Wednesday, August 1, 2012

ԿԱՍԻՈՍ ԼՐԱՏՈՒ - Թիւ 3 - Օգոստոս 2012

1


2

Խմբագրութեան Խօսքը

Առ ի տեղեկութիւն մեր ընթերցողներուն , որ Կիրակի 2 Յուլիսին «Կասիոս Գրական Լրատու» թիւ 1 էն (Յունիս 2012) Քեսապի եկեղեցիներու միջոցաւ խմբագրութիւնս ցրուեց 150 տպուած օրինակ , ինչպէս նաեւ 150 օրինակ Ե-նամակներով (իմէյլ)՝ Քեսապի մէջ եւ Քեսապէն դուրս : Քաջալերուած ժողովրդային ընդունելութենէն Լրատու թիւ 2էն (Յուլիս) տպեցինք 200 օրինակ, որոնք սպառեցան նոյն օրն իսկ ՝ 29 Յուլիս 2012ին: Ե-նամակներով ցրուեցինք 200 օրինակ :Այսօր , երբ մամուլին կը յանձնենք Լրատու 3ը արդէն մեր Ե- հասցէներու (mailing list) ընդհանուր թիւը աւելցած է 30ով : Կը խնդրենք մեր ընթերցողներէն որ մեզի հայթայթեն Ե-նամակներու հասցէներ, որպէսզի կարենանք Լրատուն սեփականութիւն դարձնել մեզի սիրելի այլ բարեկամներու եւ ընկերներու : Խմբագրութիւնս իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Քեսապի հայ բնակչութեան , որ այս ձեռնարկը գնահատեց իր հետաքրքրութեամբ, քաջալերանքով , դիտողութիւններով եւ քննադատութիւններով: Անգամ մը եւս Քեսապցին փաստեց որ ինք անտարբեր չէ մշակութային աշխատանքի նկատմամբ , գնահատել գիտէ նաեւ աւելի՛ն կը պահանջէ: Այս մօտեցումը կը խրախուսէ,միեւնոյն ատեն խմբագրութիւնս կը դնէ յաւելեալ պատասխանատուութեան ներքեւ :

Կը հրապարակենք երրորդ ՝ Օգոստոսի թիւը: Այս թիւին մէջ , ի միջի այլ նիւթերու , պիտի անդրադառնանք հայ մեծագոյն արձակագիրներէն Ակսել Բակունցի կեանքին ու գրականութեան, : Բակունց , Չարենցի նման , 1937ին զոհ գնաց Ստալինեան հալածանքներուն ու «մաքրագործումներուն» : 2012ը կը զուգադիպի իր , Չարենցի, Զապէլ Եսայեանի եւ այլ մտաւորականներու մահուան 75 ամեակին:
Քեսապահայութեան համար ուրախութիւն է որ իր զաւակները պետական Պրըվէի քննութեանց արձանագրած են տոկոսային բաւական լաւ համեմատութեամբ յաջողութիւն : Կը շնորհաւորենք յաջողած աշակերտներն ու իրենց ծնողները եւ կը մաղթենք որ անոնք կարենան նուաճել նորանոր բարձունքներ :
Խմբագրութիւնս իր խորազգած ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Քեսապի եւ շրջակայքի նահատակ երիտասարդներու ընտանիքներուն , հարազատներուն եւ ընկերներուն , մաղթելով մեր ասպնջական Սուրիա հայրենիքին խաղաղութիւն :

Խմբագրական Կազմ
Պրն. Նշան Պասմաճեան-Գլխաւոր Խմբագիր , Տիկ. Անի Չիւրիւքեան- Աբէլեան - Փոխ Խմբագրապետ ,Խմբագրութեան անդամներ՝ Տիկ.Նայիրի Կէրճիկեան-Մելքոնեան՝ Լրատուութեան պատասխանատու , Տիկ. Յասմիկ Աւագեան-Սաղտըճեան՝ Յօդուածներու պատասխանատու ,Պրն. Րաֆֆի Ճուրեան՝ Յօդուածներու եւ Ժամանցի բաժնի եւ տպագրութեան պատասխանատու :
Ձեր գրական ստեղծագործութիւններն ու ձեր նամակները կրնաք յանձնել խմբագրութեան անդամներէն ոեւէ մէկուն և կամ յղել հետեւեալ հասցէին . gasioslradou@gmail.com

3

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԼՈՒՐԵՐ
ՏԵՂԱԿԱՆ
 Կը շնորհաւորենք Պետական Պրըվէի քննութեանց յաջողած Քեսապի երկրորդական վարժարաններ յաճախող աշակերտները .
Ազգ. Ուսումնասիրաց Ճեմարանի աշակերտներ
Անի Գերպապեան , Մարալ Կարճիկեան , Մարի Չէլէպեան , Մակի Աբէլեան , Սիլվա Բէնդէզեան , Լիլիթ Պօյմուշաքեան , Օսան Մանճիկեան , Ռիթա Աշըգեան , Մեղրի Թիթիզեան , Ռազմիկ Մելքոնեան , Սիրական Մելքոնեան , Վահան Սաղտըճեան , Վաչէ Աշըգեան , Շանթ Արապեան , Հրանդ Թրթռեան , Ամմար Գատտար :
Պետական Վարժարան յաճախող յաջողած Հայ աշակերտներ.
Յարութ Սուլեան , Նուէր Թիթիզեան

 Լրատու թիւ 2ին մէջ թիւրիմացութեան մը պատճառաւ Ճորճ Գալէնտէրեանի անունը չէր յիշատակուած պետական Պաքալորէայի յաջողած աշակերտներու անուանացանկին մէջ: Խմբագրութիւնս Ճորճին ներողամտութիւնը կը հայցէ այս վրիպումին համար , կը շնորհաւորէ զինք եւ անոր կը մաղթէ նորանոր յաջողութիւններ :

 Ս.Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը այս տարի եւս համախմբեց քեսապահութիւնը , որոնք իրենց հաւատքի զօրութեամբ եւ հաստատակամութեամբ փաստեցին թէ իրենք տէր են իրենց աւանդութիւններուն եւ միշտ կառչած կը մնան իրենց եկեղեցւոյն հակառակ դժուարին պայմաններուն եւ երկրի կայունութիւնը խաթարող ահարկու վտանգներուն:
Երկրի անկայուն վիճակին պատճառով Ս.Աստուածածնայ տօնը ունէր տարբեր բնոյթ: Ֆիզիքապէս բացակայ էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահան Սրբ.Եպս.Սարգիսեանը, որուն հայրական օրհնութիւններու կարօտը միշտ ունեցած է քեսապցին: Բացակայ էին նաեւ զանազան երկիրներէ ու սուրիական քաղաքներէ խուռներամ ժամանող հազարաւոր ուխտաւորները:
Շաբաթ` 11 Օգոստոսի երեկոյան Արժ.Տէր Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեան կատարեց մատաղօրհնէքի արարողութիւնը Էսքիւրանի Ս.Աստուածածնայ մատուռին բակը ներկայութեամբ խումբ մը

4

հաւատացեալներու : Քեսապցի երիտասարդներ ստանձնեցին մատաղապուրի՝ հարիսայի պատրաստութինը մինչեւ առաւօտ:
Կիրակի ,յաւարտ Ս.եւ Անմահ Պատարագին ,տեղի ունեցաւ հարիսայի, խաղողի եւ աւանդական բըկէղի օրհնութիւնը Քեսապի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ , որմէ ետք բաժնուեցան մատաղապուրն ու խաղողը ինչպէս նաեւ վաճառուեցան բըկէղ ու քաղցրեղէններ պատրաստուած Ս.Օ.Խաչի «Մեղրի»մասնաճիւղի վարչութեան եւ անդամուհիներուն կողմէ:Եկեղեցւոյ բակին մէջ կը տիրէր մտերմիկ ու սերտ մթնոլորտ : Ներկաները շնորհաւորանքներ եւ բարեմաղթութիւններ փոխանցեցին իրարու խնդրելով Աստուծմէ որ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն պարգեւէ մեր շատ սիրելի Սուրիական հայրենիքին ինչպէս նաեւ անսասան պահէ մեր թանկագին Քեսապը:

 Երկուշաբթի, Գարատուրանի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ , հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Քեսապահայ բոլոր ննջեցեալներուն եւ բոլոր նահատակներուն հոգիներուն :

 -Հայ Կաթողիկէ Ս.Միքայէլ Եկեղեցւոյ մէջ Ս.եւ Անմահ Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք: Հաւատացեալ ժողովուրդը իր աղօթքները բարձրացնելով առ Աստուած մաղթեց որ մեր երկիրը վերագտնէ իր խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

 Գահիրէի մէջ լոյս տեսաւ «Հայ Գիրքը Եգիպտոսի Մէջ 1888-2011 Մատենագիտական Ցուցակ»ը , հեղինակ՝ եգիպտահայ մտաւորական Տոքթ. Սուրէն Պայրամեան: Գիրքը նուիրուած է հայ տպագրութեան 500-ամեակի փառապանծ յոբելեանին (5152-2152):

 Յակոբ Մեղապարտի «Ուրբաթագիրքը» աշխարհաբարի վերածած է Լուսինէ Աւետիսեանը , ուր չափածոյ աղօթքները կը հնչեն նոյնքան գրաւիչ ու հրապուրիչ, որքան գրաբար բնագիրը՝ տալով թարգմանութեան հաճելի երաժշտականութիւն:

 «Մանկա-Մեսիա»ն հայացուած օրինակն է անգլերէն լեզուով Ճաբոնի մէջ հրատարակուած առաջին բնագրին: Զայն Հայերէնի թարգմանեց Տիկ. Արտա Ճէպէճեան : Հրատարակութիւնը կը պարտինք Արաբական Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերակցութեան գրասենեակի ընդհանուր պատասխանատու եւ գործադիր քարտուղար՝ Պրն. Հրայր Ճէպէճեանին : Աստուածաշունչի գունազարդ հրատարակութիւն մըն է այս հատորը ,որուն նպատակն է Աստուծոյ խօսքը հասցնել մանուկին ու պատանիին : «Մանկա-Մեսիա»ն կ'ընդգրկէ Քրիստոսի ծնունդէն մինչեւ խաչելութիւն երկարող ժամանակաշրջանը եւ կ'ամփոփէ Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի կարեւորագոյն դրուագներն ու դէպքերը:

5

 «Լոյսի Ճամբորդներ»ը նորատիպ,արձակ 130 էջնոց գիրք մըն է : Հեղինակը՝ Հալէպահայ գրագիտուհի Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեան , գիտակ է հայ եկեղեցւոյ, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի պատմութեան:Ան ընթերցողը կը փոխադրէ հայոց անցեալի փառքի վայրերը՝ Անի մայրաքաղաք,Գլաձոր, Տաթեւի վանք եւայլն:
Վերոյիշեալ լուրերը քաղուած են www.kantsasar.com եւ www.hetq.am էն:

ԱՐՀԻԱՊԱՏԻՒ ՀԱՅՐ ՎԱՐԴԱՆ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ 
ՈՉ ԵՒՍ Է

Շաբաթ 28 Յուլիս 2012ին,Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան վանքին մէջ ,իր մահկանացուն կնքեց Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Պէյրութի պատրիարքական թեմի վաստակաւոր նախկին ընդհանուր փոխանորդ,բանաստեղծ,մշակութային եւ կրթական մշակ,Արհ. Վարդան Եպս.Աշգարեան: Իր պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդութեան պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանին ան եղած է անմիջական պատասխանատուն Քեսապի Հայ Կաթ. Եկեղեցւոյ,իր Ժողովրդապետութեամբ եւ վարժարանով.մասնաւորաբար անոր ջանքերուն շնորհիւ եւ հսկողութեան տակ է որ վերանորոգուեցաւ Քեսապի Հայ Կաթ.Բարեյուսոյ վարժարանը:Կիրակի 6 Օգոստոս 2012ին Քեսապի Ս.Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն վախճանեալ եպիսկոպոսի հոգւոյն համար,ինչպէս նաեւ 2 Սեպտեմբեր 2012ին ,նոյն եկեղեցւոյ մէջ ,պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն անոր մահուան քառասունքին առթիւ: Հակիրճ տողերու մէջ կը ներկայացնենք Գեր. Աշգարեանի կենսագրութիւնը.
Գեր. Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան ծնած է 26 Նոյեմբեր 1937ին Անտիոքի Հարպիէթ արուարձանին մէջ՝Մուսա Լեռցի հօրմէ եւ Քեսապցի մօրմէ(Արապեան):Նախնական ուսումը կը ստանայ Դամասկոսի Մէզզէի ֆրանսական վարժարանին եւ Այնճարի հայ քոյրերու դպրոցին մէջ,ապա Վիեննայի Մխիթարեան ընծայարանին մէջ կ՝ամբողջացնէ իր երկրորդական ուսումը:51 Մարտ1954ին կրօնաւորական ուխտերով կ՝անդամակցի Մխիթարեան Միաբանութեան:Իմաստասիրական եւ աստուածաբանական

6

բարձրագոյն ուսումները կատարելէ ետք Վիեննայի մէջ ,22 Յունուար1961ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի :
Գերապայծառ Աշգարեան ծառայած է հետեւեալ առաքելավայրերուն մէջ եւ ստանձնած հետեւեալ պաշտօնները.
1961-1964՝փոխ տնօրէն Գահիրէի Հելիոպոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի:
1964-1987 տնօրէն Մխիթարեան Վարժարանի՝ Հազմիէ , Լիբանան
1965-1975 դասախօս՝Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի արեւելեան լեզուներու բաժնին մէջ:
1988-2011Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս եւ ընդհանուր փոխանորդ:
2011ին հանգստեան կը կոչուի: 2012ին կը մեկնի Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան վանքը, ուր անակնկալ անհանգստութենէ ետք կը վախճանի 28 Յուլիս 2012ին :
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի :

Հաղորդագրութիւն
Սիրելի Ընթերցող,
Ստորեւ նշուած հաղորդագրութեամբ Համազգայինի Կեդր. Վարչութիւնը անգամ մը եւս կու գայ փաստելու , որ Համազգայինը իր առաքելութեան մէջ է , ան լծուած է Հայերէն ջամբող հայ ուսուցիչի պատրաստութեան աշխատանքին: Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հետաքրքրուողը կրնայ դիմել յայտարարութեան մէջ նշուած հաղորդակցութեան թիւերուն եւ հասցէներուն : (Խմբ.)

Հայ նորահաս սերունդին առողջ կրթութիւն տալը, եւ ի մասնաւորի անոր հայեցի ամուր դաստիարակութիւն ջամբելը Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հետապնդած գլխաւոր նպատակներէն մէկը եղած է միշտ: Իսկ նոր սերունդներու առողջ եւ արդիւնաւէտ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու գործընթացը կը պայմանաւորուի մասնագիտացած, մանկավարժ, եւ ատակ ուսուցիչներու գոյութեամբ:
Վերջին տարիներուն, հայերէն լեզուի ու գրականութեան, պատմութեան ու մշակոյթի դասաւանդութեան բնագաւառներուն մէջ, նշուած ստորոգելիները ունեցող ուսուցիչներու թիւը հետզհետէ նահանջ կ՝արձանագրէ, հայկական շատ մը վարժարաններու մէջ, ամբո'ղջ Սփիւռքի տարածքին: Եթէ հայերէնագիտական նիւթերու դասաւանդ կարող ուսուցիչներու թիւի նուազումը շարունակուի ներկայ ընթացքով, ոչ-հեռու ապագային մեր նորահաս սերունդի հայեցի կրթութեան ծրագիրները մեծ տագնապներու պիտի մատնուին:

7

Այս խնդրին լուծում գտնելու ճիգին մէջ, եւ որպէս գործնական նախաքայլեր, առնուած են հետեւեալ նախաձեռնութիւնները:
1) Առաջարկուած է Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան, որ Երեւանի Պետական Համալսարանէն ներս հաստատուի հայերէնագիտական կրթութեան խտացուած ծրագիր մը: Առաջարկուած ծրագրի ուսումնական տեւողութիւնը պիտի ըլլայ երկու տարի: Ծրագրի աւարտին ուսանողը պիտի ստանայ Մագիստրոսի վկայական: Ծրագիրը պիտի ներառնէ արեւմտահայերէնի, հայոց պատմութեան, հայ գրականութեան եւ հայ մշակոյթի դասաւանդման բաժիններ: Ծրագրին հետեւող ուսանողները մեծաւ մասամբ պիտի ըլլան Սփիւռքի վարժարաններու մէջ հայերէնագիտական նիւթեր դասաւանդելու համար պատրաստուող սփիւռքահայեր: Ծրագրին նպատակը պիտի ըլլայ նման ուսանողներու անհրաժեշտ հայերէնագիտական մասնագիտացում ջամբել: Այս առաջարկին գործադրութեան առնչութեամբ կը գտնուինք ծրագրումի հանգրուանին մէջ:
2) Հաստատուած է հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիր մը, որ կազմուած է հետեւեալ երկու հանգրուաններէն.
Ա) Սփիւռքի հայկական վարժարանէ մը հայերէնագիտական նիւթերու մէջ լաւ արդիւնքներով շրջանաւարտ երիտասարդը/ուհին կը հետեւի մանկավարժական համալսարանական ծրագրի մը (Education), որուն աւարտին կը ստանայ BA-ի կամ Licence-ի վկայական: Այս առաջին հանգրուանը կ'ամբողջացուի իր բնակած երկրին մէջ: Նոյն հանգրուանին կամ աւելի ուշ ուսանողը կ'ամբողջացնէ Teaching Diploma-ի (Diplome d’Enseignement) ծրագիր մը:
Բ) Երկրորդ հանգրուանով ուսանողը կ'ամբողջացնէ վերը մատնանշուած Երեւանի Պետական Համալսարանի հայերէնագիտական մասնագիտացումի՝ Մագիստրոսի մակարդակի ծրագիրը:
Հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչներու պատրաստութեան այս ծրագիրը արդէն ընթացք առած է: Մէկ ուսանող արդէն իսկ սկսած է հետեւիլ իր Licence d’Education-ի ծրագրին:
3) Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը պատրաստ է հոգալու այս ծրագրին հետեւող առաջին մի քանի ուսանողներուն ուսման եւ Հայաստանի մէջ կեցութեան ամբողջական ծախսերը: Աւելի մեծ թիւով ուսանողներու ծախսերը հոգալու համար, Համազգայինի Կեդրոնական

8

Վարչութիւնը պատրաստ է գործակցելու կրթական կամ բարեսիրական այլ կազմակերպութիւններու կամ կառոյցներու հետ: Նաեւ կը ծրագրուի հիմնել այս նպատակին սատարող յատուկ հիմնադրամներ, հայցելով օժանդակութիւնը ազնիւ եւ հոգածու ազգայիններու:
4) Այս ուսանողներէն պիտի պահանջուի գրաւոր համաձայնագրով մը ստանձնել բարոյական պարտաւորութիւնը, ուսումը աւարտելէ ետք, առնուազն եօթը տարի հայկական վարժարանի մը մէջ պաշտօնավարելու իբրեւ հայերէնագիտական նիւթի ուսուցիչ:
Արդ, սոյն հաղորդագրութեամբ կը փափաքինք յայտարարել, թէ այս ծրագիրը մեկնարկուած է արդէն: Ապա նաեւ գործակցութեան կոչ ուղղել հետաքրքրուած կրթական կամ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն: Գործակցութեան կոչ ուղղել նաեւ Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն: Վերջապէս, հրաւիրել հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ եւ այս ծրագիրով հետաքրքրուած աշակերտները, որ կապ պահեն Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակին հետ (central@hamazkayin.com , 00961-4-715684) :
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն 06 Օգոստոս 2012
ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ
Նախորդ թիւին մէջ մեր երիտասարդ աշխատակիցը՝ Վահան Մանճիկեան խոստացած էր որոշ մանրամասնութիւններ հրամցնել Լրատուի ընթերցողներուն Պօղոս եւ Յովհաննէս առաքեալներու մասին: Յաջորդ թիւին մէջ Վահան պիտի խօսի Մարիամ Աստուածածնայ եւ անոր երեւումներուն մասին: (Խմբ.)
Պօղոս Առաքեալ
Պօղոս անունը առաքեալին հռովմէական անունն է : Իր եբրայական անունը Սաւուղ կամ Սօղոս էր: Ծնած է Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքը,ծագումով հրեայ , սակայն հպատակ էր Հռովմէական Կայսրութեան : Ան ստացած էր փարիսեցի դաստիարակութիւն եւ այդ պատճառով ալ կը հալածէր առաջին եկեղեցին «Սօղոս կ'աշխատէր ոչնչացնել եկեղեցին . տունէ տուն կը մտնէր եւ հաւատացեալ այրերն ու կիները բանտ դնել կու տար:» Գրծ. (8:3) Ան խնդրած էր Հրեաներու քահանայապետէն որ Դամասկոսի քրիստոնեայ ժողովարաններուն դէմ ուղղուած նամակներ տայ որպէսզի կարենայ Դամասկոսի քրիստոնեաները ձերբակալել եւ Երուսաղէմ բերել:

9

Երբ ան կը ճամբորդէր Դամասկոսի քրիստոնեաները հալածելու, պատահեցաւ հրաշք մը : Երկինքէն լոյս մը փայլատակեց եւ լսուեցաւ ձայն մը, որ կ'ըսէր .«Սօղոս,Սօղոս, ինչո՞ւ կը հալածես զիս »: Պօղոս իր տեսողութիւնը կորսնցուց եւ երկնքի ձայնը, որ Յիսուս Քրիստոսի ձայնն էր, թելադրեց անոր որ Դամասկոս մտնէ: Մինչ այդ Տէրը երեւցաւ Անանիա անունով քրիստոնեայ հետեւորդի մը եւ անոր հրահանգեց որ երթայ Պօղոսի մօտ ու բուժէ անոր աչքերը: Անանիա ձեռքերը դրաւ Պօղոսի գլխուն եւ Պօղոսի աչքերէն կեղեւանքներ ինկան եւ ան Յիսուսի հաւատաց: Անմիջապէս մկրտուեցաւ եւ սկսաւ քարոզել Քրիստոսը: Պօղոս քարոզած է Եւրոպայի մէջ : Ան գրած է 14 նամակներ , որոնք կը համարուին Քրիստոսի ուսուցմանց ճշմարիտ քարոզչութիւնը :

Յովհաննէս Առաքեալ
Ինչպէս Լրատուի նախորդ թիւին մէջ յիշեցինք , Յովհաննէս առաքեալ աշակերտած է Յովհաննէս Մկրտիչին , եղած է Յիսուսի ամենէն սիրած աշակերտը : Յովհաննէս Առաքեալ գրած է Յովհաննու Աւետարանը , որ իր կազմուածքով կը տարբերի միւս երեք աւետարաններէն: Իր աւետարանին մէջ կը գտնենք Յիսուս որպէս Աստուծոյ Խօսք . «Ի սկզբանէ էր ԲԱՆՆ եւ ԲԱՆՆ էր առ Աստուած եւ Աստուած էր ԲԱՆՆ »: Յովհ.1:1 ( Բան կը նշանակէ Խօսք) : Յովհաննու Աւետարանը կը բաղկանայ 21 գլուխներէ : Յովհաննէս այնտեղ ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս «Յիսուսի սիրած աշակերտը» : Յովհաննէս առաքեալի կը տրուի նաեւ Աւետարանիչ , Սիրեցեալ , Բանգերաս(որդի որոտման) մակդիրները: Ան եղաւ առաջին առաքեալը, որ Յիսուսի գերեզմանը հասաւ Մարիամ Մագտաղենացիէն եւ միւս Մարիամէն ետք : Յովհաննէս գրած է 3 Ընդհանրական Նամակներ, ուր կը քաջալերէ հաւատացեալները զիրար սիրել , ապրիլ միացած կեանք մը Յիսուսի հետ , կը զգուշացնէ սուտ վարդապետութիւններէ : Առաքեալը նաեւ գրած է Յայտնութեան Գիրքը (Յայտնութիւն Յովհաննու) , ուր ան կը խօսի Աշխարհի վերջին օրերուն մասին զորս ան տեսած է երազով մը :
Պատրաստեց Վահան Մանճիկեան

ԹԷՔՆՈԼՈՃԻ
Ընդհանրապէս մարդիկ համակարգիչի վերաբերող որեւէ սարքի անգլերէն տարբերակը կը գործածեն : Օրինակի համար , քիչերս «CD»ին «խտասալիկ» կ'ըսենք մեր խօսակցական լեզուին մէջ , նոյնիսկ «համակարգիչ» բառը քիչերս կը գործածենք: Ստորեւ ներկայացուած ցուցակին մէջ ուզեցինք հայերէնով ներկայացնել կարգ մը անգլերէն եզրաբանութիւններ (terminology) առնչուած համակարգիչին: Զանոնք

10

արտատպած ենք www.ayo2006.com կայքէջէն : Ընթերցողին ուշադրութենէն պիտի չվրիպի Լրատուիս գործածած «Թէքնոլոճի» վերնագիրը եւ այնտեղ տեսնէ հակասութիւն մեր ըսածին եւ մեր գրածին մէջ : Խմբագրութիւնս փնտռտուքի մէջ է ճիշդ եզրաբանութեան: Ընթերցողները թող մեր փնտռտուքին միանան , որպէսզի Լրատու թիւ 4ին մէջ հայերէն բառը գործածենք : Կանխայայտ շնորհակալութիւն: (Խմբ.)


11
ԱՂՕԹՔ

Յաջորդող քանի մը տողերուն մէջ կը հրապարակենք , իր բառերով, աղօթքը մեր պատանի աշխատակցին՝ Յովակին , ուր ան կը տեսնէ թէ Աստուծոյ բացակայութիւնը որքան ակներեւ է եւ աղերս կը բարձրացնէ որպէսզի Անոր ներկայութիւնը յաւիտեան մնայ մեր մէջ : (Խմբ.)

Սուրիոյ երկրին մէջ խաղաղութի՜ւն թող ըլլայ... Ո՛չ չա՛ր մարդիկ,ո՛չ պայթումներ: Սուրիոյ քաղաքներուն մէջ զինադադա՜ր թող ըլլայ ու հեռատեսիլէն լաւ լուրեր լսենք: Աստուծոյ ներկայութիւնը մի՛շտ մեր մէջ թող ըլլայ :
Յովակ Կարօ Աբէլեան (11 տարեկան)
Հայ Աւետ. Նահատակաց Միացեալ Վարժարան

ԱԿՍԵԼ ԲԱԿՈՒՆՑ (1899-1937)

Հայ արձակագրութեան մեծագոյն ներկայացուցիչներէն Ակսել Բակունցի մահուան 51 ամեակն է այս տարի:Ան մահացած է 51 Յուլիս 5315ին,իր մեծ բարեկամ՝Եղիշէ Չարինցի մահուան տարին: Այս առթիւ Կասիոս Գրական Լրատուն կ'անդրադառնայ արձակագիր,բանասէր,գրական ու ընկերային գործիչ՝ Բակունցի կեանքին ու գործին:(Խմբ.)

Բուն անունով՝ Ալեքսանդր Թեւոսեան:Ծնած է Զանգեզուրի Գորիս քաղաքը 13 Յունիս 1899ին:Տեղւոյն ծխական դպրոցը աւարտելէ ետք,կ'ընդունուի Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը,որուն դասարանային բաժինը կ՝աւարտէ 1917-ին:1917-1918-ին իբրեւ մարտիկ կը մասնակցի հայկական կամաւորական գունդերու կովկասեան ռազմաճակատի կռիւներուն՝Էրզրումէն Կարս եւ անկէ՝մինչեւ Սարտարապատի բախտորոշ հերոսամարտը:1919-ին կ'ընդունուի Թիֆլիսի Փոլիթեքնիք համալսարանը,ապա կը մեկնի Խարքով,կ՝ընդունուի գիւղատնտեսական համալսարանը,զոր կ'աւարտէ1923 ին:1924-26ին կը վարէ Զանգեզուրի գիւղատնտեսի պաշտօնը,ապա կը նշանակուի գաւառական գործադիր կոմիտէի հողագործութեան բաժնի վարիչ:1927-28ին կ'աշխատի«Մաճկալ»թերթի խմբագրութեան մէջ:1928ին գործօն մասնակցութիւն կը բերէ Երեւանի անասնաբուծական-անասնաբուժական կեդրոնի կազմակերպման գործին:1931ին «Նոր Ուղի»թերթի խմբագրութեան աշխատակից է:Այնուհետեւ ան կը զբաղի միայն ստեղծագործական աշխատանքով: Բակունցի ստեղծագործական շրջանը տեւած է մէկ տասնամեակ՝1920ական թուականներու կէսէն մինչեւ 1930ական
12
թուականներու կէսը: Գրած է գլխաւորաբար պատմուածքներ:
Գլխաւոր երկերն են.«Յովնաթան Մարչ», «Կէօրէս», (վիպակներ), «Մթնաձոր»,«Սեւ Ցելերի Սերմնացանը»,«Անձրեւը»,«Եղբայրութեան Ընկուզենիները»,«Սպիտակ Ձին»(պատմուածքներու ժողովածու):Ունի երկու անաւարտ վէպ՝«Կարմրաքար»եւ «Խաչատուր Աբովեան»:Բակունցի բանասիրական աշխատութիւններէն ուշագրաւ է «Խաչատուր Աբովեանի Անյայտ Բացակայումը» ուսումնասիրութիւնը:Առաջին անգամ աշխարհաբարի վերածած է Մխիթար Գօշի եւ Վարդան Այգեկցիի առակներէն մաս մը:
Կը մահանայ 18 Յուլիս 1937 ին:
Անցեալի յետամնաց,խաւարի եւ թշուառութեան մէջ խարխափող գիւղն է Բակունցի սիրած նիւթը: Պարզամիտ ու ազնիւ գեղջուկը, երկրագործները, այգեգործները, որսորդները, հովիւները, բրուտները, կօշկակարներն են անոր հերոսները:
Բակունց, իբր գիւղատնտես Զանգեզուրի մէջ, մօտէն կը ծանօթանայ հայ գիւղացիներու կենցաղին,սովորութիւններուն:Սերունդէ սերունդ հնադարեան գործիքներով իրենց քարքարոտ եւ արեւախանձ հողը վարող այս մարդոց համար դասախօսութիւններ կուտայ գիւղատնտեսութեան արդիական նուաճումներու եւ մշակոյթի մասին:
Հողի պաշտամունքը Բակունցի գեղարուեստական աշխարհին մէջ նախ եւ առաջ ընկերային ու քաղաքացիական մեծ զգացում է.անոր հերոսները հողէն կը քաղեն ոչ միայն իրենց ֆիզիքական գոյութեան միջոցները ,այլեւ հոգեկան աշխարհի բարձր յատկութիւնները՝անսահման բարութիւնը, զգացումներու քնքշութիւնը,լայն սիրտը,անխորտակ մարդասիրութիւնը, վեհանձնութիւնն ու ապրելու ժողովրդական ճաշակը: Հայրենի անմռունչ ու յաւերժական հողը տուաւ Բակունցին ե՛ւ իր մեծ ձիրքը,ե՛ւ իր հեքիաթը,ե՛ւ իր ոճը,ե՛ւ իր ճաշակը,ե՛ւ իր փիլիսոփայութիւնը,ե՛ւ իր լեզուի պողպատեայ փայլը:
Բակունցի պատմելաձեւին յատկանշական կողմը անոր յուզականութիւնն է: Իր պատմուածքներուն մէջ, ան միշտ ներկայ է ,եւ մեզի կը թուի թէ ան կը պատմէ իր կեանքին շատ մօտիկ մարդոց մասին:Նոյնիսկ քանի մը պատմուածքներ վերյուշի տպաւորութիւն կը թողուն:
Մեր նորագոյն արձակագրութեան մէջ Բակունց առանձնակի տեղ ունի: Պայծառ եւ հիւթեղ լեզուն, պատկերաւոր ոճը, պատմելու հետաքրքրական եղանակը, տիպարներ կերտելու եւ անոնց հոգեբանութիւնը հարազատօրէն տալու մեծ կարողութիւնը զինք կը դարձնեն նոր շրջանի հայ գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն մէկը:
Համադրեց Րաֆֆի Ճուրեան

13

ՄԹՆԱՁՈՐ
(հատուած)

Ստորեւ կը ներկայացնենք հատուած մը Բակունցի արձակէն առնուած «Մթնաձոր» պատմուածքներու հատորէն , ուր կը տեսնուի գրագէտին պատմելու ու ընթերցողը հետզհետէ զարգացող պատկերներուն կապելու տաղանդը : (Խմբ.)

Մթնաձոր տանող միակ արահետն առաջին ձիւնի հետ փակուում է.մինչեւ գարուն ոչ մի մարդ ոտք չի դնում անտառներում:Սակայն Մթնաձորում այժմ էլ թաւուտ անտառներ կան ,ուր ոչ ոք չի եղել:Ծառերն ընկնում են ,փտում,ընկած ծառերի տեղ նորն է ծլում,արջերը պար են խաղում,սուլում են չոբանի պէս,ոռնում են գայլերը, դունչը լուսնեակին մեկնած,վարազները ժանիքով փորում են սեւ հողը,աշունքուայ փտած կաղիններ ժողովում:
Մի ուրոյն աշխարհ է Մթնաձորը,քիչ է ասել կուսական ու վայրի:Թուում է,թէ այդ մոռացուած մի անկիւն է այն օրերից ,երբ դեռ մարդը չկար,եւ բրածոյ դինոզաւրը նոյնքան ազատ էր զգում իրեն , ինչպէս արջը մեր օրերում:

Բարձր են Մթնաձորի սարերը.դրանից է,որ ամրան երկար օրերին էլ արեւը մի քանի ժամ է լոյս տալիս Մթնաձորի անտառներին: Եւ երբ հեռաւոր հարթավայրում արեւը նոր է թեքուում դէպի արեւմուտք ,Մթնաձորում ստուերները թանձրանում են, սաղարթի տակ անթափանց խաւար է լինում,արջերը որսի են դուրս գալիս,վարազներն իջնում են ջուր խմելու,իր որջի առաջ զիլ ոռնում է գայլը,ոռնոցը հազարբերան արձագանգով զրնգում է Մթնաձորում:

Գիշեր է դառնում , եւ գիշերուայ հետ որսի են ելնում Մթնաձորի բնիկները: Արջերը տանձ են ուտում , իրար թաթով են տալիս , թաւալգլոր են լինում չոր տերեւների վրայ , դարան մտնում , հէնց որ զգում են վայրի խոզերի մօտենալը: Արջը գիտէ վարազի ժանիքի թափը, նախայարձակ չի լինում: Եթէ տկար մի խոզ ետ մնայ միւսներից, արջը թաթի մի հարուածով ճեղքում է փափուկ վիզը , մի երկու պատառ լափում , լէշը ծածկում չոր ցախով ու տերեւներով , քար դնում վրան , փնթփնթալով հեռանում , մինչեւ լէշը հոտի:
Վայրի վարազի պէս էր անտառապահ Պանինը: Մի հրէշ էր նա , անտառապետի տարազով , կակարդով գլխարկը գլխին: Անտառում յանկարծ կ՝երեւար , փայտահատի կողքին կը կանգնէր , կը նայէր , թէ ինչպէս նա արագ կացնահար է անում ծառը: Մէկ էլ , թաքստոցից դուրս կը գար , կը մռնչար այնպէս , որ արջերն էլ էին քնից զարթնում եւ որջերում մռռում: Լեղապատառ

14

փայտահատին մնում էր կա՛մ փախչել կա՛մ օձի պէս ծռմռատել Պանինի մտրակի հարուածների տակ:
Գիւղում Աւին լաւ որսորդի համբաւ ունէր:Տան ապրուստի մի մասը նա Մթնաձորի խորքերից էր հոգում: Բացուտներում միրհաւ էր որսում , արտերի մօտ կաքաւ ու լոր , թակարդ էր լարում աղուէսի համար , երբեմն էլ Մթնաձորի խորքերն էր գնում , ժամերով նստում քարի քամակին , մինչեւ վարազները ջրի գային:
Աւին նշանը ճիշդ էր բռնում, բերդանի գնդակը վարազի ճարպոտ կողքին մեծ վէրք էր բացում: Վարազը թաւալգլոր էր լինում , ցաւից ժանիքներով հողը փորում , արմատներ պոկում , յետոյ խռռոցով գետին ընկնում:
Եւ եթէ Պանինից երկիւղ չէր անում , կամ տեղեակ էր լինում , որ անտառապահը Մթնաձորում չի , չոր ցախերից էլ մի շալակ էր անում , ծածուկ մի տեղ պահում՝ գիշերով տուն տանելու համար:
Այդ օրն էլ նա որսի էր գնացել: Թարմ հետքեր կային ձիւնի վրայ : Աւին մի հետքով գնաց եւ հէնց որ բլրակի գլուխը բարձրացաւ , տեսաւ երկու աղուէս: Մինչեւ կրակելն աղուէսները փախան: Այդ Աւու համար վատ նշան էր , որսը յաջող չպիտի լինէր: Մի քիչ էլ ման եկաւ , պախրայի հետք տեսաւ , փնտռեց ու չգտաւ: Եւ որովհետեւ այդ օրը Պանինը անտառ չպիտի գար (նա լսել էր , որ անտառապահը հիւանդ է ), Աւին գերադաս համարեց մի շալակ ցախ տանել տուն:
Իրիկնադէմ էր արդէն , երբ Աւին շալակի ցախը դրեց քարին , նստեց մի կոճղի ՝ մի քիչ շունչ առնելու:
Որսի մի շուն երեւաց , հոտոտեց Աւուն , անցաւ : Աւու շունչը փորն ընկաւ : Երեւաց երկրորդ շունը , երրորդը , շների ետեւից էլ՝ Պանինը: Ասես գետնի տակից բուսաւ:
Մէկի դէմքը քաթան էր , միւսինը կարմիր ճակնդեղ: Պանինը թքոտեց , որպէս Մթնաձորի արջ: Եւ երբ բարձրացրեց կնուտը , Աւին էլ մէջքը ծռեց , գլուխը ձեռների մէջ առաւ : Աւուն թուաց , թէ Պանինի ձեռքը քարացաւ , կնուտը սառեց ձմրան իրիկնապահի ցուրտ օդում : Պանինը կնուտը ետ քաշեց , եւ երբ Աւին գլուխը բարձրացրեց, նրան թուաց , թէ Մթնաձորում մի սատանայ է քրքջում:

15

Երկընտրանքը տարօրինակ թուաց Աւուն: Կա՛մ քսան ռուբլի անտառից փայտ գողանալու համար , կա՛մ էլ Մթնաձորի մի արջ սպաննել: Եւ երբ Պանինը մի անգամ էլ կրկնեց իր առաջարկը , շրթունքները ետ տարաւ ու խուլ ծիծաղեց: Աւին տեղից վեր թռաւ, ցախը թողեց եւ եկած ճամբով ետ գնաց դէպի Մթնաձոր: Անտառի եւ ոչ մի արջ Պանինի տուգանքի գինը չունէր:
Աւին նայեց բերդանի պատրոններին , չուխայի փէշերը հաւաքեց գօտու տակ , փափախը պինդ կոխեց գլխին: Նա ձիւնի վրայով նոյնքան թեթեւ էր քայլում , ինչքան արջը չոր տերեւների վրայ:
Մի անգամ ետ նայեց Աւին անցած ճամբին. ոչ Պանինը երեւաց , ոչ էլ շները:Լուսնեակը մեծ ձիւնագնդի չափ լոյս էր տալիս , արտացոլում էր լուսնի լոյսը ձիւնի բիւրեղների մէջ: Աւին պարզ տեսնում էր ծառի բները , եկած ճամբան , ընկած հաստաբուն գերանները:
Իջաւ ձորը , լսեց թէ ինչպէս սառուցի տակ խոխոջում է ջուրը: Ջրի ձայնը յիշեցրեց եռման կաթսան , տունը , վառած օջախը: Տանը երեւի սպասում են արդէն:
Ետեւից ճիւղի կոտրուելու ձայն լսեց: Թուաց , թէ ձիւնի ծանրոցից մի ճիւղ ջարդուեց: Վեր բարձրանալիս Աւին զգաց , որ մէկը հետեւում է իրեն: Ետ նայեց , մի մարդաբոյ արջ էր կանգնել մի քիչ հեռու , ճիւղն ուսին , չոբանի մահակի պէս:
Աւին բերդանը մեկնեց , եւ երբ արջը թքոտելով դէն քցեց ուսի փայտը , չորքոտանի դարձաւ , բերդանը որոտաց , կրակոցի ձայնին ձորերն արձագանգ տուին , ծառի ճիւղերից ձիւն թափուեց : Արջը ոռնաց: Բերդանի ծուխի միջից Աւին տեսաւ , թէ ինչպէս արջը մի ոստիւն արեց , թաթերը բերդանի փողին մեկնեց:
Մթնաձորում սկսուեց անհաւասար մի կռիւ մարդու եւ գազանի մէջ: Արջը թաթովն էր տալիս , աշխատում գետնով տալ մարդուն: Աւին մի ձեռքով պաշտպանուում էր նրա հարուածներից , միւսով փորձում բերդանի փողը արջի երախի մէջ կոխել , կրակել մի անգամ էլ:
Ծառս էր լինում արջը ետեւի ոտների վրայ , ձիւն շաղ տալիս , ընկնում , բարձրանում : Յանկարծ արջը բերդանի փողը բերանն առաւ , սկսեց կրծոտել: Աւու ձեռքը սահեց բերդանի վրայով , մատը բնազդաբար սեղմեց կեռ երկաթին , բերդանը մի անգամ էլ որոտաց: Արջը որոտաց առաջուանից էլ պինդ , մէջքի վրայ ընկաւ , գլորուեց , որպէս կտրած գերան : Սառուցին որ հասաւ , կանգնեց ոտքի , փորձեց վեր բարձրանալ:

16

Աւին երրորդ անգամ կրակեց , բերդանի գնդակը խրուեց ձիւնի մէջ , վզզաց , ինչպէս շիկացած խոփը դարբնոցի ջրաքարում: Երրորդ կրակոցը նրա բերդանի վերջին ճիչն էր: Աւին մինչեւ վերջն էլ չիմացաւ, թէ ինչու չորրորդ փամփուշտը բերդանը ներս չառաւ:
Արջը ոռնոցով մի ոստիւն էլ արեց: Աւին մօտ զգաց վիրաւոր գազանի տաք շունչը , ծռուեց , եւ երբ արջը թաղուեց ձիւնի մէջ , Աւին ետ վազեց , ձիւնի մէջ ընկնելով , վեր բարձրանալով: Արջը հետեւում էր նրան: Աւին վազում էր , թռչում գերանների վրայով, ծառի ճղները ճանգռում էին դէմքը սուր մագիլների պէս , սայթաքում էր , նորից բարձրանում: Նրան այնպէս էր թւում , թէ Մթնաձորի բոլոր գազաններն են վազում իր ետեւից:
Ծառի մի ճիւղը փշերը խրեց փափախի մորթուն , փափախն ընկաւ: Հէնց այդ վայրկեանին նա մի ծանր հարուած զգաց մէջքին , բրդոտ մի թաթ ճանկերը խրեց ծոծրակի մորթու մէջ: Լսուեց մի կրակոց , բայց Աւին ոչինչ չզգաց:
Պանինը սատանայի պէս քրքջում էր , ոտքն արջի դիակի վրայ:
* *
Աւին հիմա էլ ողջ է:
Զարհուրանքով կարելի է նայել նրան,երբ փողոցի անցուդարձ անողներից պահուած, մի անկիւնում քաշուած,սրա-նրա համար տրեխ է գործում:
Աւու սովորական մարմնի վրայ գլխի տեղ մարդկային գանգ,ամբողջովին կլպուած , առանց մազի , առանց մորթու:Արջը թաթի մի հարուածով ծոծրակի փափուկ մսի մէջ է խրել սուր ճանկերը եւ վիրաւոր արջի ամբողջ զայրոյթով իրան քաշել գանգի մորթին,մորթու հետ էլ գլխի մազերը , ունքերը,աչքերը ու քիթը:Նրա գանկի վրայ ողջ են մնացել միայն ականջները:Նայում ես եւ չես կարողանում որոշել՝ծե՞ր է Աւին , թէ դեռ երիտասարդ, ո՞րտեղից է գալիս նրա ձայնը,գուցէ մարդ չէ,այլ խրտուիլակ,գուցէ չուխայի տակ կմախք է եւ ոչ միս ու մարմին:
Սակայն նրա ձեռքերին միս կայ եւ մաշկ,մատները վարժ շարժումներ են անում,եւ երբ Մթնաձորի անունն են տալիս,երեւում է, որ ատամներն աւելի է դուրս քցում , կոկորդից ընդհատ ձայներ է հանում:
Ու չգիտես ՝զայրանու՞մ է թէ ժպտում հին որսորդը....
Ակսել Բակունց , Ամբողջական Գործը 3 հատորով – Բ.Հատոր , 1956 , էջ11

17

«ՔԵՍԱՊՆ ՈՒ ՔԵՍԱՊՑԻՆԵՐԸ – ԹԻՒ 3 » ի հրատարակութեան առթիւ
Յուլիսի Բ. շաբաթը հրատարակուեցաւ «ՔԵՍԱՊՆ ՈՒ ՔԵՍԱՊՑԻՆԵՐԸ – ԹԻՒ 3 » գիրքը , հրամանաւ Գերշ. Տէր Շահան Եպիսկ. Սարգիսեանի , Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմին: Գիրքը ձօնուած է «Հայ Գիրքի Տարուան» : Ի դէպ , պէտք է շեշտել , որ հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող անկայուն կացութեան ՝ Քեսապի մէջ բազում ձեռնարկներ տեղի ունեցան նուիրուած «Հայ Գիրքի Տարուան» եւ Հայ Տպագրութեան 500 ամեակի յոբելեանին :
Հատորի հրատարակման նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Քեսապի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին : Խմբագրական կազմի անդամներն են. Արժ. Տէր Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեան ՝ գլխաւոր խմբագիր , Երէցկին Սպիտակ Քէյվանեան- Աւետիսեան ՝ գրաշարող, Տիկնայք Շողիկ Թրթռեան-Խտրեան եւ Սեդա Եագուպեան-Փօլատեան ՝ խորհրդականներ եւ Տիար Գուրգէն Ղազարեան՝ ձեւաւորումներու պատասխանատու: Էջադրում եւ ձեւաւորում՝ Օրդ. Մարիա Սարգիսեանի , կողքի ձեւաւորում՝ Օրդ Հիլտա Մարգարեանի : 208 էջնոց այս գիրքը լոյս տեսած է Ոսկետառ տպարանէն , Հալէպ: Կողքի առաջին էջի նկարներուն մէջ, գեղեցիկ մոնթաժով, տպուած են Քեսապի եւ շրջակայքի բոլոր առաքելական եկեղեցիներուն, մատուռներուն , ուխտատեղիներուն գունաւոր նկարները : Կողքի վերջին էջին վրայ տպուած է Գարատուրանի ծովեզրեայ բնութեան նկար մը , ուր լերան կանաչն ու ծովուն կապոյտը զիրար կը համբուրեն պայծառ երկնքի հովանիին ներքեւ , վկայութեամբ Միջերկրականի լազուրին մէջ թափուած արեւու ոսկեայ ճառագայթներուն:
Գիրքը կը բաղկանայ հետեւեալ բաժիններէն.
Էջ 10-13 Սրբազան հօր , Խմբագրական Կազմի եւ Թաղական Խորհուրդի խօսքեր:
Էջ 14 – 27 Տեղեկագրութիւն համայնքներու , դպրոցներու , միութեանց , Էմիրութիւններ եւ Լաթաքիա հաստատուած Քեսապցիներու մասին :
Էջ 28 – 37 Շինարարական աշխատանքներ եւ պատմական տեղեկութիւններ զանազան ազգային ու եկեղեցական կառոյցներու ինչպէս ՝Ցեղասպանութեան Յուշարձան , Գարատուրանի Ս. Աստուածածին Եկեղեցի , Ազգային Ուսումնասիրաց Ճեմարան , Ս. Գէորգ մատուռ :
Էջ 38 – 52 «Կրօնական Առաքելութիւն» ընդհանուր վերնագրին տակ կը գտնենք տեղեկագրութիւն եւ բացատրութիւններ քեսապցիներու հոգեւոր ծառայութեանց մասին Դպրեվանքի թէ գաղութներու մէջ , Հայ Աւետարանական եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներէն ներս , ինչպէս նաեւ հոգեւորական ընկերային հաւաքներ ու պտոյտներ , ուխտագնացութիւն :

18

Էջ 53 - 80 Միութենական ու Մշակութային կեանքը Քեսապի մէջ, գրական ստեղծագործութիւններ , ուսումնասիրութիւններ :
Էջ 81 – 92 Շնորհաւորագիր , նմուշներ ծնունդներու , դպրոցական յաջողութեանց ու վկայականաց տուուչութեանց եւ ամուսնութիւններու:
Էջ 93 – 114 Մահագրութիւններ եւ դամբանականներ :
Գիրքին երկրորդ մասին առիւծի բաժինը , էջ 115 – 179,հասցէարանն է Քեսապի մէջ գործող ազգային եւ հոգեւոր հաստատութեանց , անոնց հեռաձայնի թիւերով , ապա ՝ Քեսապ , Լաթաքիա , Հալէպ , Դամասկոս , Թարթուս, Հոմս , Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ , Պէյրութ, Այնճար բնակող քեսապցիներու բնակավայրերուն եւ հեռաձայնի թիւերուն : Ի բացառեալ Էմիրութիւններ հաստատուած քեսապցիներու անուններէն շատ քիչ է թիւը այն անուններուն , որոնց դիմաց դրուած ըլլան Ե-նամակներու (Իմէյլ) հասցէները : Կը խնդրուի որ թիւ 4ի խմբագրական կազմը նկատի ունենայ այս մատնանշումը եւ յետագայ հրատարակութեանց համար զայն ընդունի իբր լուրջ առաջարկ : Միւս կողմէն, չսպասելու համար նուազագոյնը տարի մը , կարելի է նկատի ունենալ հետեւեալ գործնական առաջարկը ուղղուած թիւ 3ի խմբագրական կազմին, որն է յաւելուած մը պատրաստել Ե-նամակներու հասցէներու եւ անմիջապէս զայն ցրուել տպագրուած եւ ելեկտրոնային միջոցներով : «Կասիոս Լրատու»ի տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր քեսապցի անհատներու թէ ընտանիքներու Ե-հասցէները կարելի է դնել Խմբագրական կազմի տրամադրութեան տակ:
Էջ 180 – 202 ի մէջ տեղ գտած են գովազդներ զանազան արդիւնաբերական , վաճառականական եւ ծառայութեանց հաստատութիւններու :
Էջ 203ը եւ 204ը յատկացուած են նուիրատուներու ցանկին : Թէեւ մանրամասնութիւն մըն է , սակայն պատմութեան համար Ճիշդ վերաբերում է խմբագրական կազմի անուանացանկին կցելը Կազմի գունաւոր խմբանկարը : Այս կը տեսնենք էջ 205ի մէջ:
Էջ 206 – 208 տրամադրուած է գիրքին բովանդակութեան :
Ընդհանուր ճշմարտութիւն է , որ մարդ արարածը ինչ գործ որ կատարէ չի կրնար զայն կատարելութեան հասցնել , որովհետեւ մարդն ի՛նք կատարեալ չէ : Նմանապէս , կարելի չէ գոհացնել ամէն ոք , որովհետեւ ամէն անհատ իր հայեցակէտը , ճաշակն ու դիտանկիւնը ունի : Եւ վերջապէս , մարդկութիւնը անընդհատ զարգացման մէջ չէր ըլլար եթէ առաջին օրէն անոր ըրած գործերը կատարելութեա՛ն հասած ըլլային: «Քեսապն ու Քեսապցիները – թիւ 3» ը բացառութիւն չի կազմեր մարդու իրագործութեանց մէջ : Երբ կարգ մը թերութիւններ փորձեցի խմբագրական կազմի կարգ մը անդամներուն ուշադրութեան յանձնել , անոնք զիս կանխեցին եւ համարեա բոլոր ըսելիքներս իրե՛նք ինծի ըսին : Սխալ ընդունիլը , սխալ սրբագրելը մեծ առաքինութիւն է :

19

Սխալ մատնանշելն ալ այլ առաքինութիւն մըն է , պայմանաւ որ մատնանշման նպատակը ըլլայ օգտակար հանդիսանալ , այնտեղ չըլլան չարամտութիւն ու յետին մտքեր : Արդ , հակառակ սպրդած թերութեանց այս հատորը ինծի համար մեծ իրագործում է : Մեծ , որովհետեւ այս գիրքի առաջին բաժինով կարելի է աշխարհի հայութեան ծանօթացնել Քեսապը ինչպէս նաեւ քեսապցին ՝ իր տաղանդներով , ապրելաձեւով եւ իրագործումներով: Կ'իմանանք, որ միա՛յն Քեսապի մէջ ցարդ կարելի եղած է վաճառել մօտաւորապէս 300 օրինակ: Խրախուսիչ թիւ է այս , որովհետեւ այս կը նշանակէ թէ համարեա իւրաքանչիւր քեսապաբնակ քեսապցիի տուն այս գիրքը մտած է եւ գործածութեան մէջ է արդէն . սակայն քեսապցիքս պէտք չէ գոհանանք մէկ գիրքով : Այս գիրքը Նոր տարուան , Ս. Ծննդեան , տարեդարձի եւ այլեւայլ առիթներուն լաւագոյն նուէրը կրնայ հանդիսանալ մեր հեռաւոր ազգականին , բարեկամին , ընկերոջ , ան ըլլայ քեսապցի կամ ոչ : Մեր ո՞ր հարազատը Լոս Անճելըսի , Տուպայի , Մոնթրէալի , Սիտնիի կամ Դամասկոսի մէջ պիտի չուրախանայ ու չգնահատէ այսպիսի անմոռանալի նուէր :
Ի սրտէ կը գնահատեմ տարուած աշխատանքը եւ կը խնդրեմ Թաղական Խորհուրդէն , որ թիւ 4 ի հրատարակութիւնը կատարէ Դեկտեմբեր 2013ին , եւ այդ թուականէն ետք հրատարակութիւնը շարունակուի տարեկան կանոնաւոր հերթականութեամբ : Միւս կողմէն , պիտի առաջարկէի որ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած բոլոր ծնունդները , ամուսնութիւնները , մկրտութիւնները , մահագրութիւնները արձանագրուէին խմբագրական կազմին կողմէ օգտագործելով պատկան մարմիններու եւ պետական տոմարները : Պատմութեան համար ճիշդ պիտի ըլլար նաեւ արձանագրել տխուր եւ ուրախ դէպքերը ու հրատարակել յաջորդական տարեգիրքերուն մէջ : Ա՛յս՝ Քեսապի նոր պատմութիւնը գրողներուն արխիւային նիւթ է , այս ՝ պատմութիւն գրել է :
Նշան Պասմաճեան

ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ
(Թուականներ հայ տպագրութեան պատմութեան մասին)

1512.-Առաջին հայ տպագրիչը եղած է Մեղապարտ Յակոբ (տես՝մանրամասնութիւնը Լրատու թիւ 1ին մէջ), որ Վենետիկի մէջ հրատարակած է առաջին հայերէն գիրքը՝Ուրբաթագիրքը:

1537.-Ֆրանսայի մէջ առաջին հայատառ տպագրութիւնը կը կատարէ Փոստէ՝Ֆրանսացի լեզուագէտը, որ տասնըմէկ օտար լեզուներու շարքին կը հրատարակէ նաեւ հայերէն այբուբենը:

20

1567.-Աբգար Դպիր Պոլսոյ մէջ կը բանայ Թուրքիոյ առաջին հայ տպարանը,ուր կը տպագրէ քերականութեան գիրք մը եւ այլ երեք գիրքեր:

1616.-Յովհաննէս Երէց Քարմատանենց կը բանայ առաջին հայ տպարանը Լվովի մէջ(Լեհաստան) եւ կը հրատարակէ Սաղմոսարանը եւ բժշկական գիրքեր:

1640.-Նոր Ջուղայի Ամենափրկիչ վանքին մէջ Խաչատուր Կեսարացի վարդապետին ջանքերով կը հաստատուի Պարսկաստանի առաջին հայ տպարանը.ան 1641ին կը հրատարակէ« Վարք Հարանցը»: Այս տպագրատան մէջ հրատարակուած առաջին գիրքը«Սաղմոսարանն» է,որը լոյս տեսած է 1638 թուականին՝ Խաչատուր Կեսարացիի ջանքերով:
«Աստուածաշունչը» առաջին անգամ հայերէնով տպագրուած է 1666-1668 թուականներուն՝ Ամսթերտամի մէջ՝ տպագրիչներ Ոսկան Երեւանցիի եւ Մատթէոս Ծարեցիի ջանքերով:
Հայաստանի մէջ առաջին տպագրատունը հիմնուած է 1771-ին ,Վաղարշապատի մէջ: Հայաստանի մէջ տպագրուած առաջին գիրքը եղած է«Զբօսարան Հոգեւոր»ը , որը հրատարակուած է Սիմէոն Ա. Երեւանցիի օժանդակութեամբ: Երեւանի մէջ առաջին տպագրատունը հիմնուած է 1876-ին: Իսկ Երեւանի մէջ տպուած առաջին գիրքն է Ե.Տէր Գրիգորեանի «Թռչնիկ» ժողվածուն:

1772.-Մատրասի մէջ (Հնդկաստան)առաջին հայ տպարանը կը բանայ Շահամիրեան Սուլթան հնդկահայը,որ առաջին անգամ կը հրատարակէ հայերէն այբբենարան մը:

1781.-Ռուսաստանի Ս.Փեթերսպուրկ քաղաքին մէջ առաջին հայ տպարանը կը բանայ Գրիգոր Խալդարեանց, որ կը հրատարակէ Ժամագիրք մը:

1865.-Գահիրէի մէջ՝ Եգիպտոս առաջին հայ տպարնը կը հաստատէ Աբրահամ Մուրատեան եւ առաջին առթիւ կը սկսի հրատարակել «Արմաւենի» երկշաբաթաթերթը:

1877.-Ռումանիոյ առաջին հայ տպարանը բացուած է Ֆոքշանի մէջ «Հայաստանեաց Ընկերութիւն» անունով:

1885.-Պուլկարիոյ առաջին հայ տպարանը կը բացուի Վառնայի մէջ,ռումանահայ Եռանեսքուի կողմէ,որուն նպատակն էր լատինական գիրերով տարածել հայ լեզուն,սակայն ընդունելութիւն չի գտներ եւ տպարանը կը նուիրէ տեղւոյն հայ երիտասարդներուն,որոնք կը սկսին հրատարակել «Իրաւունք» շաբաթաթերթը:

1891.-Զուիցերիոյ առաջին հայ տպարանը բացուած է Ժընեւի մէջ Հ.Յ.Դաշնակցութեան կողմէ,որ առաջին առթիւ կը սկսի հրատարակել «Դրօշակ»ամսաթերթը:


1894.-Յունաստանի առաջին հայկական տպարանը հիմնուած էԱթէնքի մէջ , Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ, որ առաջին առթիւ սկսած է հրատարակել «Ապտակ» երգիծաթերթը:
Ներկայիս հայկական տպարաններ կը գործեն աշխարհի 22 երկիրներու մէջ:

21

Գաբրիէլ Ինճէճիկեան – Անխոնջ Հայ ուսուցիչը

«Երբ չի մնում ելք ու ճար , խենթերն են գտնում հնար» : Այս յօդուածով Անի Չիւրիւքեան-Աբէլեան կը ներկայացնէ Ամերիկահայ գաղութի կրթական պատմութեան մէջ յեղաշրջում յառաջացուցած քեսապցի «խենթ»ուն՝ Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի մասին վկայութիւն մը Տոքթ. Հրանդ Աճեմեանի կողմէ : ( Խմբ.)

2011-ին Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսաւ Դոկտ. Հրանդ Աճեմեանի «Ակնարկ Ամերիկահայ Վարժարաններու Պատմութեան» գիրքը մեկենասութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան » հիմնարկութեան:
Սոյն աշխատութեան առաջին բաժնին մէջ ներկայացուած է Ամերիկահայ ամէնօրեայ 23 վարժարաններու հիմնադրութեան զարգացման եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին արձանագրած յաջողութիւններուն պատմութիւնը:
Աշխատութեան երկրորդ՝ «Քննարկումներ» բաժնին մէջ հեղինակը անդրադարձած է բազմաթիւ հարցերու , որոնք հայկական վարժարաններու հիմնադրութենէն կէս դար ետք ի յայտ եկած են: Քննարկումի նիւթ դարձած է այն՝ թէ հայկական վարժարանները ո ՞րքանով արդարացուցած են իրենց գոյութիւնը, իւրաքանչիւր դպրոց ո՞րքանով իրագործած է վաղուան ղեկավարներ պատրաստելու իր յանձնառութիւնը, ին՞չ է Հայկական դպրոցներու մէջ հայերէնախօսութեան համեմատութիւնը եւ ո՞րքանով կը պահպանուի տոհմիկ դիմագիծը :
Այս շրջագիծին մէջ հեղինակը անդրադարձած է հայկական վարժարաններու տնօրէններու մտորումներուն , կարծիքներուն, որոնք կը վերաբերին դպրոցներու առաքելութեան յետագայ հանգրուանին, անոր այժմէականութեան, ի հարկին վերասահմանումին եւ առաւել արդիւնաւորման համար կատարուած առաջարկներուն :
Նախ քան բուն նիւթին անցնիլը Դոկտ. Հրանդ Աճեմեան կը կատարէ Ամերիկահայ առաջին վարժարանի հիմնադրութեան պատմականը,ուր ան կը դրուատէ տեսիլք ունեցող մարդը՝ Պրն.Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը:
Պրն.Ինճէճիկեանի կենսագրութիւնը ներկայացնելէն ետք ,ան կ'անդրադառնայ անոր տեսիլքին թէ՝«Ամերիկահայ սերունդը ձուլման վտանգէն հեռու պահելու

22

համար կենսականօրէն անհրաժեշտ էր հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու հիմնադրութիւնը Ամերիկայի տարածքին»:Ապա կը ներկայացնէ Ինճէճիկեանի անխոնջ աշխատանքը ,անկարելին կարելի դարձնող կամքը եւ եւ նախաձեռնութեան ոգին:
Գաբրիէլ Ինճէճիկեան 1955-ին սեղանի վրայ կը դնէ Ամերիկայի մէջ հայկական վարժարան բանալու հարցը եւ առանց յուսահատելու կը հետապնդէ զայն:
Հանդիպումի մը ընթացքին Սիմոն Վրացեան ըսած է.-«Այս գործը խենթերու գործն է ,եւ այդ խենթերէն մէկն է Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը»:
Գարեգին Եպիսկ.Սարգիսեան ( յետագային Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ , ապա՝ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց) նոյն հանդիպումին ընթացքին ըսած է.-«Այս գործը հաւատքի մը ծնունդն է : Մասնակից եմ տեղի ունեցող բոլոր խանդավառութիւններուն:Հայ դպրոցը պէտք է գոյութիւն ունենայ Հայ Եկեղեցւոյ գմբեթներուն տակ, որովհետեւ այդ երկուքը անքակտելի ներդաշնակութիւններ են »:
Դոկտ. Աճեմեան կ'եզրակացնէ ըսելով.-«Քեսապցի երիտասարդ մը-այդ օրերուն զինք կը կոչէին«սրբազան խենթ»-,յանձին Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի ,որ ճերմակ ջարդին դէմ պատերազմ հռչակելով հրապարակ կ'իջնէ յաղթահարելով ամէն դժուարութիւն՝ 1964 Սեպտեմբեր 14-ին , կը բանայ Ամերիկահայ առաջին վարժարանին դռները »:
Տեղին է յիշել թէ նոյն մականունը կրող այլ Քեսապցի երիտասարդ մը ՝ Յովսէփ Ինճէճիկեան , որ վարած է տնօրէնութեան պաշտօն Ամերիկահայ երկու վարժարաններու մէջ ,2004-2005 ուսումնական տարեշրջանին՝ Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան Հայ Աւետարանական վարժարանին եւ 1990-2004 տարեշրջաններուն ՝ Փասատինայի Ալֆրէտ եւ Մարկրիթ Յովսէփեան վարժարանին:
Դոկտ.Աճեմեան գիրքին սկիզբը գովաբանած է Պրն. Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի տեսիլքն ու աշխատանքը եւ գիրքին վերջաբանին մէջ՝ անոր նախաձեռնողի կարողութիւնն ու ոգին:Հեղինակը այսպէս կը վկայէ Ինճէճիկեանի մասին. «Արդարեւ ,Գաբրիէլ Ինճէճիկեան 1964-ին կը հիմնէ Ամերիկահայ ամէնօրեայ առաջին՝ Ֆէրահեան վարժարանը Էնսինոյի մէջ եւ 25 տարի անոր տնօրէնութիւնը վարելէ ետք հանգստեան կը կոչուի: Սակայն Հայ դպրոցի նախախնամական դերին նկատմամբ պաշտամունք տածող այս հայորդիին հոգին կը խռովէր ի տես այն իրողութեան,որ 1986-էն ետք ո՛չ մէկ հայկական ամէնօրեայ վարժարան բացուած էր Ամերիկայի տարածքին: Ուստի,կ'որոշէր երկրորդ անգամ նետուիլ արկածախնդրութեան գիրկը եւ բանալ Հայկական Պայմանագրեալ(charter) վարժարան մը Լոս Անճելըսի մէջ : Ինչպէս անցեալին, այս անգամ եւս Գաբրիէլ Ինճէճիկեան առիթէ առիթ կը դիմէ Հայկական գաղութի ղեկավար դէմքերուն եւ մարմիններուն, իր նպատակի

23

իրագործման համար:Իր դիմումները կը մնան անարձագանգ: Սակայն, Քեսապցի այս Հայը ընկրկիլ չէր գիտեր:
Դպրոցը կը բացուի 2010-ի Օգոստոս 31-ին:Պայմանագրեալ վարժարանը ձրի է, պետութիւնը կը հոգայ ծախսերը, ստիպուած է ընդունիլ ոեւէ դիմող աշակերտ,պայմանաւ որ տեղ ունենայ: Դպրոցին նպատակն է իւրաքանչիւր աշակերտի, Հայ թէ օտար, սորվեցնել Հայերէն, Հայոց պատմութիւն եւ Հայ մշակոյթ:» Դոկտ. Աճեմեան այս աշխատութեան աւարտին կ'ուզէ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնել այն հարիւրաւոր հայ ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն, որոնք անձնուրաց կերպով նուիրուած են հասնող սերունդներու դաստիարակութեան: Ան կ'առաջարկէ «տնտեսական աւելի տանելի պայմաններ ստեղծել անոնց համար , որպէսզի անոնք ամբողջական յանձնառութեամբ ո՛չ միայն շարունակեն իրենց առաքելութիւնը,այլեւ օրինակ դառնան եւ խթանեն երիտասարդները՝ իրենց կարգին նետուելու ուսուցչական ասպարէզ եւ մանաւանդ դառնալու Հայերէն դասաւանդող եւ Հայեցի Դաստիարակութիւն ջամբող առաքեալներ, որոնց այնքան պէտք ունի մեր ժողովուրդը » :
Անի Չիւրիւքեան – Աբէլեան
Հայերէն ճիշդ Գրենք ու Խօսինք

Ի՞նչ է տարբերութիւնը
ԱՄԷՆ-ԲՈԼՈՐ
Ամէն , կը վերաբերի եզակի անուններու:
Ամէն տուն-ոչ՝ամէն տուները:Ամէն մարդ-ոչ՝ամէն մարդերը:
Բոլոր, կը վերաբերի յոգնակի անուններու:
Բոլոր ծառերը-ոչ՝ամէն ծառերը:Բոլոր տուներէն-ոչ՝ամէն տուներէն:

ԱՄԷՆ-ԱՄԲՈՂՋ
Ամէն կը նշանակէ ամէն մէկը,իւրաքանչիւրը.-
Ամէն մարդ իր կարծիքը թող արտայայտէ(իւրաքանչիւր մարդ):
Ամէն սիրտ իր գաղտնիքը ունի(իւրաքանչիւր սիրտ):
Ամբողջ կը նշանակէ բանի մը ամբողջութիւնը, լման ըլլալու հանգամանքը.-
Պայքարը լարեց ամբողջ ազգը(ամբողջութիւնը):
Ամբողջ սրտով սիրեց զինք(լման սրտով):
24
ԽԱՉԲԱՌ ԹԻՒ 003                                               Պատրաստեց՝ Րաֆֆի Ճուրեան


ՀՈՐԻԶՈՆԱԿԱՆ
1-Հայ աշխարհահռչակ մեծանուն հոգեւորական:  2-Առանց ձայնաւորի՝նիզակ,առաւօտեան ցօղ :  3-Պարսկաստան,հակ.ճաշերու համ տուող,լեցուն:  4-Կարթ,հակ.նիւթ:5-Տարի,մայրիներու երկիր:   6-Հակ՝չխորտակուող:  7-Գոյն,բաղաձայններ:  8-Բիծ,հակ.շեմ:  9-Շաղկապ մը,կրկնուած ձայնաւոր մը:  10-Ուժեղ,հակ.թուր:

ՈՒՂՂԱՀԱՅԵԱՑ
1-Հայաստանի մայրաքաղաքներէն,կուսակրօն քահանայ:2-Թռչուններու խումբ:
3-Կարող,արեւելահայերէնով՝դերանուն մը,իւղ:4-Մենակեաց ապրիլ,սեւ ոսկի:5-Վարունգանման պտուղ(հաճէօր):6-Սեղմ,թռչուն մը,յանձնեն:7-Նուագ:8-Այբուբենի առաջին երկու ձայնաւորները,չերեւցող:9-Արեւելահայ մեծ գրագէտ: 10 Մէկ, արեւելահայերէնով՝ան , արեւելահայերէնով՝ցուցական ածական մը:

Խաչբառ թիւ 2-ի լուծում
Հորիզոնական
1-Օհանջանեան:2- Աղաւնի: 3-Ելակ,սագ:4-Կոր,այո:5-Լող,եղնիկ:6-Սոնա,աջ,տօ:7-Երեւան:
8-Դար,պատ:9-Նպար:10-Լի,էրիկ,էշ:
Ուղղահայեաց
1-Օթեկ,սերիլ:2-Լողորդ:3-Ահարոնեան:4-Լաւ,պէ:5-Աջ,աւար:6-Աղայեան:7-Նա,ողջ:8-Եւս,ախ:
9-Անահիտ,Տրէ:10-Նիգ,կօշ: