի եւ անտեսանելի թշնամիէն....Ամէն»:
                                                                                                                Հ.Նարեկ վրդ. Լուիսեան 

Ս. Էջմիածինի Մէջ Իր Աշխատանքները Աւարտեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովը
Նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի, Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ,24 Սեպտեմբերին սկսաւ Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ժողովը:
Ժողովին մասնակցելու համար աշխարհի տարբեր ծայրերէն Ս. Էջմիածին ժամանած էին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր թեմերու առաջնորդները եւ պատուիրակները: Հայ եկեղեցւոյ 75 արքեպիսկոպոսներէն եւ եպիսկոպոսներէն ներկայ էին 62-ը:
Ժողովի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Պէտք է նշել, որ Եպիսկոպոսաց այսպիսի համահաւաք ժողով մը տեղի ունեցած է 600 տարի առաջ:

13


Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս ողջունեց ներկաները Ս. Էջմիածինի մէջ: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ առաջին անգամն է, որ Եպիսկոպոսաց ժողով կը գումարուի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եպիսկոպոսաց դասի մասնակցութեամբ:
Ժողովի մասնակիցներուն ողջոյնի խօսք ուղղեց նախագահ Սերժ Սարգսեան` վերյիշելով այն կարեւորագոյն առաքելութիւնը, որ Հայ առաքելական եկեղեցին կատարած է հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար:
Նախագահ Սարգսեան նաեւ վստահութիւն յայտնեց, որ ժողովը «նոր յառաջընթաց պիտի ազդարարէ հայոց հոգեւոր կեանքին մէջ եւ թոյլ պիտի տայ համայն հայութեան նոր եռանդով ու լիցքով լծուելու ազգային իղձերու իրականացման»:
«Եպիսկոպոսը Աստուծոյ տնտեսն է, կ՛ըսէ Պօղոս առաքեալը եւ «խնամք կը տանի Եկեղեցւոյ, որ է քաղաք Աստուծոյ», կ՛աւելցնէ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի մեծ վարդապետը: Այս պատասխանատուութեամբ Եպիսկոպոսաց սոյն ժողովը պիտի քննարկէ եւ որոշումներ տայ մկրտութեան ծէսի եւ սրբադասման օրակարգային հիմնական հարցերուն վերաբերեալ: Մկրտութեան ծէսի միօրինակութեան ապահովման եւ

14

սրբադասման կանոնի հաստատման ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանք իրականացուցած են Ամենայն Հայոց հայրապետութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միացեալ յանձնախումբերը», շեշտեց Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Մեծ Եղեռնի զոհերու սրբադասման հարցին: Նախագահը յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին ամբողջ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ իր «ոչ»-ը հնչեցնել մարդկութեան դէմ ոճիրներուն: Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ այս օրերուն Սուրիոյ մէջ կը շարունակուի կործանարար քաղաքացիական պատերազմը, որ դարձաւ սուրիահայ համայնքի ծանրագոյն փորձութիւնը: «Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցողը մեր մեծագոյն ցաւն է եւ մեր ամէնօրեայ մէկ մտահոգութիւնը:
Սուրիոյ ժողովուրդը հայերուս համար ամենէն ծանր պահուն գրկաբաց ընդունեց ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղածները եւ իր ունեցածը կիսեց մեզի հետ: Մենք կը ցանկանք, որ ստեղծուած իրավիճակին համար ըստ կարելւոյն շուտ քաղաքական լուծում գտնուի եւ դադրի արիւնահեղութիւնը մեր բարեկամ երկրին մէջ»:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ ներկայացուց իր պատկերացումը եւ տեսլականը եկեղեցական բարեփոխումներուն մասին:
«Ի՞նչ կը հասկնանք «բարեկարգութիւն» ըսելով-սոսկ անցեալի աւանդութեանց վերականգնո՞ւմը, մեր եկեղեցւոյ ծիսական կարգին վերադասաւորո՞ւմը կամ կրճատո՞ւմը, լոկ լեզուի փոփոխութի՞ւնը եւ կամ ծիսական նոր համակարգի մը հաստատո՞ւմը` մեր կեանքին ներկայ դրուածքին պատշաճող: Մեր հայեցողութեամբ, բարեկարգութիւնը ըստ էութեան պէտք է ըմբռնել իբրեւ եկեղեցւոյ կեանքին ու մտածողութեան, վկայութեան եւ առաքելութեան վերարժեւորումը, վերանորոգումը եւ վերակենսաւորումը: Արդարեւ, եկեղեցին կը վերածուի թանգարանի, եթէ չվերանորոգուի», ընդգծեց Արամ Ա. Կաթողիկոս:
Մինչեւ 27 Սեպտեմբեր ներառեալ շարունակուելիք Եպիսկոպոսաց ժողովի ծրագիր-օրակարգին վրայ նշուած են մասնաւորաբար երկու հարցեր. Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման հարցը եւ Ս. մկրտութեան ծիսական կանոնական արարողակարգին առնչուող խորհուրդի ծրարը:
Բացի օրակարգային նշուած հարցերէն, ժողովը քննարկեց նաեւ հայ եկեղեցւոյ այժմէական մարտահրաւէրները:

15

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր լիագումար նստաշրջանը ունեցաւ 14-15 Սեպտեմբեր 2013ին, Երեւանի մէջ։
Լիագումար ժողովը հանգամանօրէն քննեց Համազգայինի աշխարհասփիւռ կազմակերպութեան վիճակը եւ առկայ կազմակերպական խնդիրները, Համազգայինի շրջաններուն եւ կառոյցներուն գործունէութիւնը, կրթական հաստատութիւններուն կարիքները եւ ծրագիրները, Համազգայինի ընտանիքին մշակութային գործունէութիւնը, սփիւռքահայ երիտասարդութեան հետ Համազգայինի յարաբերութիւնը զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը, Հայաստանի մէջ ծաւալուող գործունէութիւնը, Հայաստանի եւ Լիբանանի գրասենեակներուն գործունէութիւնը եւ Ամերիկայի մէջ գրասենեակ հատատելու ծրագիրը, ինչպէս նաեւ տնտեսական, հաշուական, եւ շինարարական հարցեր եւ ծրագիրներ: Իր գործունէութիւնը յատկանշող այս բոլոր մարզերուն համար լիագումար ժողովը կատարեց իր գնահատումները եւ յանգեցաւ համապատասխան եզրակացութիւններու եւ որոշումներու:
Լիագումար ժողովը անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան եւ իր գնահատանքը արձանագրեց սուրիահայ միութիւններու եւ կառոյցներու մեծ նուիրումով տարած ժրաջան աշխատանքին համար: Ժողովը հաստատեց այս դժուար օրերուն սուրիահայ համայնքին կողքին կանգնելու եւ օգտակար ըլլալու անհրաժեշտութիւնը: Նկատի առնելով Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկին պիւտճէական տագնապը, ժողովը որոշեց նիւթական յատուկ օժանդակութիւն տրամադրել անոր:
Ժողովական աշխատանքներուն առընթեր Կեդրոնական Վարչութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարուհի՝ Տիկին Հրանուշ Յակոբեանին եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի նախագահ՝ Պարոն Արամ Սիմոնեանին հետ։ Քննարկումները կեդրոնացան հասարակաց ծրագիրներու գործադրութեան ներկայ ընթացքին՝ ինչպէս նաեւ կրթական եւ մշակութային մարզերէն ներս
սերտ գործակցութիւն ունենալու անհրաժեշտութեան վրայ։
Պէյրութ, 20 Սեպտեմբեր 2013
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

16

Հայ տառապանքի անզուգական գուսանին` Աւետիս Ահարոնեանի մահուան 65րդ ամեակին առթիւ , մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հակիրճ տեղեկութիւն անոր կեանքին ու գրականութեան մասին ինչպէս նաեւ հատուած մը անոր ընտիր արձակ էջերէն:(խմբ.)

Աւետիս Ահարոնեան
(1866-1948)


ԿԵԱՆՔԸ
Արձակագիր, նորավիպագիր , վիպագիր ու թատերագիր, ապա՝ յուշագրող, ազգագրող, պատմագրող-ուսումնասիրող, հրապարակախօս, խմբագիր, մանկավարժ, հռետոր, ազգային ու պետական գործիչ:
Երգած է հայոց տառապանքը,զուլումը, տաճկահայ ազատագրական կռիւները՝իրենց ֆետայիներով:
Ահարոնեան ծնած է 1866-ին, Իգդիր գաւառի Իգտիրմաւա գիւղին մէջ: Ութ տարեկանին կը յաճախէ Իգդիրի Գիւլազիզ խալիֆային գոմ-դպրոցը: Այնուհետեւ կը փոխադրուի Իգդիրմաւայի նոր դպրոցը, իբրեւ ուսուցիչ ունենալով Նշան վարժապետը: 1876-ին կը սկսի յաճախել

17

Իգդիրի ծխական դպրոցը, իբրեւ տեսուչ ունենալով Դաւիթ Քալանթարեանը, որ շատ կը սիրէ պատանի Աւետիսը , ինչպէս պատանի ուսանողն ալ՝ իր տեսուչը : Ռուս-թրքական 1877-1878-ի պատերազմին ընտանիքին հետ կ'ապրի գաղթի ու կոտորածի սարսափն ու մղձաւանջը:Պատերազմի աւարտէն ետք ընտանիքին հետ կը վերադառնայ հայրենի գիւղ ,ուր քիչ ժամանակ ետք կը կորսնցնէ հայրը.Ահարոնեան կը շարունակէ իր ընդհատուած ուսումը Իգտիրի ծխական դպրոցին մէջ ,Քալանդարեանի մօտ եւ զգալի յառաջդիմութիւն կ'արձանագրէ: 1881-ին Քալանդարեան կը հրաժարի իր պաշտօնէն մեկնելու համար Եւրոպա,բայց չ'ուզեր իր շնորհալի աշակերտը ձգել աննեցուկ ու իր բախտին.ուստի , մեկնելու ատեն իր հետ Էջմիածին կը տանի պատանի Աւետիսը եւ իր միջնորդութեամբ զայն ընդունիլ կու տայ Գէորգեան Ճեմարան, իբրեւ գիշերօթիկ սան զոր կ'աւարտէ 1886-ին: (Հետագային Ահարոնեան իր «Իմ Գիրքը»-ի երկրորդ հատորը կը ձօնէ «Երախտաւոր վարպետին՝Դաւիթ Քալանդարեանի յիշատակին): Այնուհետեւ մինչեւ 1896 կը պաշտօնավարէ Գէորգեան ճեմարանի, ինչպէս նաեւ Նոր Պայազիտի եւ Իգդիրի ազգային վարժարաններուն մէջ: 1898-ին Պաքուի ունեւոր եւ գրասէր Հայերու նիւթական օժանդակութեամբ, Ահարոնեան կը մեկնի Եւրոպա եւ կը հետեւի Լոզանի ու Փարիզի համալսարաններու գրականութեան, իմաստասիրութեան եւ պատմութեան դասընթացքներուն: 1903-ին կը վերադարնայ Կովկաս եւ Թիֆլիսի մէջ բնակութիւն հաստատելով կը ստանձնէ «Մուրճ» ամսագիրին խմբագրութիւնը: 1907-ին կը ստանձնէ Ներսիսեան վարժարանի տեսչութեան պաշտօնը:
Կովկասահայ հոյլ մը մտաւորականներու հետ 1909-ին կը ձերբակալուի եւ յաջորդաբար կը մնայ Մետեխի, Պաքուի, Ռոստովի եւ Նովոչերկասկի բանտերը:1911-ին երաշխաւորութեամբ ազատ կ'արձակուի եւ կ'անցնի Եւրոպա:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի օրերուն, 1916-ին կը վերադառնայ Կովկաս եւ 1917-ին Թիֆլիսի մէջ կազմուած հայոց Ազգային խորհուրդին նախագահը կ'ըլլայ, իսկ 1918-ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ: 10 օգոստոս 1920-ին ան ստորագրեց Սեւրի դաշնագիրը:
Հայաստանի Հանրապետութեան փլուզումէն ետք Ահարոնեան կը մնայ Ֆրանսա: 1934 փետրուար 11-ին, Մարսէյի մէջ, հայ մշակոյթին նուիրուած բանախօսութեան մը ընթացքին կաթուածահար կ'իյնայ, առանց կարենալ աւարտելու իր ճառը:
18
Ահարոնեան տասնչորս տարի կ'ապրի ուշակորոյս եւ իր աչքերը կը փակէ 1948 Ապրիլին:Շքեղ յուղարկաւորութիւն տեղի կ'ունենայ. Կը թաղուի Փարիզի Հայոց Գերեզմանատունը:

ԳՈՐԾԵՐԸ
Աւետիս Ահարոնեան ունեցած է գրական բեղուն գործունէութիւն: կը ներկայացնենք զանոնք իրենց տպագրութեան ժամանակագրական կարգով.-
-Գրական գործերը.-«Պատկերներ», «Խեղճերը», «Ազատութեան ճանապարհին», «Մայրերը», «Կեանքի դասը», «Մրրկի սուրբը», «Արազը», «Լռութիւն», «Գայլերը ոռնում էին», «Աշնան գիշերին», «Կեանքի վէպը», «Խաւարրի մէջ» , «Մոխիրների տակից», «Անդունդը», «Պարտուածներ», «Աստծու կրակը» , «Հայրենիքիս համար», «Ճամբորդը», «Ղեղոյի արտը», «Երբ ձիւնն է իջնում», «Կարօտ հայրենի», «Իմ գիրքը», «Կաթուշքը», «Ոսկի հեքիաթ», «Իմ բանտը», «Երազներիս աշխարհը», «Մենութեանս մէջ»,«Սարբազ Խէչօն»:
-Թատրերգութիւններ.-«Արցունքի հովիտը», «Սեւ թռչունը» եւ «Ուխտուածները»:
-Ահարոնեան ունի նաեւ բազմաթիւ ուղեւորական, նկարագրական , հրապարակագրական, պատմագիտական գործեր եւ ուսումնասիրութիւններ որոնցմէ կը յիշենք .-«Անդրանիկ», «Քրիստափոր Միքայէլեան», «Իտալիայում», «Սարդարապատից մինչեւ Սեւր եւ Լոզան»:

ԳՐԱԿԱՆ ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐ
Աւետիս Ահարոնեանի գործը կը կրէ համահայկական դրոշմ:
Հայ արձակի մեծագոյն վարպետներէն մէկը, իր արուեստով եւ լեզուով: Ահարոնեանի յատկապէս լեզուն , իր հայեցի աւիշով , քնարերգական ու կշռուած գնացքով , պիտի մնայ ամենէն կատարեալ ու օրինակելի ստեղծումներէն մէկը արեւելահայ գրականութեան:
Իր արձակը բանաստեղծական է, յագեցած՝մշտայորդ ու վարար յուզումով, որ մերթ ստեղծած է գոռ ու բամբ միօրինակութիւն մը , որ իր կարեւոր մեղքն է:
Ահարոնեան պիտի ապրի իր տպաւորապաշտ գործերուն մէջ.անոր գործերէն ինչպէս՝Իտալիայում,Իմ գիրքը,եւ շարք մը պատմուածքներ (Ղեղոյի Արտը,Արագիլները եւայլն)կը մնան հայ գրականութեան յաղթանակներէն:
Րաֆֆի Ճուրեան
-Օգտագործուած աղբիւր՝Արեւելահայ Գրականութիւն,հեղինակ ՝Սիմոն Սիմոնեան-Պէյրութ ,1965

19

Անդրանիկին Սուրը
(հատուածներ)


Յոգնած ու պարտասած էր Անդրանիկ. Այն ժամանակ չհասկացանք , այժմ է միայն պարզւում, թէ ինչու նա իր վաթսուն տարին հազիւ բոլորած ՝ արտաքուստ տակաւին առոյգ , թարմ ու կորովի, շտապեց սակայն իր անխորտակելի սուրը Հայաստան ղրկել , Հայ հողին պահ տալ:
Մենք չգուշակեցինք , որ հզօր մարտիկը իր այդ քայլով անդարձ կերպով քաշւում էր ռազմի ճակատից: Հերոսները ուխտուածներ են եւ իրենց վախճանը գիտեն: Անշուշտ եւ Անդրանիկ նախազգում էր իր մօտալուտ մահը: Քառասուն տարի մահուան դէմ ըմբոստ՝ եւ իր ալեծուփ բախտի պողպատափայլ աչքերէն սառնասիրտ ու աներկիւղ նայող այդ անզուգական տղամարդը, որի ծանր ոտքերի տակ ժայռերն էին տնքացել, բնազդօրէն ու հնազանդ ՝ իր սրի գօտին արձակեց մէջքից, վար դրեց , կանգնեց մահու առջեւ անզէն , ու իր հին օրերի արնական կորովով բացականչեց.
-«Արի', արի', այժմ պատրաստ եմ»...
Հերոս էր:
Օրհասն զգալով ՝ ասես իր միակ մտածումը իր փառապանծ սուրը եղաւ, որ շտապեց իր հայրենի հողի ծոցը դնել:
Հայրենի հո՜ղ...չէ՞ նրա սիրուն էր նետուել կեանքի ամենէն տատասկոտ ճամբաները , նրա ցաւն էր փոթորկել իր հոգին , ու թափ տուել իր բազկին. նրա համար էր անթիւ անգամ չափուել մահու հետ , նրան՝ իր հայրենիքին պիտի հասնէր իր անպարտելի սուրը:

20

Հնուց ի վեր ՝ դիւցազնական ժամանակներից , սուրը եղած է միշտ իսկական հերոսների վերջին խօսքը, յետին պատգամն ու կտակը: Սուրը, անկապտելի ու խորհրդաւոր ժառանգութիւնը , որ անցնող հսկաները թողնում են յաջորդներին՝ որպէս գիշերային խաւարն ակօսող կայծակ: Յետագայ սերունդների ազատական որոնումների մէջ հինաւուրց պապենական սրի կայծկլտումը մեռած վիթխարիների աչքերի փայլն է, նրա շկահումը՝ հայրերի գոռ աղաղակը եւ նրա հարուածը՝ հանգչող նախնեաց կամքը պողպատի:
Սասունցի Դաւիթի սուրը,այն կայծակնափայլ թուր-կէծակին ,իր դիւցազն հօր Մհերի թողած ժառանգութիւնն էր , որով որդին ոտնակոխ հայրենիքին պատիւը պիտի փրկէր,Մսրայ Մելիքի թշնամանքից:
Հօրեղբայրը ՝Ձէնով Յովան , ստիպուած էր զիջել մանուկ հսկայի պահանջին, որ իր հօր ժառանգութեան արժէքը գիտէր , Քուրկիկ-Ջելալին էր ուզում , եւ Թուր-Կէծակին .այյդ ահեղ թուրը, որ գալիս էր հեռաւոր նախնիքներից որպէս կայծակնափայլ գաղափար հետագայ սերունդների բախտը կերտելու:
Եւ Թուր-Կէծակին,ինչպէս մխացող կրակ,թաղուած էր գետնի տակ,հայրենի հողի ծոցում , մինչեւ որ աճի, մեծանայ մանուկ վիթխարին՝ Դաւիթը:
Մեր պատմութեան հերոսական շրջաններում,Մամիկոնեան բոլոր փառապանծ կտրիճները, բոլոր մեր սպարապետները անշուշտ, հօրից որդուն էին փոխանցում իրենց անհեթեթ ու խորտակիչ սրերը, որպէս իրենց վերջին ու անդառնալի հրաման իրենց զաւակներին «Մեռանել ի վերայ հայրենեաց եւ ի վերայ ազգին Արշակունեաց»:
Անդրանիկ ժողովրդի խորհրդապաշտ ու մանկունակ հոգին ունէր եւ բնազդական մղումով մահից առաջ, յետնորդներին իր պողպատէ փայլփլուն պատգամը թողեց իր սրով. Իր սերնդի պայքարը վերջացաւ, բայց չի կնքուեց. Հայ ազատագրութեան նուիրուած սուրը հայրենի հողի ծոցումն է եռում:
Աւետիս Ահարոնեան

Saturday, August 31, 2013

ԿԱՍԻՈՍ ԼՐԱՏՈՒ Թիւ 15 Օգոստոս 2013

1
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
Էջ 
2          Խմբագրական 
3          Տեղական Լուրեր- Էջ 3
8          Հայկական Մշակութային Լուրեր -
10         Մարիամ Մայր Քրիստոսի – 
12         Զրոյցներ հայերէնի մասին (Է.) – 
14        Անդրանիկ Ծառուկեան – 


Ուրախութեամբ կը յայտարարենք 12-րդ կարգի Պետական Քննութեանց յաջողած Քեսապի աշակերտներու անուանացանկը:
Ազգ.Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանէն
Ցողիկ Աշըգեան,Վարդինէ Պէօճիքեան,Մարի Գազազեան,Նարէ Պետիրեան,Փաթիլ Քորթմոսեան, Էլիզապէթ Չէլէպեան, Վանա Դանիէլեան, Դալար Թրթռեան,Օսան Քիլաղպեան ,Նարեկ Մահտեսեան, Ծերոն Ինճէճիկեան,Պայքար Ղազարեան,Դրօ Աշըգեան:
Պետական Վարժարանէն
Մեղրի Դանիէլեան
Ազատ դիմողներ՝
Վանիա Փօլատեան, Վահան Մանճիկեան ,Սեդրակ Ղազարեան , Անթօ Յովսէփեան
Կը շնորհաւորենք բոլոր յաջողակ աշակերտները եւ կը մաղթենք անոնց նորանոր յաջողութիւններ:

2

Խմբագրական

Հայ ժողովուրդը իր դարաւոր պատմութեան մէջ զանազան աղէտներու, փորձանքներու, հալածանքներու եւ կոտորածներու հանդիպելէ ետք, կը շարունակէ աւելի քան չորս հազար տարի մաս կազմել Աշխարհիս բազմաթիւ ժողովուրդներու շարքին:
Շատ ազգեր եւ ժողովուրդներ, որոնք եղած են աւելի հզօր քան հայը, որոնք ունեցած են աւելի մեծատարած հայրենիք քան մերը, այսօր գոյութիւն չունին Աշխարհիս վրայ ու անցած են պատմութեան էջերուն մէջ:
Հայը շնորհիւ իր անկոտրում կամքին , կառչած մնալով իր իւրայատուկ եւ հարուստ մշակոյթին ու զԱստուած ունենալով իբր ապաւէն, կարողացած է դիմանալ եւ դիմադրել ամէն մեծ աղէտի :
Այսօր մեր երկրին մէջ դարձեալ մեծ սպառնալիքներու առջեւ կը գտնուինք, դարձեալ վտանգուած՝ բայց կը շարունակենք տակաւին գոյատեւել ու մեր մշակոյթը վեր պահել, փաստը՝.-տեսէ'ք մեր վերջին լրատուներուն տեղական լուրերու բաժինները. պիտի կարդաք հոն թէ տակաւին կը շարունակուին Քեսապի մէջ մշակութային ձեռնարկները, ազգային եւ կրօնական առիթներու յատուկ, թէեւ սահմանափակ միջոցներով. կը շարունակեն տակաւին Քեսապի հայ երեք վարժարանները գործել,ուսում եւ կրթութիւն ջամբելով մեր զաւակներուն, նոյնիսկ կիսաքանդ Հալէպի մէջ մեր զանազան միութիւնները որոնց կարգին Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն մշակութային ձեռնարկներով կրկին ժպիտ գծելու մեր ժողովուրդին դէմքերուն վրայ. այս ամէնը որպէս միակ փրկութեան լաստը, շարունակելու հայու երթը, մեր սուրիական հայրենիքին մէջ:
Կառչած մնանք ուրեմն մեր հարուստ մշակոյթին,մեր կամքը աւելի զօրացնենք, ու տեսէք ինչպէս կը գոյատեւենք ու կը պահենք մեր սիրելի Քեսապի ու նոյնքան սիրելի Հալէպի գաղութները, որովհետեւ ձախորդ օրերը երազի նման պիտի անցնին ու երթան:Պիտի չվհատի՛նք:
խմբագրութիւն
Խմբագրական Կազմ
Պրն. Նշան Պասմաճեան- Խմբագրապետ ,Պրն.Րաֆֆի Ճուրեան- Փոխ Խմբագրապետ , Խմբագրութեան անդամներ՝ Տիկ.Նայիրի Կարճիկեան-Մելքոնեան , Տիկ. Յասմիկ Աւագեան-Սաղտըճեան , Օրդ. Վանիկ Գլնճեան , Օրդ. Սօսէ Պետիրեան:
Ձեր գրական ստեղծագործութիւններն ու ձեր նամակները ուղղուած Խմբագրութեան ՝ կրնաք յղել հետեւեալ հասցէին. gasioslradou@gmail.com

3

Տեղական Լուրեր

-28-Յուլիս-2013-ին, Քէօրքիւնէի հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը կազմակերպեց ճաշկերոյթ մը Քէօրքիւնէի վերանորոգուած երիցատան մէջ:
Քէօրքիւնէի գրեթէ բոլոր ժողովուրդը,մեծ ու պզտիիկ, ներկայ էր եկեղեցւոյ պաշտամունքին, որուն յաջորդեց ճաշկերոյթը:
Պահ մը երկրի տագնապալի վիճակէն ու մտահոգութիւններէն պարպուելով, Քէօրքիւնացիներ զիրար վայելեցին եւ շատ հաճելի ժամանակ անցուցին միասին, հաղորդակցելով ու բաժնեկցելով իրենց ուրախութիւնը, Աստուծոյ փառք տալով վերանորոգ երիցատան համար:



-3 Օգոստոս 2013-ին , երեկոյեան ժամը 7:00-ին ,Քեսապի Հ.Բ.Ը.Մ.ի կազդուրման կայանին մէջ, տեղի ունեցաւ Հ.Ե.Ը.ի կազմակերպած՝ «Դասախօսութիւն-զրոյց»ի շարքին 6րդ-ը , որուն նիւթն էր «Յարաբերութիւն»,զոր ներկայացուց տիկին Անի Թրթռեան-Պոյմուշագեան:

4

Հիւր դասախօսուհին սկսաւ յարաբերութիւն բառին իմաստէն ,նախ բացատրեց թէ մարդկային կարեւոր պէտքերէն է որովհետեւ մարդը առանձին չի կրնար ապրիլ ու բնականաբար պէտք ունի յարաբելելու իր շրջապատին հետ : Ապա անդրադարձաւ նոր սերունդի յարաբերութեան նոր ձեւերու մասին ,որոնք ընդհանրապէս ելեկտրոնային են զերծ զգացումներէ եւ արտայայտութիւններէ , ինչ որ պատճառ կը հանդիսանայ , դէմ առ դէմ յարաբերութեանց մէջ դժուարութիւններու յարուցման: Անկէ ետք տիկին Անի մանրամասն անդրադարձաւ ճիշդ ու մնայուն յարաբերութիւն ունենալու կարեւոր կէտերուն վրայ:Ան հարցումներ ուղղելով ներկաներուն յաջողեցաւ միասին հասնիլ այն կէտերուն որոնց կը կարօտի ուղիղ յարաբերութիւն հաստատելը. Ինչպէս՝ փոխադարձ յարգանքը, վստահութիւնը, անկեղծութիւնը ,զիրար ունկնդրելը , յարգել իրար տեսակէտը : Դասախօսուհիին գրաւիչ եւ հաճելի ոճը առիթ բացաւ ներկայ երիտասարդներուն մասանակցելու զրոյցին եւ կարծիքներու շինիչ փոխանակումէ ետք ներկաները գոհունակ տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն :

-Կիրակի 4 Օգոստոս 2013-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին Քեսապի Հայ Աւետ. Նահատակաց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միսաքեան» Մշակութային Կեդրոնի աշակերտական ելոյթը:
Սուրիական եւ մայր Հայրենիքի զոյգ քայլերգներէն ետք կեդրոնի գործավար՝ Տիկ.Անի Պոյմուշաքեան բացման խօսքին մէջ յիշեց, թէ «Միսաքեան» կեդրոնը եօթ տարիներու ընթացքին անխնայ ջանքերով եւ անխոնջ թափով երաժշտական ընդունակութիւն վայելող քեսապցի մանուկներ,պատանիներ եւ
 


5

երիտասարդներ կը զինէ երաժշտագիտութեամբ:«Քեսապցին կը շարունակէ իր գոյերթը եւ ապրելու մարտահրաւէրը Սուրիական վիրաւորուած հայրենիքի հողերուն վրայ իր հզօր կամքով, ազգասէր,հայրենասէր եւ մշակութասէր նոր սերունդով,քաջ եւ ողջամիտ ծնողներու քաջալերանքով,աստուածապաշտ մամիկներու աղօթքներով եւ մանաւանդ Աստուծոյ նախախնամութեամբ եւ առաջնորդութեամբ:»
Աշակերտները յաջորդաբար ներկայացուցին հայ եւ օտար երաժշտական կտորներ եւ երգեր, ոգեւորելով ներկաները իրենց բացառիկ կատարողութեամբ շնորհիւ ուսուցիչ՝ Ֆատի Մսթրիհի բծախնդիր աշխատանքին :
Ձեռնարկի աւարտին,Պատուելի Սեւակ Թրաշեան իր սրտի խօսքին մէջ շնորհաւորեց բոլոր աշակերտներն ու ծնողները եւ ըսաւ. « Ստեղծագործութեան տիեզերքի գաղտնիքներէն մին է երաժշտութիւնը: Նախքան այս աշխարհի ստեղծուիլը երաժշտութիւնը կայ:Աստուծոյ խօսքին մէջ կը կարդանք, որ երկինքին մէջ նուագարաններ կան եւ հրեշտակները կ'երգեն:Աստուած այս շնորհքը մարդ արարածին ալ շնորհեց: Մեր աշակերտները այս շնորհքով օժտուած արտայայտեցին իրենց տաղանդները եւ մեզ փոխադրեցին մեղեդիներու եւ ներդաշնակութեան աշխարհը հեռու պատերազմի աղմուկէն»:

-Հովանաւորութեամբ Քեսապի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, աջակցութեամբ Արժ.Տէր Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեանին եւ կազմակերպութեամբ Քեսապի Ս.Աստուածածին Կիրակնօրեայ դպրոցին, այս ամիս դարձեալ տեղի ունեցաւ «Քէրմէս» 5-6-7 Օգոստոս 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00 – 8:00 եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս:Քաջալերական էր ուսուցչակազմին պատրաստած նոր խաղերը եւ անակնկալները:Փոքրիկներուն խնդուքին հետ հնչուած մանկական երգերը եւ գեղեցիկ գծագրութիւններով զարդարուած իրենց դէմքերը ծաղկեցուցին շրջափակը: Խամաճիկներուն ներկայութիւնը մեծ հրճուանք պատճառեց թէ փոքրերուն եւ թէ մեծերուն,անոնք փոքրիկներուն մէջ շրջելով շատ հաճելի եւ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեցին անոնց հետ խաղալով ,նկարուելով եւ շաքար բաժնելով:Ինչպէս անցեալ անգամ, այս ամիս ալ տեղի ունեցաւ ուտելիքի եւ գիրքերու վաճառք:

6




- Ազգ.Ուսումն.Միացեալ Ճեմարանի 9-րդ եւ 12-րդ կարգերու հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ 14 Օգոստոս 2013 –ին կէսօրէ ետք ժամը 6:00 – ին «Սարդարապատ» սրահին մէջ:
Սուրիական եւ մայր հայրենիքի քայլերգներէն ետք հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով բացման խօսքը կատարեցին 12-րդ կարգի աշակերտներէն Ցողիկ Աշըգեան եւ Նարեկ Մահտեսեան,որոնք իրենց ընկերներուն անունով խոստացան արդարացնել իրենց վրայ դրուած յոյսերը եւ ըլլալ պատուաբեր զաւակներ իրենց ծնողներուն,Ճեմարանին, ազգին ու հայրենիքին:
Ճեմարանի տնօրէն Պրն. Վարուժան Փանոսեան ընթերցեց 2012 – 2013 տարեշրջանի տեղեկագիրը եւ պարգեւատրեց 9-րդ եւ 12-րդ կարգերու հայերէն լեզուին մէջ գերազանց աշակերտները,ինչպէս նաեւ միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու առաջնակարգ աշակերտները: Նուէրները հոգացած էր Գարատուրանի Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը:
Հոգաբարձութեան խօսքը ներկայացուց Տիկ.Անի Գազազեան Աշըգեան. ան իր խօսքին մէջ շեշտեց թէ կրթական հաստատութիւն մը պահելը միշտ դժուար գործ եղած է սփիւռքի մէջ : Ազգ. Ուսումն. Միացեալ Ճեմարանի նպատակն ու առաքելութիւնը, ուսում տալու կողքին, հայ մարդ պատրաստելն է ազգային ու

7

մարդկային արժէքներուն եւ սկզբունքներուն հիման վրայ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Քեսապի մէջ գործող բոլոր միութիւններուն, Լոս Անճըլեսի Ուսումնասիրաց միութեան, Քանատայի Քեսապցիներու համահաւաքին,Արաբական Էմիրութեան մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն, ՀՕՄ-Ի մեծ ընտանիքին, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան մարմնին, որոնց նիւթական ներդրումին շնորհիւ Ճեմարանը կարողացաւ ամբողջացնել տարեշրջանը: Ան շնորհաւորեց բոլոր Քեսապահայութիւնը ըսելով. «Հակառակ երկրի ահռելի վտանգներուն եւ տագնապներուն, այս տարի ճեմարանը փայլուն արդիւնքներ արձանագրեց Պաքալորիայի Պետական քննութիւններուն մէջ,Սուրիոյ հայկական ճեմարաններուն մէջ առաջին տասնեակին մէջ դիրք գրաւելով»:




Շրջանաւարտները շատ գեղեցիկ եւ տպաւորիչ կերպով ներկայացուցին յայտագիրը,ուր արտայայտեցին իրենց սէրն ու հաւատքը իրենց հայրենիքին հանդէպ,ինչպէս նաեւ շեշտեցին թէ իրենց հաստատ քայլերով պիտի քալեն դէպի բարձր գագաթներ,հայու անսասան նկարագրով եւ ապագայի տեսլականով:
Ապա տեսաերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահան Սրբ.Եպս.Սարգիսեանի սրտի խօսքն ու պատգամը որը ,ճանապարհի վտանգին եւ սպառնալիքներուն պատճառով չէր կարողացած այս տարի ներկայ գտնուիլ անձամբ վկայականաց բաշխման հանդիսութեան:
Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Բերիոյ Հայոց թեմը իր բոլոր կառոյցներով եւ ուսումնակրթական հաստատութիւններով վերամուտը ապրեցաւ որոշ դժուարութիւններով : Սակայն, մեր ժողովուրդի հաւատքը,Ազզգային Վարչութեան եւ մեր ժողովուրդի առաջնորդող պատասխանատուներու կամքը այնպէս մը տնօրինեց,որ կարողանանք

8

հակառակ կրակին,պատերազմին,նեղութեանց,տագնապներուն մեր ուսումնակրթական տարին իր ընթացքը ապրեցնել եւ իր աւարտին հասցնել»:Սրբազան հայրը գնահատեց եւ շնորհաւորեց ծնողները,հոգաբարձութիւնը,տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը եւ իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն պատուիրեց, որ անոնք հակառակ մեր բոլոր տագնապներուն,աղմուկին,դուրսէ եւ ներսէ եկած տեսակ տեսակ զրոյցներուն ամէն բանէ վեր գիտութեան,իմաստութեան,զարգացումին եւ յառաջդիմութեան հետամուտ ըլլան:Ան շեշտեց նաեւ թէ հայ ժողովուրդը իր մեծ հաւատքով է, որ ամէն նեղութեանց մէջէն յաղթական դուրս կու գայ,մանաւանդ որ ամբողջ հայութիւնը մեզի զորավիգ կը կանգնի, նիւթական աջակցութեամբ, Սուրիահայ համայնքը հաստատ եւ ամուր պահելու համար:Իսկ Սուրիոյ մէջ ապրողները հերոս ժողովուրդ են որովհետեւ իրենց ուսումնակրթական, մշակութային եւ հոգեւոր կեանքը կը շարունակեն դիմագրաւելով ամէն տեսակի դժուարութիւն:Սրբազան հայրը օրհնեց ներկաները եւ կոչ ուղղեց համայն քեսապահայութեան որ իրենց աջակցութիւնը ամբողջական կերպով կատարեն իրենց աւանին,հայրենի գիւղին եւ ընդհանրապէս Սուրիահայութեան:
Վկայականաց բաշխումը կատարուեցաւ Ճեմարանի տնօրէն Պրն.Վարուժան Փանոսեանի եւ Արժ.Տէր Միւռոն Քհնյ.Աւետիսեանի ձեռամբ:2012 – 2013 տարեշրջանի շրջանաւարտները կոչուեցան Հայաստանի առաջին հանրապետութեան առաջին կրթական նախարարին անունով՝ ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ Սերունդ:Արժանապատիւ Տէրհայրը իր սրտի խօսքին մէջ յիշեցուց շրջանաւարտները, որ միշտ երախտագէտ ըլլան Քեսապին,իրենց ճեմարանին եւ ուսուցիչներուն, որոնք ամբողջութեամբ կը նուիրուին իրենց աշակերտներուն տալով անոնց այն ջահը , որ պիտի լուսաւորէ իրենց ապագան դառնալու օր մը, Քեսապի զարգացած ղեկավար սերունդը: Ան շնորհաւորեց բոլոր ծնողները, որոնք կը հաւատան հայ դպրոցին, որ մեր կեանքին մէջ էական տեղ կը գրաւէ եւ ու՛ր մեր զաւակները կը սորվին իրենց հայրենասիրութիւնը եւ քրիստոնէութիւնը: Տէրհօր օրհնութեամբ եւ պահպանիչով վերջ գտաւ հանդէսը եւ բոլոր ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները Ճեմարանի բակին մէջ մաղթելով անոնց նորանոր յաջողութիւններ եւ բարձրագոյն վկայականներ:

-17 Օգոստոս 2013 –ին կէսօրէ ետք ժամը 5:00 –ին տեղի ունեցաւ «Ձեռագործներու եւ Անուշեղէններու Ցուցահանդէս Վաճառք»ի բացման հանդիսութիւնը Քեսապի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ «Սահակեան» սրահին

9

մէջ կազմակերպութեամբ Ս.Օ.Խաչի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութեան եւ ձեռարուեստի յանձնախումբին:
Ցուցահանդէսին բացումը կատարեց Արժ.Տէր Միւռոն Քհնյ.Աւետիսեան ներկայութեամբ Քեսապի Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ թաղականութեան, Շրջ.վարչութեան անդամ ընկհ.Նայիրի Մելքոնեանին , Քեսապի մէջ գործող բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչներուն,ընկերուհիներուն եւ համակիրներուն:

Ս.Օ.Խաչի քայլերգէն ետք Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Յասմիկ Թութիկեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռարուեստի յանձնախումբին եւ այն ընկերուհիներուն,որոնք սիրայօժար պատրաստեցին համեղ քաղցրեղէններ եւ ոեւէ ջանք չխնայեցին մեր աւանդական ցուցահանդէսի պատրաստութեան ու յաջողութեան, հակառակ ներկայ բոլոր տագնապներուն եւ դժուարութիւններուն:




Արժ.Տէր Միւռոն Քհնյ.Աւետիսեան բարձր գնահատեց «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու անձնուէր ընկերուհիները զանոնք նմանցնելով այն բարի սերմերուն, որոնք հողին մէջ իյնալով բարեբեր արդիւնք կու տան:Ան ըսաւ.«Ս.Օ.Խաչը միշտ կ'աշխատի ժողովուրդին աջակցութեամբ եւ

10

ժողովուրդին աջակցութեան համար: Կանացի այս հզօր միութիւնը մեծ դեր ունի հայ մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն ինքնուրոյնութիւնը պահելու եւ նոր սերունդներուն փոխանցելու աշխատանքին մէջ:Քեսապի «Մեղրի» մասնաճիւղը հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն կը շարունակէ ծաղկեցնել եւ զարգացնել մշակութային կեանքը իր հաստատ հաւատքով եւ իր ազգին ծառայութեան անկոտրում կամքով:Ան օրհնեց ընկերուհիներուն աշխատանքը եւ խաղաղութիւն մաղթեց մեր շատ սիրելի Սուրիական հայրենիքին:
Ցուցահանդէսը բաց պահեց իր դռները երեք օրերու տեւողութեամբ,ուր ցուցադրուեցան եւ վաճառուեցան հայկական եւ օտար ձեռագործներ:

-Կիրակի 18 Օգոստոս-ին Ս.կոյս Աստուածածնայ տօնն էր. ամէն տարի Քեսապի մէջ այս տօնը մեծ շուքով կը տօնուէր ,մեր երկրի խաղաղ օրերուն. այս տարի մեծ հանդիսութիւններ եւ սկաուտական տողանցքներ չկային թէեւ ,բայց Վերափոխման տօնը դարձեալ տօնուեցաւ մատաղօրհնէքով եւ պատարագներով:



17 Օգոստոս 2013 –ին կէսօրէ ետք ժամը 6:00 –ին Էսքիւրանի Ս.Աստուածածին մատուրին մէջ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէքը:Կիրակի,18 Օգոստոսի առաւօտեան ժամը 10:00 –ին Ս.Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի Ս.Պատարագը մատուցուեցաւ Քեսապի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ,որուն

11

ընթացքին կատարուեցաւ մատաղի,խաղողի եւ բըկեղի օրհնութիւնը: Եկեղեցւոյ բակին մէջ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը շնորհաւորանքներ եւ բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին խնդրելով Աստուծմէ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն:
Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ նաեւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ եւ տեղի ունեցաւ աւանդական խաղողօրհնէք,որմէ ետք ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը զիրար շնորհաւորեցին եւ աւելի լաւ օրերու մաղթանքներ փոխանակեցին:
Մեռելոցի Ս.Պատարագ մատուցուեցաւ Երկուշաբթի 19 Օգոստոսի առաւօտեան ժամը 9:30 –ին , Գարատուրանի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ , որուն ընթացքին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ խաղողի օրհնութիւն:

Հայկական մշակութային լուրեր

Լոյս Տեսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Հարցեր Եւ Հայեցակէտներ» (Իշուզ Էնտ Փերսփեքթիվզ) Հատորը
Քանի մը օր առաջ Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի 242 էջերէ բաղկացած անգլերէն գիրքը` «Հարցեր եւ հայեցակէտներ» (Իշուզ էնտ Փերսփեքթիվզ): Սոյն հատորը կը բաղկանայ զանազան առիթներով վեհափառ հայրապետին տուած դասախօսութիւններէն ու գրութիւններէն, որոնք կը շօշափեն աստուածաբանական, կրօնագիտական, մշակութային ու միջեկեղեցական բնոյթ ունեցող հարցեր ու նիւթեր: Հատորին մէջ յատկապէս կարեւոր տեղ կը գրաւեն Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան, վերջին տարիներուն տեղի ունեցող վերիվայրումներուն, քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան եւ Հայ դատին հետ աղերս ունեցող խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ:

12

Անթիլիասի Տպարանէն Լոյս Տեսաւ Յուշամատեաններու Երկրորդ Հատորը` «Պատմութիւն Տարօն Աշխարհի»
Ինչպէս յայտնի է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբն ու հետեւողութեամբը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի տպարանէն կը շարունակուին լոյս տեսնել 20-րդ դարու սկիզբին հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, գիւղերուն եւ շրջաններուն նուիրուած յուշամատեաններու վերահրատարակութեան աշխատանքները:
Արդարեւ, յուշամատեաններու շարքին առաջինն էր «Ատանայի հայոց պատմութիւն» հատորը: Երկրորդը` «Պատմութիւն Տարօն աշխարհի», որ առաջին անգամ լոյս տեսած է 1956-57 թուականներուն` խմբագրութեամբ Կարօ Սասունիի: Ներկայ հրատարակութեան խմբագիրն է բանասէր, նախկին տնօրէն եւ «Կամար» գրական պարբերաթերթի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան:
Հատորը իր մէջ կը պարունակէ Տարօն աշխարհի, Մշոյ դաշտի, Սասունի եւ շրջակայքի աւանդութիւնները, բարքերը, սովորութիւնները, դիւցազնապատումն ու եղեռնապատումը, ինչպէս նաեւ «վերակենդանացումի ճիգերը եւ անոնց տխուր ու ողբերգական կորուստը»: Յարգելի խմբագիրը կատարած է լեզուական, շարահիւսական եւ կէտադրական սրբագրութիւններ: Տեղանուններու եւ անձնանուններու պարագային միատեսակութիւն որդեգրուած է, եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ ամբողջացուած են տեղանուններու, անձնանուններու, նկարներու եւ քարտէսներու ցանկերը:
Յայտնենք, որ Անթիլիասի տպարանէն յաջորդաբար հրատարակութեան պիտի տրուին «Պատմութիւն Անթէպի Հայոց» (2 հատոր), «Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը», «Վասպուրական», «Մարաշ կամ Գերմանիկ», «Պատմագիրք Կիւրինի» յուշամատեանները:

«Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» Կեդրոնը Հրապարակեց Հայոց Լեզուի Ուսուցման Ծրագիր Մը` Մանկապարտէզի Դասարաններուն Համար
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակը 2013

13

թուականի Յուլիսին հրապարակեց հայոց լեզուի ուսուցման ծրագիր մը, ուղղուած` Լիբանանի հայկական վարժարաններու մանկապարտէզի հայոց լեզուի ուսուցիչներուն:
Սոյն աշխատութիւնը` «Նախադպրոցականներու կրթութեան ազգային ծրագիր» անունով, հրապարակուեցաւ Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի հրատարակած «Հայ մանկավարժ» հանդէսի թիւ 5 համարին մէջ: Ծրագիրին հեղինակն է Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի փրոֆեսէօր, դոկտ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան` աշխատակցութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու մանկապարտէզի ուսուցչական աշխատանքային խմբակին, որ յառաջացած էր յատուկ այս նպատակով:
Լիբանանի հայկական վարժարաններու մանկապարտէզի դասարաններուն մէջ կիրարկումի համար առաջարկուած այս ծրագիրը, աւելի քան 100 էջ ծաւալով, կ՛ընդգրկէ հայ մանուկներու հոգեկերտուածքի ձեւաւորումի եւ զարգացումի խնդիրներ` հաշուի առնելով ինչպէս ազգային, այնպէս ալ համամարդկային արժէքները: Անիկա ուղղուած է մանկապարտէզի փոքրիկներու առողջ եւ երջանիկ մանկութեան ապահովումին, զգայարաններու եւ հոգեկան հոլովոյթներու զարգացումին, ընկերային-մշակութային յարաբերութիւններու ձեւաւորումին, ինքնաճանաչումին ու ինքնակողմնորոշումին, սեփական անձին գնահատումին, կենցաղային-աշխատանքային տարրական կարողութիւններուն ձեւաւորումին եւ զարգացումին, ուսումնական գործունէութեան նախապատրաստումին, կարդալու եւ գրելու տարրական կարողութիւններու ձեւաւորումին:
Ներկայացնելով այս ծրագիրը` կ՛ակնկալուի, որ ան ծառայէ լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ հայոց լեզուի ուսուցման պայմաններու բարելաւման` հանդիսանալով օգտաշատ ուղեցոյց հայերէնի ուսուցիչներուն համար: Ծրագիրը օգտագործող ուսուցիչները, անոր գործածութեան լոյսին տակ յառաջ եկած դիտողութիւններով ու առաջարկներով, կրնան մեծապէս նպաստել անոր բարելաւման գործին:Սոյն ծրագիրը ուղեցուցական արժէք կը ներկայացնէ նաեւ հայկական սփիւռքի մէջ նախադպրոցական համակարգի հայերէնի ուսուցիչներուն համար, հաշուի առնելով այն լայն ընդհանրութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին սփիւռքահայ` մանաւանդ միջինարեւելեան երկիրներու մէջ գործող հայկական վարժարաններուն մէջ:
Ծրագիրը ձեռք բերելու ցանկութիւն ունեցողները կրնան դիմել «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէնութեան (Հեռաձայն` 961 1 570 555 ):

14

Անարատ Կոյս Աստուածածին Մարիամ Սրբուհի Եւ
Մայր Քրիստոսի



Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածին դարեր շարունակ հաւատքի ու յոյսի որպէս մեծագոյն օրինակ ծառայած է քրիստոնեայ ժողովուրդներուն։ Անոր դերը մեծ եղած է քրիստոնէական եկեղեցւոյ համար ու անոր հաւատքի զարգացման մէջ եղած է ներշնչում ու աղբիւր հաւատքի ամրութեան։ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածին, ըլլալով Քրիստոսը ծնող ու սնուցանող մարդկային եւ հողեղէն էակ, իր բացարձակ առաքինութեան ու հաւատարմութեան որպէս արդիւնք, նմանցուած է երկնային էակներուն եւ հոգեղէններու դասին ու իր երկինք վերափոխմամբ միացած է անոնց։ Հայ եկեղեցին(…)ամէն տարի արժանաւորապէս կը յիշատակէ Աստուածամօր երկինք վերափոխուելու տօնը, որ դասուած է Հայ եկեղեցւոյ հինգ Տաղաւար տօներու շարքին։ Երբ կը խորհրդածենք Սուրբ Աստուածածնի մասին, մեր մտքի հորիզոնը կը կեդրոնանայ Հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին մօտ Սուրբ Կոյսին ունեցած ու վայելած արժէքին, որ դարեր շարունակ արժանացած է յատուկ պատիւի, սրբութեան ու աւանդութեան։ Հայ եկեղեցին շատ յստակ համոզում ու անկէ յառաջացող կեցուածք ունի Սուրբ Կոյսին նկատմամբ, որ շաղախուած է հայոց ազգի դարաւոր պատմութեան ու ամէնօրեայ կեանքին։ Սուրբ Աստուածածինը՝ Մայր մայրութեան։ Շարականագիրը կը փառաբանէ Սուրբ Կոյսը միաձայնելով երանելի առաքեալներուն ու սուրբ կոյսերուն ըսելով. «Օրհնեալ ես Ամէնօրհնեալդ ի կանայս» (Օրհնեա՜լ ես, ով կիներուն մէջ ամէնօրհնեալ)։ Սուրբ Աստուածածինը իր մնայուն ներկայութիւնն ու ազդեցութիւնը ունեցած է եւ ունի իւրաքանչիւր հայ եւ հաւատացեալ ընտանիքէ ներս, ըլլալով Մայրը մայրութեան, օրինակն ու բարձրարժէք էակը հայ մայրերուն, պատուոյ ու համբերութեան աղբիւրը հայ մայրերուն ու նաեւ հաւատարմութեան գերօրինակ դաստիարակիչը հայ ընտանիքներուն։ Քրիստոնեայ ընտանիքներ ու մանաւանդ

15

մայրեր, ահաւասիկ քսան դարեր ներշնչուած մնացին Ս. Կոյսի առաքինութիւններէն եւ կրեցին այդ առաքինութիւնները որպէս պսակ իրենց ընտանիքի պատիւին։ Սուրբ Աստուածածինը՝ զԱստուած ծնող ու անարատ Կոյս։ ԶԱստուած ծնիլ կը նշանակէ արժանանալ այնպիսի պատիւի ու օրհնութեան, որուն ոչ ոք գէթ արժանացած է ու պիտի արժանանայ։ Աստուած ընտրեց Սուրբ Կոյսը որպէսզի Իր փրկագործական ծրագիրը լրման հասցնէ։ Փրկութիւնը ի զօրու պիտի դառնար Քրիստոսի մարդեղութեամբ, ուստի այդ Փրկիչը ծնողը անբծութեան մէջ մնաց յաւիտեան, որովհետեւ ան ծնունդ տուաւ անոր, որ անարատ կեանք մը ապրեցաւ ու մեզ հրաւիրեց նոյն կեանքը որդեգրելու։ Սուրբ Կոյս Աստուածածնի անարատ կուսութիւնը հարցման ենթակայ նիւթ մը չէ, այլ շատ յստակ հաւատքի հանգանակ մըն է, որ առաւել ամրութիւն ու հաստատակամութիւն կը պարգեւէ մեր հաւատքին, հանդէպ Աստուծոյ Ամենակարողութեան ու մեր հաւատքի վեհութեան։ Շարականէն առնելով այս հաստատումը, կրնանք եզրակացնել, թէ ինչ է Հայ եկեղեցւոյ Աստուածաբանութիւնը ու կեցուածքը Սուրբ Աստուածածինին հանդէպ. «Երիս խորհուրդըս սոսկալիս ի քեզ տեսանի Աստուածածին. յղութիւն անսերմնական. ծնունդ անարատ. կուսութիւն յետ ծննդեան մնալով անապական. օրհնութեամբ զքեզ Աստուածածին մեծացուցանեմք»։ (Ո՜վ Սուրբ Աստուածածին, քու մէջդ երեք սոսկալի – սքանչելի- խորհուրդներ կը տեսնուին. անսերմ յղութիւն, անբիծ ծնունդ, եւ ծնունդ տալէ ետք մնալով անաղարտ կուսութեան մէջ. օրհնութեամբ քեզ կը մեծարենք Աստուածածին)։
Հայ շարականները իրենց ծով հարստութեամբ մեծագոյն ազդակն են Հայ եկեղեցւոյ սքանչելի Աստուածաբանութեան, որուն կարեւորութիւնը յոյժ արժէքաւոր է մանաւանդ ներկայ մեր դարուն մէջ, հասկնալու ու արժեւորելու Հայ Եկեղեցւոյ վեհութիւնն ու սրբութիւնը։
Սուրբ Աստուածածինը՝ Բարեխօս։ Բաղդատելով Սուրբ Կոյս Աստուածածինը նախամօր Եւային հետ, կը տեսնենք թէ Աստուածածինը իր անձով, կենցաղով ու կոչումով, մարդկութեան վրայէն հանեց առաջին անհնազանդութեան մեղքը եւ արժանի դարձուց Աստուածահաճոյ կեանքի։ Ինչպէս Քրիստոս Ադամական մեղքէն ձերբազատեց մարդկութիւնը, այնպէս ալ Սուրբ Աստուածածինը որպէս իգական ներկայացուցիչը մարդկութեան, յետս կոչեց Եւայի կողմէ գործուած մեղքն ու անոր արդիւնքները։ Քրիստոնեայ հաւատացեալները այլեւս կեանքի մասին սկսան խօսելու ու ոչ թէ մահուան. կեանք մը, որ իր մէջ կ՛ընդգրկէ Սուրբ Աստուածածնին նկարագիրը։
Սուրբ Կոյսը մարդկութեան համար դարձաւ բարեխօս, Քրիստոս Աստուծոյ մօտ։ Իր երկինք վերափոխումով, Սուրբ Կոյսը իր Որդիին մօտ որպէս բարեխօս կը կանգնի, ինչպէս Կանայի հարսանիքին բարեխօսեց Քրիստոսի, որ հնարք մը գտնէ գինիի չգոյութեան եւ ուստի Քրիստոս իր առաջին հրաշքը կատարեց ջուրը գինիի վերածելով (Աւետարան ըստ Յովհաննու 2։1-12)։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, հոյակապ կերպով կը ներբողէ Սուրբ Աստուածածնին, զայն որակելով որպէս Հրեշտակ՝ մարդոցմէ, մարմնատեսիլ Քերովբէ, երկնաւոր Թագուհի, անխառն՝ ինչպէս օդը, մաքուր՝ ինչպէս լոյսը…

16

(Նարեկացի Բան Ձ)։ Նարեկացին կը խնդրէ բարեխօսութիւնը Սուրբ Աստուածածնին, որ ընդունի իր մաղթանքները, աղերսները, խօսքերն ու պաղատանքները, որպէսզի կարենայ ապրիլ Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի համար։ Հայ ժողովուրդը յատուկ աւանդութիւն մը վերապահած է Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ, որն է Խաղողի օրհնութեան արարողութիւնը, որ խորհրդանիշն է բերքերու օրհնութեան ու առատութեան։ Սուրբ Աստուածածինը, որպէս պտղատու տունկ, «ո՜վ տունկ կեանքի օրհնուած պտուղին (Նարեկացի Բան Ձ)» ծնունդ տուաւ քաղցրագոյն էակին, որ իր կեանքով իմաստաւորեց համայն մարդկութիւնը ու կոչեց զայն քաղցրացնելու այս աշխարհը, բարի գործերով, սիրով ու խաղաղութեամբ։ Առաւել, խաղողի հիւթով կը պատրաստուի գինին, զոր Սուրբ պատարագի ընթացքին կը փոխակերպուի Քրիստոսի սրբարար ու մաքրիչ Արեան, որուն միջոցաւ հաւատացեալները արժանի կը դառնան մեղքերու թողութեան։ Ուստի այսօր, որպէս Հայ եկեղեցւոյ ու ազգի ժառանգորդները, մեր պարտքն ու պարտականութիւնն է պահել, արժեւորել ու իմաստաւորել մեր աւանդութիւնները, զանոնք չնկատելով ժամանակավրէպ արժէքներ, այլ անոնց միջոցաւ արտայայտել մեր յարգանքն ու նուիրումը մեր դարաւոր հաւատքին հանդէպ, որուն միջոցաւ լուսաւորուեցաւ մեր ազգը ու արժանացաւ օրհնութեան ու յաւերժութեան։ Թող Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման Տօնին առթիւ օրհնութիւն հեղու մեր Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին վրայ, ըլլալու վերանորոգ հաւատքի ջահակիրներ՝ լոյս ու հաւատք սփռելով մեր շրջապատին։
Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան

Զրոյցներ հայերէնի մասին (Է.)
Հայոց լեզուի արեւելեան ու արեւմտեան ճիւղերուն մասին . Ի՞նչ տարբերութիւն

Երբ արեւմտահայ դասական գրողները կը կարդաք կամ կը լսէք իրենց ստեղծագործութիւնները – Պետրոս Դուրեան , Յակոբ Պարոնեան , Միսաք Մեծարենց – Ի՞նչ զգացումներ կ'ունենաք :
Կը յիշէ՞ք «Մեծապատիւ Մուրացկաններ»ուն պերճաբան ճառախօսը . «Կար ժամանակ մը ուր խաւարը լուսոյ դէմ կը կռուէր , տգիտութիւնը գիտութեան դէմ, անցեալն ապառնիին դէմ , հրամայականը սահմանականին դէմ , սուրը գրիչին դէմ , ատելութիւնը սիրոյ դէմ ,կրակը ջուրին դէմ , միսը բանջարեղէնին դէմ . Իսկ հիմա անցան այն ժամանակները . անոնք անցեալ են , մենք՝ ապառնի , անոնք խաւար են , մենք ՝ լոյս , անոնք տգէտ են , մենք ՝ գիտուն , անոնք սուր են, մենք ՝ գրիչ ...»:
Պիտի ուզէի՞ք որ դատարկահունչ խօսքի այս փայլուն ծաղրը արեւելահայերէնի վերածուէր : Ո՛չ , պիտի պատասխանէիք հաւանաբար : Եւ արդար պիտի ըլլայիք : Ինչո՞ւ : Որովհետեւ Դուրեանին քնարական նուրբ հիւսուածքը պիտի խաթարուէր , Պարոնեանին երգիծական փայլը պիտի

17

կորսուէր , ուրիշ խօսքով՝ գեղարուեստական արժէքները խոշոր կորուստներ պիտի ունենային , ինչպէս որ կ'ըլլայ յաճախ , թարգմանութեանց մէջ:
Արեւմտահայերէնը մեզի՝ արեւելահայերուս համար անորսալի եւ թանկագին հրապոյր մը ունի , զոր մենք երբեք պիտի չուզէինք կորսնցնել :
Սակայն չէ՞ որ կան բառերու գործածութեան եւ շարահիւսութեան տարբերութիւններ:- Կան, ճիշդ է , բայց համն ալ ճիշդ ատոր մէջ է , այդ տարբերութեան :
Ուրեմն տարբերութիւններ կան :Ե՞րբ յառաջ եկան այդ տարբերութիւնները ,եւ ի՞նչ տարբերութիւններ են ատոնք:
Հին հայերէնի՝ գրաբարի մէջ այդ տարբերութիւնները չկային :Ատոնք յստակ չէին նաեւ միջին հայերէնի մէջ , եւ իբրեւ գրական լեզու կը գործածուէր Ժ.-ԺԷ. Դարերու ընթացքին : Այս լեզուն խայտաբղէտ է եւ հարուստ . միջին հայերէնով ստեղծագործած են Շնորհալի , Ֆրիկ , Վարդան Այգեկցի եւ ուրիշներ : Ով որ իրենց ստեղծագործութիւնները կարդացած է , չի կրնար որոշել թէ անոնց լեզուին մէջ ի՞նչն է գերակշռողը , արեւմտահայերէ՞նը թէ՞ արեւելահայերէնը : Որովհետեւ որոշ տարբերութիւն դարձեալ չկայ հոս:
Ատոնք սկսան տարբերիլ ԺԸ. , մանաւանդ ԺԹ. Դարերուն , երբ արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը սկսան ձեւաւորուիլ իբր գրական լեզուներ : ԺԹ. Դարուն կէսերը անոնց տարբերութիւնը արդէն իսկ իրականութիւն էր: Լեզուաբաններուն կարծիքով ՝ արեւմտահայերէնը գրաբարին մօտ է իր շարահիւսութեամբ , արեւելահայերէնը ՝ արտասանութեամբ :Երկուքն ալ լաւ են ,կատարեալ , երկուքն ալ ազգային մշակոյթին թանկագին հարստութիւնն են :
Անշուշտ գիտէք թէ ի՛նչ ճակատագիր բաժին ինկաւ արեւելահայ ու արեւմտահայ լեզուներուն , քանի որ գիտէք թէ ի՛նչ եկաւ արեւմտահայութեան գլուխը 1915ի Մեծ Եղեռնէն՝ Հայոց ամենադժուար պատմութեան ամենազարհուրելի աղէտէն վերջ: Արեւմտահայութիւնը կոտորուեցաւ թուրք ջարդարարներու յանցաւոր ձեռքովը , իսկ ազատածները «ցրուեցան ի սփիւռս աշխարհի » , իրենց լեցուն ալ հետերնին տանելով:
Գիտէք անշուշտ նաեւ թէ ի՛նչ բախտ բաժին ինկաւ արեւելահայութեան եւ արեւելահայերէնին : Հայաստանի մէջ խորհրդային իշխանութիւն հաստատուելուն շնորհիւ երկիրը ազատեցաւ վերահաս աղէտէն , մտաւ տնտեսական , մշակութային , կրթական կեանքի նոր ճամբու վրայ . արեւելահայերէնն ալ դարձաւ այդ կեանքի լեզուն , մեր հանրապետութեան պետական լեզուն:
Այսպէս՝ երկուքն ալ կը պահուին , բայց չափազանց տարբեր պայմաններու մէջ , այն աստիճան տարբեր , որքան տարբեր են Մայր Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն կեանքը եւ կեցութիւնը:
Համադրեց՝ Սօսէ Պետիրեան

18

Մեր ելեկտրոնային ընթերցողներէն տիար Կարօ Գոնիալեանի խնդրանքին ընդառաջելով , ստորեւ կը կատարենք անոր խնդրած ծանուցումը եւ դիմումը մեր ընթերցողներուն եւ համայն քեսապահայութեան , միանալու Քեսապի հետ առընչուող դիմատետրի չորս խումբերու: (խմբ.)

Kessabtsis you are invited to join the following 4 heritage Face Book groups:
1. Kessab/ Kasab (Arabic: كسب , Armenian: 'Քեսապ')
2. KEORKUNE & KEORKUNETZIS ...to know & to preserve
3. Kessab Cuisine /Քեսապի խոհանոց
4. KESSAB EDUCATIONAL ASSOCIATION (K.E.A.) «Քեսապի Ուսումն. Միութիւն»

https://www.facebook.com/groups/100730440969/
https://www.facebook.com/groups/keorkune/
https://www.facebook.com/groups/129135903911755/
https://www.facebook.com/groups/KEAofLA/

Մեծատաղանդ գրագէտ Անդրանիկ Ծառուկեանի ծննդեան հարիւր ամեակին առթիւ հակիրճ կ'անդրադառնանք անոր կեանքին եւ գործին , նաեւ կը ներկայացնենք հատուած մը անոր «Թուղթ Առ Երեւան» երկարաշունչ բանաստեղծութենէն:(խմբ.)
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ
(1913-1989) 
ԿԵԱՆՔԸ
Ծնած է 1913ին, Կիւրին: Հայկական Եղեռնի ողբերգութենէն անմասն չմնալով հանդերձ, մահուընէ ազատած է մազապուրծ։ Իր մայրը՝ Երանուհի, աքսորի տաժանելի ճամբաներէն կրցած է ապահով Սուրիա հասցնել երեխան։
1918-1922, փոքրիկն Անդրանիկ կը տեղաւորուի Հալէպի Հայկազեան վարժարանը։ Հայրը՝ Թորոս Ծառուկեան, եղած է թշանամիին դէմ պայքարող հայդուկ մը։ Թուրք ջարդարարի ժանտարմներու դէմ ընդմիշտ պայքարող հերոս մը եղած է ան։ Պատերազմէն ետք ալ, դեռ ուղիղ վեց տարի, Կիւրինի լեռները եւ հովիտները իրեն կռուան եւ ապաստան ըրած՝ ան կռուած է թուրք դահիճներուն դէմ։

19

Ի վերջոյ բռնուած է եւ բանտարկուած Մարաշի բանտը, ուր եւ նահատակուած է, աշխարհի վրայ միակ ժառանգ թողելով իր տաղանդաշատ որդին՝ Անդրանիկը։
Զարմանալի են կեանքին պարտադրած դէպքերն ու տարօրինակութիւնները։ Ճիշդ այն օրերուն, երբ փոքրիկն Անդրանիկ որբանոցէն դուրս կը հանուի եւ իր վրայէն ընդմիշտ կը հանէ որբանոցի աղքատիկ համազգեստը, Մարաշի բանտէն ազատած եւ Հալէպ հասած մարդ մը այցի կու գայ Անդարնիկի մօրը եւ իր բնակարանը։
Ան կու գայ յայտնելու, որ Անդրանիկի հայրը՝ Թորոս Ծառուկեան, ճանչցուած որպէս հերոս «Չէլօ Թորոս», նոր սպաննուած է Մարաշի բանտին մէջ թուրք դահիճներուն կողմէ։
Հայրը, նախքան իր նահատակութիւնը, խնդրած էր այս հրաշքով ազատած իր բարեկամէն, որ երբ ան ազատի եւ Հալէպ հասնի, անպայման գտնէ իր այրին եւ որդին։ Գրկէ իր որդին կրծքին եւ համբուրէ զինք իր կողմէ։
Անդրանիկի նահատակ հերոս հօր իղձը կը կատարէ բանտակիցը։
Կը պարզուի նաեւ, որ, ինչպէս գրած է ինք՝ Ա. Ծառուկեանը, մինչեւ այն օրը երբ ան որբանոցի մէջ էր՝ որբ չէր, քանի որ հայրը կ՚ապրէր դեռ։
Սակայն յատկապէս այն օրը, երբ որբանոցէն դուրս կ՚ելլէ եւ որբի զգեստները մէկդի կը դնէ, կը պարզուի որ ճիշդ այդ օրն է որ իրապէս որբացած է ան։
Անդրանիկ Ծառուկեան երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի նորաբաց Ճեմարանին մէջ, աշակերտելով Նիկոլ Աղբալեանին եւ Լեւոն Շանթին։ Ժամանակ մը վարած է ուսուցչական պաշտօններ Հալէպի եւ Պէյրութի հայկական վարժարաններուն մէջ։
1950 թուականէն ետք, ինքզինք ամբողջապէս նուիրած է «Նայիրի» շաբաթաթերթի հրատարակութեան, խմբագրութեան եւ գրականութեան։ Մահացած է Փարիզի մէջ 1989-ին:

ԳՈՐԾԵՐԸ
Հրատարակած է հետեւեալ բանաստեղծական եւ գրական երկերը. «Եղերաբախտ Քերթողներ», «Մոխրամանը» եւ «Առագաստներ» բանաստեղծութիւններու գիրքը։ Ասոնք եղած են իր սկզբնական գործերը։ 1946ին հրատարակած է «Թուղթ Առ Երեւան» ընդարձակ պոէման։

20

1948ին՝ «Հին Երազներ Նոր Ճամբաներ»: 1956ին՝ «Վերջին Անմեղը» (վէպ) եւ «Երազային Հալէպը»: 1983ին «Նոր Հայաստան, Նոր Հայեր»: 1987ին «Սէրը Եղեռնին Մէջ» վէպը։ Ծառուկեանի մահուընէն ետք, իր տիկինը՝ Սօնա Ծառուկեան, լոյս ընծայեց բանաստեղծին մէկ քանի այլ գործերը։




ԳՐԱԿԱՆ ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐ
Ա. Ծառուկեան իր մշակած գրական բոլոր սեռերուն մէջ եղաւ իրաւ յայտնութիւն մը: Գեղարուեստական անթերի արուեստով գրող մը։ Հայ լեզուն գաղտնիք չունի անոր համար։ Ու հայ լեզուն՝ իր գրչին տակ կ՚ապրի միշտ իր փառքը։
Ծառուկեանի ոճը յստակ է, պատկերաւոր, հաղորդական եւ պայծառ՝ իր մտքին պէս։
Անիկա ամէնէն պարզ նիւթերն անգամ գիտէ ճարտարօրէն մշակել ու ներկայացնել զանոնք գրաւիչ եղանակով, գրական արուեստով։

21

ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԵՐԵՒԱՆ  (հատուած)
Յիշո՞ւմ ես ապա.
Երաշտ մի հովտից, անանուն դաշտից
Պողպատ առ պողպատ
Դարերին նետուած կամուրջ մի հսկայ.-
Օ՜ Սարդարապատ...

Յիշո՞ւմ ես ապա.
Սրտերի գրոհ ու կամքի հեղե´ղ,
Ոգու ուրուակա´ն,
Ու մետաղացած բազուկներ ջրդեղ՝
Հրաբուխներից տեղահան անտա´ռ,
Ու երկնքի դէմ գալարուող թաթա´ռ-
Յիշո՞ւմ ես ապա՝
Մոռացուած մի գիւղ, մի խուլ կայարան-
Ղարաքիլիսա ու Բաշ-Աբարան...
Քաջալանջ Հայկից թող մինչեւ Տիգրան,
Ու պերճ Տիգրանից մինչ Կարմիր Վարդան,
Ու մինչեւ, Գագիկ, ու մինչեւ Թորոս,
Մինչեւ Դաւիթ Բէկ
Եւ մինչեւ, մինչեւ Բաղրամեա´նն հերոս,
Վե´ր կենան մի հեղ,
Հողի տակ ապրող մարտիկները մեր
Վե´ր կենան մի հեղ,
 Եւ Արարատից մինչ անհաս երկինք,
 Ու երկնքներից դեռ մինչեւ աստղեր,
Ու մինչեւ եթեր,
Ու մինչեւ Աստուա´ծ.
Ու համբոյր տան ձեզ,
Ու տան ձեզ պատի´ւ,
Տան Փա´ռք ու պարծանք՝
Հէ´յ Սարդարապատ
Ղարաքիլիսա´,
Հէ´յ Բաշ-Աբարան...

Յիշո՞ւմ ես ապա.
Արիւնից ծորած երիզ մի կարմիր,
Երկնքից պոկուած կտոր մի կապոյտ,
Հասուն հասկերի շող նարնջագոյն,
Եւ վեց դարերի խաւարի վրայ՝
Դրօ´շ Եռագոյն…
Անդրանիկ Ծառուկեան